Մեծայարգ Տիկին Հրանուշ Յակոբեան Սփիւռքի նախարար Հայաստանի Հանրապետութեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/12/images14.jpg)
Մեծայարգ Տիկին Հրանուշ Յակոբեան
Սփիւռքի նախարար Հայաստանի Հանրապետութեան
Մեծյարգոյ Տիկի´ն նախարար,
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը, իր հայրենի եւ սփիւռքեան բոլոր միաւորներուն կողմէ կը շնորհաւորէ Ձեզ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ:
Մեր մաղթանքն է, որ նոր տարին զերծ պահէ մեր ժողովուրդը ամէն տեսակի փորձութիւններէ եւ յաջողութեամբ պսակէ Ձեր ազգանուէր գործունէութիւնը՝ խաղաղութիւն, արդարութիւն ու բարգաւաճում ապահովելու մեր ժողովուրդի աշխարհասփիւռ զաւակներուն:
Շնորհաւոր Ամանոր եւ Սուրբ Ծնունդ:
Խորին յարգանօք՝
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