Ազնուափայլ Օր. Հրանոյշ Յակոբեան Սփիւռքի նախարար Հայաստանի Հանրապետութեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/12/download17.jpg)
Ազնիւ Օր. Հրանոյշ Յակոբեան,
2014 նոր տարուան սեմին, եւ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան հրաշափառ տօներուն խորհուրդով լի, յանուն Թեմիս հոգեւորականաց դասուն, ժողովականութեան, հաւատացեալ ժողովուրդին եւ անձնապես, կ՚ողջունենք Ձեզ, հայրենի կառավարութիւնն ու հաւատացեալ ժողովուրդը, բարգաւաճում եւ բարօրութիւն:
Բեթլեհէմի համեստ մսուրին մէջ Յիսուս Մանուկի Ս. Ծնունդը աւետող հրեշտակներուն երգերը եւ «խաղաղութիւն աշխարհի» մաղթանքը այսօր աւելի քան երբեք կ՚արձւսգանգեն մարդկութեան կեանքին մէջ, տարածուելով ցամաքամասէ ցամաքամաս, հասնելով նաեւ մեր մայր Հայրենիքը: Հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ պատգամները մշտական հրաւէր են մարդկութեան, որ իր կեանքը կերտեց ու արժեւորեց այս գանձերով, որպէսզի դառնութիւններն ու տառապանքները վերնան, աշխարհը վերածուի այն միջավայրին, որ Երկնաւոր Հայրը Դրախտին մէջ պարգեւեց իր ստեղծագործութեանց ամէնէն կատարեալին՝ մարդուն:
Տօնական այս օրերուն, աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած, որ բոլորիս առիթ ընծայէ վերանորոգելու քրիստոնէական հաւատքի մեր ուխտը, եւ հր Ս. Աջը հովանի ընէ աշխարհին ու մեր ազգին, Ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, Ս. Ծննդեան խորհուրդը մեր կեանքերուն մէջ մշտական ներկայութիւն դարձնէ տարուան բոլոր օրերուն:
Շնորհաւոր Նոր Տարի, Քրիստոս Ծնաւ եւ յայտնեցաւ:
Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,
Աղօթարար’
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան,
Առաջնորդ Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի