«Մորմոքող Անցե՜ալի Ա՜րահետնե՜րով»

Բազմավաստակ ուսուցիչ, դաստիարակ, բանախօս, բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ’ Մինաս Գոճայեան, տա՛րինե՛րէ ի վե՜ր կը վայելէ յարգանքը եւ հիացմունքը համայն հայութեան ի Հայաստան եւ ի սփիւոս աշխարհի’ իր տասնեակ տարիներու մտաւորական անդուլ ու բազմաբեղուն աշխատանք- ներուն համար: Պրն. Գոճայեանին ճաշակաւոր ու պատկերա- զարդգիրքը’ «Մորմոքող Անցեալի Արահետներով», որ լոյս տեսաւ վերջերս, մեծ հետաքրքրութիւն եւ ոգեւորութիւն յա- ոաջացուց հայութեան մէջ, որովհետեւ ան կը պարփակէ պատմական Հայաստան կատարուած ուխտագնացութեան մը յուշերն ու տպաւորութիւններր եւ հայ ինքնութեան ամրապնդման ուդղութեամբ մարտահրաւէր մր համայն հայութեան’ հայ մտքի լուսարձակը բաց ու արթուն պահելու քաղաքական տեսադաշտէն ներս:
Այս գիրքր, սովորական իմաստով յուշագրութիւն չէ, վասնզի անոր կ’ընկերանան պատմագիտական արժէքաւոր տեղեկութիւներ, խիստ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ, անձնական դատողութիւններ, խորհրդածութիւններ, որոնք կու գան լուսաբանելու ընթերցողին միտքը եւ հարստացնելու անոր գիտելիքները մեր պատմական տեղեաց մասին: Միշտ չէ որ այ՛ս բացաոիկ հոգեկան վայելքը կը մատուցուի ընթերցողին:
Նախքան հանգամանօրէն անդրադաոնալը գրքի հարուստ բովանդակութեան եւ կատարելու անոր լիարժէք գնահատումը, կ’արժէ մէջբերել այն հետաքրքրական հատուածը ուր Մինաս Գոճայեան իր գրքի վերջաբանին մէջ կը գրէ» «Գլխաւոր հարցումը ո՛ր տրուեցաւ ինծի, ս՛ա եղաւ’ ինչո՞ւ գացիր շատերու համար կորսուած նկատուողՊատմական Հայաստան կոչուած երկիրը»: Ան իր պատասխանը կու տայ հետեւեալ ձեւով. «Գացի իմ արմատ- ներուս սնունդ տուած հողը տեսնելու: Գացի կորուստիս ահաւորութիւնը չափելու: Գացի աւելի լաւ ճանչնալու այն մարդը, որ այսօր կ’ապրի հոն եւ ինքզինք տէրը կը նկատէ այ՛դ հողերուն, զոր մենք կը կոչենք պարզապէս Հայաստան կամ Մեծ ու Փոքր Հայք եւ Կիլիկիա: Ե՛ս ուխտի գացի այն վայրերը, որոնք էութեանս ու դաստիարակութեանս անբաժանելի մասը կազմած են այն պահէն, երր տակաւին մանուկ հասակիս իմ մեծ հայրերս ու մայրերս խօսած են իրարու հետ մղկտալով ու անիծելով այն սեւ ձեոքերը, որոնք օր մը զիրենք բարեկարգ վիճակէն նետեցին թիթեղաշէն տանիքներու տակ, Հալէպի ու Պէյրութի արուարձաններու տարածքին: …Երկու անգամ գացի ու գրեցի այս մասին, որպէսզի հայութիւնը եւ իր պետութիւնը յարգը գիտնան այսօրուայ պա- տաոիկ մը հողին, որ կը կոչուի Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւն»:
