Թրքական ժխտողականութււնը ֆրանսիական հողին վրայ, կամ «Երանի՜ անոր, որ Թուրք եմ» կը՚սե

Այս օրերուն, երբ Տիէօտոնէի ցեղապաշտութեան ենթախորքով գայթակղութիւնը կ՚ալեկոծէ համայն Ֆրանսան, անդին անձայն-անշշուք կը կրկնապատկուին ու կը բազմանան Թուրքերու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումի արտայայտութիւնները Ֆրանսայի հողին վրայ իսկ:
Վերջին օրինակը կը վերաբերի «ծագումով թուրք ֆրանսացի» 14ամեայ պատանիի մը, որ կը բնակի Օռնի նահանգի Էկլը քաղաքին մէջ: Ան տեղւոյն դպրոցին 3րդ դասարանի աշակերտ է: Ուսումնական ծրագրի Պատմութեան-Աշխարհագրութեան դասագիրքերուն մէջ կայ Հայոց Ցեղասպանութեան անդրադարձ մը, Ա. Աշխարհամարտի նախամուտի ծաւալուն ջարդերու շրջանակէն ներս:
Ուրեմն, «ծագումով թուրք ֆրանսացի» Մէհմէտը Ամանորեան դպրոցական արձակուրդներուն առթիւ որպէս տնային պարտականութիւն ունէր այդ մասէն սերտողութիւններ: Սակայն, դպրոցին վերաբացումին, իրմէ պահանջուած պարտականութեան փոխարէն, ան յանձնած է հետեւեալ տողերը.
«Հայոց Ցեղասպանութիւն գոյութիւն չունի: Հայերը ստեղծած են զայն: Թուրքերը մարդասպաններ չեն: Հայերը ուզեցին մեզ դաւաճանել եւ ունեցան արժանի պատասխանը»: Եւ իր տողերը աւարտած է «տիպար Թուրք»ի անշրջանցելի աթաթիւրքեան սա կարգախօսով. «Երանի՜ անոր, որ Թուրք եմ կ՚ըսէ»:
Ֆրանսացի Մէհմէտ իր քաջագործութիւնները «Թուիթըր»ի վրայ ալ զետեղելէ եւ «Ես չեմ դաւաճաներ հայրենիքիս» լրացումը կատարելէ կարճ ժամանակ ետք ջնջած է զանոնք:
***
ԽՄԲ.- Ինչպէս սկիզբը յիշեցուցինք, դէպքը կը պատահի այնպիսի պահու մը, երբ Տիէօտոնէ կոչեցեալ մը ամբողջ Ֆրանսայի ուշադրութիւնը լարած է իր վրայ, ներառեալ LICRA-ինը (Ցեղապաշտութեան եւ հակասեմականութեան դէմ միջազգային լիկա) եւ MRAP-ինը (Ցեղապաշտութեան դէմ եւ ազգերու բարեկամութեան համար շարժում): Բայց երբ հարցը վերաբերի Մէհմէտի եւ իր նմաններուն արտայայտութիւններուն, այս վերջիններուն կողմէ՝ ձայն բարբառոյ յանապատի: Սակայն մեղաւորը իսկապէ՞ս իրենք են: Անկասկած՝ ո´չ: Արդարեւ, այս եւ նման կազմակերպութիւններ առաւելաբար բարձրախօսի դեր մը ստանձնած են, իրենց առաքելութիւնն է բողոքի ձայն բարձրացնել ցեղապաշտութեան եւ աւելի յաճախ՝ հակասեմականութեան երեւոյթներու դէմ, զանոնք դատապարտել: Այլ խօսքով, հետեւողական աշխատանք անհրաժեշտ է լուռ չանցնելու համար անընդունելի պատահարներու վրայէն եւ ինչո՞ւ չէ, ի պահանջել հարկին՝ նաեւ խարազանումի աշխատանք մը: Ֆրանսայի հրեայ համայնքը սքանչելի կերպով գլուխ կը հանէ այդ գործը: Իսկ մե՞նք: Ի՞նչ կ՚ընենք ասկէ աւելին ակնկալելու համար:
«Նոր Յառաջ»