Հարցազրոյց. Վռամշապուհ Քիպարեանի հետ պատմական արժէք ներկայացնող «Նկարագրական ուղեւորութււն ի հայաբնակ Գաւառս արեւելեան Տաճկաստանի» գիրքին հրատարակութեան առիթով

Ի՞նչ էր Մանուէլ Միրախորեանի գիրքին թարգմանութեան բուն դրդապատճառը։

Շատ ժամանակ առաջ վաճառական մը կար որ Հայաստանէն եւ Վրաստանէն տասնեակներով գիրքեր կը բերէր եւ կը յանձնէր Սամուէլեանի գրախանութը։ Օր մըն ես այնտեղէն անցայ եւ Պրն. Սամուէլեան առաջարկեց այդ հատորներուն աչք մը նետել, որոնց կարգին էր Մանուէլ Միրախորեանի հատորը։ Երբ աչքէ անցուցի հետզհետէ անդրադարձայ անոր կարեւորութեան, նկատի ունենալով որ հրատարակուած էր Ապտիւլ Համիտեան ջարդերէն առաջ եւ հոն թաքնուած էին շատ մը իրականութիւններ, օրինակի համար հեղինակը կը գրէր այսինչ կամ այնինչ շրջանին գոյութիւն ունեցող խաչքարերու մասին, սակայն բուն նպատակը Արեւմտեան Հայաստանի (Վան, Մուշ, Կարին, Բաղէշ, Պիթլիս, Վայոց Ձոր, եւայլն) հայութեան ներկայութեան մասին տեղեկատւութիւն փոխանցելն էր, որոնց առընչութեամբ այդ օրերուն տիրող կացութեան հետեւանքով կարելի չէր բացէ ի բաց արտայայտուիլ։ Միրախորեան կ՚ակնարկէ թէ այդ շրջաններուն մէջ աւելի ուշ մեծ մասամբ Քիւրտեր բնակութիւն հաստատած էին։ Հեղինակը կը խօսի գիւղական դպրոցներու, կղերականութեան՝ ի մասնաւորի Խրիմեան Հայրիկի մասին, կը պատմէ Կարինի «Սանասարեան» կրթօճախի փառունակութեան, ամերիկեան եւ բողոքական քարոզիչներու առաքելութեանց շուրջ։

Պոլսէն շատ տեղեկութիւններ չի հաղորդեր։ Սակայն Վանայ լիճի շրջակայքի, Ախթամար կղզիին շուրջ հարուստ տեղեկատւութիւն կայ։ Յայտնեմ, թէ այս աշխատանքը գլուխ բերելու համար ուսումնասիրած եմ նաեւ 1912ին Երեւան հրատարակուած Յովհաննէս Տէր Մարտիրոսեանի (Ադօ) «Վան, Պիթլիս, Էրզրումի վիլայէթները» վերնագրով վիճակագրական հատորը, անկէ քաղելով յստակ մանրամասնութիւններ։

Մանուէլ Միրախորեանի կենսագրական տեղեկութիւնները բացայայտուա՞ծ են։

– Դըժ-բախտաբար շատ կցկտուր տեղեկութիւններ ունինք իր մասին։ Գիտենք թէ եղած է հայերէնի ուսուցիչ, լեզուաբան եւ մանկավարժ։ Ան ծնած է Վան՝ 1856ին. եղած է Խրիմեան Հայրիկի աշակերտը եւ մահացած է Ռումանիա՝ 1934ին։ Միրախորեան՝ Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարքին կողմէ գործուղուած է Պոլիս՝ ցուցակագրելու եւ ուսումնասիրելու գաւառներու կացութիւնը – իրմէ առաջ ո՛չ մէկը յաջողած էր – սակայն այն ատենուան սուր գրաքննութեան պատճառով որոշ դէպքերու կամ իրադարձութիւններու մասին մանրամասն բացատրութիւններ չի տար, միա՛յն երկտողով մը կը պարզէ իրականութիւնը։ Մեծ հաւանականութեամբ ան իր ուսումնասիրութիւնները գրի առած է աւելի ուշ, Պոլսոյ մէջ։ Հեղինակը իր վերոնշեալ հրատարակած աշխատասիրութեան կողքին, ունի երեք անտիպ գործեր՝ «Ճաշակ կամ նմոյշ ժողովուրդական գրականութեան Ռումանահայոց», «Հաւաքածոյ Խրիմեան Հայրիկին», եւ «Պատմութիւն Ֆօքշան քաղաքի Հայոց» վերնագիրներով։ Յօդուածներով աշխատակցած է մամուլին, գործածելով զանազան ծածկանուններ՝ Արմենակ, Թաթուլ, Նորայր, Ֆօքշամցի Արմնակ: Գրած է «Մասիս», «Արեւելք», «Մանզումէ», «Փունջ», «Երկրագունդ» (Թիֆլիս) թերթերուն եւ հանդէսներուն մէջ։ Արժէքաւոր են այն ժամանակուան համար Միրախորեանի մանկավարժական գրութիւնները, ինչպէս՝ 1887ին «Տուն եւ դպրոց» մանկավարժական յօդուածը։ Հետաքրքրական է նշել թէ ան հրատարակած է նաեւ իր ստացած նամակները։ 

