Ն. Վ. Տիկին Հրանուշ Յակոբեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/12/download-15.jpg)
Ն. Վ. Տիկին Հրանուշ Յակոբեան
Ազնուափայլ Դոկտ. Յակոբեա´ն,
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ ՌԱԿ-ի շարքերուն անունով, սրտանց շնորհակալութիւն կր յայտնենք Ձեզի, անցնող Հոկտեմբեր 11-12 օրերուն ՌԱԿ-ի պատուիրակութեան Ձեր շնորհած ազնիւ հրաւէրին համար՝ ներկայ գտնուելու Ձեր զլախաւորած Սփիւոքի Նախարարութեան 5-ամեայ յոբելեանական պաշտօնական հանդիսութեան եւ ճաշկերոյթին, ինչպէս նաեւ այն մտերմիկ հանդիպումին համար, որ Ձեզի հետ ունեցանք Ձեր զրասենեակին մէջ՝ Ձեր բազմազբաղ օրերուն ընթացքին:
Կը վստահեցնենք, թէ Ձեր անձին արհեստավարժ եւ գործնականապաշտ կարողութիւններր միշտ ալ բարձր գնահատուած են մեր կողմէ, եւ մենք հպարտ ենք Ձեզ նման անձնաւորութեան մր հետ մեր վայելած բարեկամութեամբ:
Մենք Ձեր մէջ կր տեսնենք այն անզուգական խոհուն եւ մեծահոգ անձնաւորութիւնը, որ հաւատարիմ իր ղեկավարած նախարարութեան «Ով Հայ ժողովուրդ, Քո Փրկութիւնը Քո միասնութեան մէջ է» կարգախօսին, անփոխարինելի աշխատանք կը տանի շաղկապելու Մփիւոքի աներեւակայելիօրէն բարդ կառոյցները, միեւնոյն ժամանակ կապելով զանոնք Հայրենիքին, աւելի եւս ամրացնելով Հայրենիք-Սփիւռք այնքան կենսական յարաբերութիւնները:
Վսեմափա´յլ Դոկտ. Յակոբեան,
Ձեզ կը վստահեցնենք, թէ ինչպէս միշտ, նաեւ յառաջիկայ տարիներուն, Դուք եւ Ձեր Նախարարութիւնր պիտի վայելէք մեր անսակարկ գործակցութիւնը՝ յօգուտ մեր սիրելի Հայրենիքին եւ Մէկ ու Միակամ Հայ ժողովուրդին:
Խորին շնորհակալութեամբ եւ ամենաբարի մաղթանքներով կը մնանք միշտ յարգանօք:
Ի դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈԻԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Իւճին Քարաճեան,
Մայք Խարապեան