Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ը Շուշիի Մէջ Կ՛օժտուի Կեդրոնով Մը

Ի յիշատակ իրենց հօր` Յակոբ ժամկոչեանի, Նիւեորքաբնակ տէր եւ տիկին Նուպար եւ Մելինէ Գարագաշեաններ Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ին նուիրեցին Շուշիի մէջ առանձնատուն մը, որ այսուհետեւ պիտի վերանորոգուի եւ իբրեւ կեդրոն պիտի ծառայէ ֆոնտի զանազան աշխատանքներուն:
Կեդրոնը կը գտնուի Շուշիի բարձրադիր Ամիրեան թաղամասին մէջ, Ս. Ղազանչեցոց եկեղեցիէն ոչ շատ հեռու:
Յակոբ Ժամկոչեան եղած է Պէյրութի ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ընկերներէն եւ հեղինակն է յուշագրական «Յիշատակ մնացողաց» գիրքին:
Կալուածի պաշտօնական արձանագրութեան ծախսերը եւ պետական տուրքերուն վճարումը, ստանձնեց լիբանանահայ գործարար Վահան Գասարճեան:
Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ը շնորհակալութիւն կը յայտնէ տէր եւ տիկին Նուպար եւ Մելինէ Գարագաշեաններուն, ինչպէս նաեւ Վահան Գասարճեանին` իրենց ազնիւ նուիրատուութեան համար:
«ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ» ԼԻԲԱՆԱՆ
http://www.aztagdaily.com/