Դուք ինչպէ՞ս կը բնորոշէիք ձեր հրատարակած հատորին բովանդակութիւնը։

Ես կ՚ըսէի ուղեւորական սեռին կը պատկանի։ Իրականութեան մէջ ան անպաշտօն Inspecteur d’Académie եղած է, որ ստուգաբանած եւ վիճակագրած է տիրող իրադրութիւնները։ Պատմագրութիւն չէ, սակայն պատմական կապ մը առկայ է, նկատի ունենալով որ յաճախ կը խօսի մեր մատենագիրներու մասին։ Երրորդ գիրքին մէջ երբեմն կը մէջբերէ աւանդական զրոյցներ, թէ՝ տարուան չորս եղանակներուն ինչպիսի կեանք կը վարէին գիւղացիները իրենց անասուններով, վարուցանով։ Ան կը նկարագրէ բնութիւնը՝ լեռը, գետը, կենդանիները, բոյսերը։

Արդեօք ակնարկ կա՞յ վտանգներու մասին։

– Հեղինակը կ՚անդրադառնայ վտանգներուն՝ «ճանապարհորդ»ի ակնոցով։ Ան մերթ զէնք կը կրէ, մերթ ձիով կ՚արշաւէ, երբեմն քրիստոնեայ է եւ երբեմն ալ մահմետական… : 

Ազգագրական տուեալներու հաւաքին մէջ, հեղինակին աշխատանքը որո՞ւն գործելակերպին աւելի մօտ է։

Կարելի է ըսել, թէ ան աւելի մօտ է Լալայեանին։

Ժողովրդագըրական առումով արդեօք յստակ տեղեկութիւն կա՞յ այդ շրջանի Արեւմտեան Հայաստանի գաւառներու հայ բնակչութեան թիւին շուրջ։

Իր տուեալներէն մեկնելով դժուար է յստակ թիւ մը ներկայացնել։ Ճիշդ է որ ան 400 գիւղերու անուններ կու տայ, սակայն բոլոր գիւղերէն չէ անցած։ Պէտք չէ մոռնալ որ այն ատեն – ծանօթ պատճառներով – կը տրուէր «Հայաբնակ գաւառներ» անուանումը եւ ո՛չ թէ «Հայկական գաւառներ» : Կարեւոր է ընդհանրապէս ընդգծել, թէ հեղինակը կ՚ուզէ՛ ըսել, բայց բացէ ի բաց չըսեր… : Ինչպէս Ֆրանսացիները կ՚ըսեն պէտք է տողատակը կարդալ եւ հասկնալ… : Ատոր համար ալ այս հատորին մէջ բազմաթիւ են ենթախորքերը։

Այս գիրքին հրատարակութիւնը որքա՞ն ծախսի նայած է։

– Ընդհանուր ծախսը շուրջ 18 հազար եւրօ եղած է, որ կը ներառէ էջադրում, թարգմանութիւն, տպագրութիւն, եւայլն։

Ապագայի համար նոր ծրագիր ունի՞ք։

– Մերուժան Կարապետեանի եւ պատմաբան Յարութիւն Գէորգեանի հետ աշխատանքային տեսակցութիւններ ունեցայ եւ վերջինիս յանձնարարութեամբ կարդացի 1917ին լոյս տեսած Ադոյի «Վան-Վասպուրական» խորագրեալ հատորը։ Այնուհետեւ հանդիպում ունեցայ հեղինակին աղջկան հետ, եւ կը յուսամ 2015ին զուգադիպող Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կը հրատարակեմ նաեւ այս արժէքաւոր գիրքին թարգմանութիւնը։ 

«ՆՈՐ  ՅԱՌԱՋ»

 

 

Scroll Up