Սուրբ Ծննդեան Ընդունելութիւն Առաջնորդարանէն Ներս

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին օրը՝ Յունուար 6ին, նախորդ տարիներու նման, Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի «Արշակ եւ Էլիանոր Տիգրանեան» համալիրի «Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հիւրընկալութեամբ Ս. Ծննդեան ընդունելութիւն, երեկոյեան ժամը 6էն 9:
Ընդունելութիւնը սրտբաց հրաւէր մըն է բոլոր հաւատացեալներուն եւ առիթ մըն է առաջնորդին՝ իր օրհնութիւնները բաշխելու եւ գնահատելու թեմէն ներս ծառայող հոգեւորականներուն, Ծխական խորհուրդներու ատենապետներուն, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի շինարարական եւ հանգանակիչ յանձնախումբերուն, ա-ռաջնորդարանի խնամակալներուն, թեմական կազմակերպութիւններու ատենապետներուն, հայ մամուլին, հայ կազմակերպութեանց վարչական մարմիններուն, բարերարներուն եւ առաջնորդարանի յատուկ հիւրերուն ջանքերն ու աշխատանքները՝ անցնող տարուան ընթացքին:
Երեկոն պիտի սկսի առաջնորդին գլխաւորութեամբ՝ հոգեւորականներու կողմէ կատարուելիք «Տնօրհնէք»ի արարողութեամբ: Պիտի գործադրուի նաեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:
Նաեւ, Ծննդեան Ճրագալոյցի օրը՝ Յունուար 5ին, երեկոյեան ժամը 5:30ին, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ պիտի կատարուի արարողութիւն, ապա պիտի պատարագէ ծուխի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեանը, իսկ Յունուար 6ի առաւօտեան ժամը 10:30ին, նոյն տաճարին մէջ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ առաջնորդը: Պատարագի աւարտին սրբազանը պիտի հանդիսապետէ ջրօրհնէքի արարողութեան:

http://asbarez.com

Scroll Up