Մինաս Գոճայեանի «Մորմոքող Անցեալի Արահետներով. Ուխտագնացութիւն Դէպի Պատմական Հայաստան» Գիրքին Շնորհահանդէսը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/minas-300x225.jpg)
Կազմակերպութեամբ «Կամար» պարբերաթերթի խմբագրակազմին, երէկ` հինգշաբթի, 16 յունուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ մանկավարժ, հրապարակագիր, կրթական մշակ Մինաս Գոճայեանի նորագոյն գործերէն` «Մորմոքող անցեալի արահետներով. Ուխտագնացութիւն դէպի պատմական Հայաստան» խորագրեալ գիրքին շնորհահանդէս-գինեձօնը` ներկայութեամբ կրթական մշակներու, մտաւորական դէմքերու, հոգեւոր հայրերու եւ գրասէր ազգայիններու հոծ բազմութեան:
«Կամար»-ի խմբագրապետ Ժիրայր Դանիէլեան բացումը կատարեց ձեռնարկին` ողջունելով ներկաները ու յատկապէս` Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան առաջին քարտուղար Վարդան Ադամեանը, որուն նախաձեռնած ճիգերուն շնորհիւ լիբանանահայ գաղութը կ՛ապրի մշակութային պահեր: Ապա ան ներկայացուց օրուան հեղինակը` Մինաս Գոճայեանը, անդրադառնալով անոր անցեալի գործունէութեան, իրագործումներուն եւ դերակատարութեան: Դանիէլեան թուեց Գոճայեանի նկարագրային յատկանիշները` շեշտելով անոր մէջ յանձնառու մտաւորականը: «Մինասը չցնցուեցաւ համաշխարհայնացումի հովերէն, եղաւ այն յանձնառու մտաւորականը, որ հաստատ մնաց իր տեսակէտներուն վրայ, մնաց պատնէշի վրայ, հակառակ իր դէմ ցցուած դժուարութիւններուն», ընդգծեց Դանիէլեան` խօսքը փոխանցելով «Կամար»-ի խմբագրակազմի անդամներէն Արամ Սեփեթճեանին: Իր կարգին, Սեփեթճեան բարձր գնահատեց Մինասեանի գրական ու մտաւորական արժանիքները` շեշտելով անոր դրական ներդրումը այդ մարզերուն մէջ:
Ապա խօսք առաւ Մինաս Գոճայեան, որ շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ անդրադարձաւ իր այցելած Արեւմտահայաստանի թէ Կիլիկիոյ գրաւեալ հողերուն: Սահիկներու օգնութեամբ Գոճայեան ներկայացուց այդ շրջաններու, անոնց բնակչութեան այժմու իրավիճակը, տրամադրութիւնները այցելող հայ հիւրերուն նկատմամբ եւ այլն: «Ինչո՞ւ այս գիրքը գրեցի», հարց տուաւ հեղինակը եւ ըսաւ. «Գացի իմ արմատներուս ծնունդ տուած հայրերուս հողը տեսնելու, գացի աւելի լա՛ւ ճանչնալու այն մարդը, որ այսօր կը բնակի իմ պապերուս հողին վրայ, զոր մենք կը կոչենք Արեւմտեան Հայաստան եւ Կիլիկիա»: 2005-ին «Չորք Մարզպանի յուշամատեան պատմագիրքը» հրատարակելէ ետք ան ներքին մղումով մը այցելած է իր պապենական բնօրրանը եւ իր ապրումները հրատարակած այս գիրքով: «Այս գիրքով կ՛ուզեմ իմ ներդրումս կատարել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով», աւելցուց Գոճայեան: «Այսպէս կոչուած այսօրուան Թուրքիոյ մէջ թուրքերը փոքրամասնութիւն են եւ բազմաթիւ թուրքեր, քիւրտեր, թաքուն հայեր ծագումով հայ են, բայց բան չեն գիտեր իրենց անցեալի մասին», ընդգծեց ան: Աւարտին, հեղինակին, հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի եւ ներկայ կարգ մը բարեկամ հիւրերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ գիրքին գինեձօնը:
www.aztagdaily.com