Ուիլեամ Սարոյեան. դրոշմաթուղթ համաշխարհային գրողի նկարով

«Պիտի ուզէի տեսնել աշխարհի մէջ որեւէ ուժ, որ կարենար ոչնչացնել այս ցեղը՝
անկարեւոր մարդոց այս ցեղախումբը, որուն բոլոր պատերազմները մղուած ու կորսուած են, որուն կառոյցները քանդուած են, գրականութիւնը չի կարդացուիր, երաժշտութիւնը չ’ունկընդրուիր, եւ աղօթքներուն պատասխանող չկայ:

Հրամեցէ՛ք, ոչնչացուցէ՛ք Հայաստանը: Տեսէք թէ կրնա՞ք ընել: Անապա՛տ ղրկեցէք զիրենք առանց հացի ու ջուրի: Այցելեցէ՛ք անոնց տուներն ու եկեղեցիները եւ տեսէ՛ք, թէ անոնք դարձեալ պիտի չխնդա՞ն, երգեն եւ աղօթեն:

Որովհետեւ, երբ անոնցմէ երկուքը աշխարհի որեւէ մէկ տեղը իրարու հանդիպին, տեսէք թէ նոր Հայաստան մը պիտի չստեղծե՞ն»: Սեղմ տողերու մէջ, խորունկ բովանդակութեամբ, շատ բան ըսաւ ան, գծելով Մեծ Եղեռնի ահաւոր պատկերը, միաժամանակ պատգամելով հայ ժողովուրդէն վերապրումի կամքը:

Սարոյեանն է՝ կարճ-կտրուկ ու խորիմաստ իր ոճով: Պիթլիսէն գաղթած ընտանիքի մը զաւակն է ան, ծնած՝ Ֆրեզնօ 1908-ին եւ մեռած՝ 1981-ին Ֆրեզնօ: Աճիւնէն մաս մը փոխադրուած է Խորհրդային Հայաստան, Կոմիտասի անուան պանթէոն:

Մանկապատանեկան տարիները ապրած է Երկրէն եկած գաղթականներու շրջանակին մէջ, ինչ որ մեծապէս նպաստած է իր հայու նկարագրի կազմաւորման եւ ազգային ձգտումներու իւրացումին:

Ամերիկեան աշխատաւոր դասակարգին հետ կեանքի պայքարի մէջ նետուած,
ինքնակերտումի եւ ինքնազարգացումի շրջանէ  մը  յետոյ, իր մէջ երեւան եկած է անզուսպ գրողը, որ հետզհետէ արտադրած է բազմաթիւ գիրքեր, որոնցմէ մէկով Մ. Նահանգներու եւ ամբողջ աշխարհին յայտարարած է.- «My Name is Aram»: 1930-ին գրել սկսելով հեղինակած է պատմուածքներու տասնեակ մը գիրքեր: Իր ժամանակակից ամերիկացի մեծ գրողներու (Ֆոլքնըր, Հեմինկուէյ, Վուլֆ, Էնտըրսըն, Սթայնպէք) հետ հարստացուցած է ամերիկեան գրականութիւնը, Սարոյեանական նոր ոճով օժտելով զայն: Բացի պատմուածքներէն ու վէպերէն, հեղինակած է նաեւ թատրերգութիւններ, որոնք բեմադրուած եւ շարժանկարի վերածուած են, արժանանալով միջազգային մրցանակներու: Այդպիսի գործերէն են «Յանդուգն պատանին թռչող սկաւառակին վրայ», «Իմ սիրտը լեռներում է», «Կեանքիդ
ժամանակը», «Քարանձաւի մարդիկ», «Հէ՜յ, ո՜վ կայ հոն», «Մանկանց կոտորածը»,
«Խաղողի այգին»:

1950-1960 ապրած է Եւրոպա, մեծ մասամբ Փարիզ, ստեղծագործելով վիպակներու շարք մը՝ «Ինչ-որ ծիծաղելի բան», «Հայրի՜կ, դուն խե՞նթ ես», «Մայրի՜կ, կը սիրեմ քեզ», «Տղաներ եւ աղջիկներ», «Մէկ օր յետ-կէսօրուայ աշխարհին մէջ», «Ահա՜ եկաւ, ահա՜ գնաց», «Չմեռնիլ», «Նամակներ Թէյբու փողոցէն», «Վարդեր՝ ուր եղեր եմ ես» եւ «Պատահական հանդիպումներ»: Բարեկամ եղած է Պեռնըրտ Շոուի, Չարլի Չափլինի, Փիքասոյի, Թ. Էլիոթի, Ճ. Սթայնպէքի, Հեմինկուէյի, Եղիշէ Չարենցի եւ ուրիշներու հետ:

Վերջապէս, Սարոյեանի գործերը բազմաթիւ լեզուներու թարգմանուելով անցած են
միջազգային գրականութեան, կարդացուելով ու գնահատուելով միլիոնաւոր
ընթերցողներու կողմէ: Շատ ուշագրաւ է, որ Սարոյեանի անվիճելի արժէքը գնահատելով, աշխարհի հզօրագոյն հակառակորդ պետութիւններ՝ Մ. Նահանգներ եւ պատմութեան անցած Խորհրդային Միութիւն, միաժամանակ, Սարոյեանի նկարով դրոշմաթուղթ հրատարակած են:

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Scroll Up