Այ՛ս խօսքերը, արդարեւ, ծանրակշիո են ու աւելի քան համոզիչ: Մի՞՛թէ իւրաքանչիւրս նոյն զգացումները պէտք չէ ունենանք, երր խնդրոյ աոարկան մեր ժողովուրդի պատմութիւնն է, անոր անցեալը, ներկան եւ ապագան: Պէտք է անկեղծօրէն խոստովանիլ, որ այսօր շատեր կը կատարեն նման ուղեւորութիւն դէպի Պատմական Հայաստան պարզապէս տեսած ըլլալու համար վայրերը եւ ոչ անպայման վերստին մկրտուելու հայութեան աւազանին մէջ, եւ մանաւանդ’ յարգը գիտնալու մեզի ներկայիս վիճակուած աննշան հողին:
Մինաս Գոճայեան ընթերցողին ուշքն ու երեւակայութիւնը կը գրաւէ իր այս գիրքով եւ զայն ճանապարհորդակից կը դարձնէ ք՛այլ աո ք՛այլ բոլոր պատմական հանգրուաններուն, ուղեւորական արկածախնդրութիւններուն եւ պատահարներուն: Ընթերցողը կ’ապրի գոհունակ պահեր, երբ իր հոգեկան աչքերով կը տեսնէ իր պապերուն երկիրը, ուր դարերով անոնք ապրած, աղօթած, աշխատած ու մեր տոհմիկ աւանդութիւնները եւ սրբութիւնները պահած են: Հեղինակը լայնօրէն պատմականը կը կատարէ իւրաքանչիւր քաղաքի, աւանի, գիւղի’ բերելով աոատ օրինակներ գործող դէմքերու ու ճշգրիտ թուականներու: Ան մեզ կ’աոաջնորդէ նարնջենիներու եւ կեոասենիներու այգիները, եւ կ’անցընէ արմաւենիներու ու վարդենիներու ծաոուղիներով: Մեր երեւակայութիւնը կը բորբոքէ հէքեաթային բնութիւնը իր բարձրաբերձ լեոներով, անդնդախոր ձորերով, կիրճերով, գետերով ու աոուակներով, աղբիւրներով ու զուլալ ջուրերով: Ի՜ր տեսակին մէջ այս յուշագրութիւնը դարձած է համայնագիտական տեղեկութիւներով լի եզ՜ակի աշխատութիւն: Ան շարքով Անտիոքէն մեզ կը տանի Վագըֆ գիւղ, ապա’ Կիլիկիա, Չորք Մարզպան, Սիս, Ատանա, Կապադովկիա, Զէյթուն, Մարաշ, Մեծ Հայք, Ծովք լիճ, Ռալու, Մուշ, Մանազկերտ, Պայազետ, Անի, Ռերկրի, Վան, Տիարպեքիր, Եդեսիա, Այնթապ եւ Հոոմկլա: Ան մեծ վարպետութեամբ կը նկարագրէ իւրաքանչիւր վայր, գովքը կը հիւ՜սէ չքնաղ բնութեան ու հիանալի եղանակին, աոատ բերքին: Տխրութեամբ կը յիշատակէ որ հայաթափ այ՜ս քաղաքները վերաբնակեցուած են ոչ հայ տարրերով, որոնք քաջ տեղեակ են անցեալի պատմութեան, խաոն ու անբաղձալի փորձաոութեան, եւ լաւ կը ճանչնան անոնց բուն տէրերը: Ամէնէն դիպուկ արտայայտութիւնը այ՜ս ուղղութեամբ’ «Ռարի եկած էք ձեր տունը, հազար բարի», «Նորէն հրամմեցէք», «Ձեր տունն է ասիկա» խօսքերն են, զորս այժմու բնակիչներ տարբեր աոիթներով արտասանած են: Այ՜դ բնակիչներէն ոմանք նոյնիսկ հրաւէր կ’ուղղեն հայութեան վերադաոնալու եւ շէնցնելու ամայացած վայրերը:
Հեղինակի հիմնախնդիրներր, որոնք ամէնուրեք ի յայտ կու գան, են Հայաստանի պատմական հողերու ահաւոր կորուստը, հայաբնիկ բնակչութեան տեղահանումը եւ կոտորումը սարսափելի ու անպատում պայմաններու տակ, նիւթական անհաշիւ ու անհամար վնասնե րը, որոնք ցայսօր կը մնան անլոյծ, եւ անշուշտ’ Հայ Դատը:
Յարգելի հեղինակը շատ ուժեղ կը գիտակցի որ անհայրենիք ժողովուրդ մը դատապարտուած է մահուան, չքացման: Շատ մը հին ազգեր ներկայ քարտէսէն անհետացած են վասնզի չունէին հարկ եղած ենթահողը եւ կենսական պայմանները:
Մինաս Գոճայեանի սիրտը կը մղկտայ ի տես իր նախնիներու բերրի հողերուն ամայացման, որբացման: Անոնց լքուած ու անփաոունակ վիճ՜ակը, անտարակոյս, հեղինակին խորին թախիծ կը պատճաոէ, վասնզի հողը կեանք է: Աոանց հողի չկայ հայրենիք, ժողովուրդ, ազգ, ինքնատիպ մշակոյ՛թ:
Մինաս Գոճայեան լայն կը բանայ կարկինը, երբ խնդրոյ աոարկան մեր իրաւունքներն են: Հեղինակը անյուսօրէն չ’ողբար անվերադարձ կորուստ մը, այլ յոյս կը յայտնէ որ քաղաքական բանակցութեամբ, ժամանակի հասունութեամբ եւ անվերջ պահանջատիրութեամբ, միշտ ալ կարելիութիւն կայ հասնելու մեր երազին վերատիրացման: Յիշել է պէտք Գուրգէն Մահարիի մէկ նշանաւոր խօսքը’ «Անյ՛ոյ՛ս մարդուն միակ յոյսը կրկին ու կրկին յոյսն է»: Եւ միթէ այդպէս ցոյց չի տար աշխարհի ազգերու պատմութիւնը, որ լի է անակնկալներով ու զարմանահրաշ դէպքերով: Հետեւաբար, էականը այն է որ չընկրկինք ու յուսահատութեան ալեաց մէջ չընկղմինք, այլ’ ընդհակաոակը, աշխատինք միատեղ, միասիրտ, աննկուն ուժով, անկոտրում կամքով ու անտեղիտալի յանձնաոումով: Մեր անտերունչ հողերը իրենց հարազատ տէրերուն կը սպասեն անձկութեամբ: ժամանակի խնդիր է: Պատ մութիւնը փոփոխական է, ոչինչ կայ անլոյծ: Հին Յոյները ճիշդ ըսած են’ կեանքի մէջ ամէն ինչ կը հոսի…:
Հպանցիկ ակնարկ մը ձգելով մեր անցեալի արիւնալի պատմութեան վրայ, կը տեսնենք թէ ինչքա՜ն դասեր կան աոնելիք այնտեղ մեր ապագայի ու մեր կորուսեալ հողերու ձեոքբերման ուղղութեամբ: Դասերէն գերագոյնը թերեւս այն է, ինչպէս շատ իմաստունօրէն կը նշէ հեղինակը, որ մեր ժողովուրդը յետ այսու պէտք չէ երբեք ապաւինի օտար ազգերու միջամտութեան, ողորմութեան, աջակցութեան, կամ թէկուզ’ մեր հարցերու բարւոք լուծման հարեւանցի մասնակցութեան:
Հեղինակը խորին ընդվզումով ու ցասումով կ’արտայայտուի պատմական խեղաթիւրումներու մասին: Ռնական է, որ ըլլան անգրագէտ զանգուածներ որ հաւատան իրենց տրուած բ՛ոլոր սխալ տեղեկութիւներուն: Ըայց ինչպէ՞ս պայքարիլ այն գիտակից տարրին դէմ (հնագէտ, պատմագէտ, մտաւորական, ուսուցիչ, պետութիւն), որ դիտումնաւոր կերպով պատմական փաստերը կ’այլափոխէ, կ’աղաւաղէ’ ի նպաստ իր ազգին ու ի պատիւ իր մշակոյթին: Եթէ պարկեշտութիւնը աո յաւէտ աներեւութացած է, ապա զանգուածային պայքար պէտք է շղթայազերծուի անոր դէմ եւ աոաջքը աոնուի այս անուղղայ րնթացքին:
Պատմութեան դասին մէջ կը մտնէ նաեւ մեր ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան գիտակցութիւնը: Մինաս Գոճայեան յաճախակի կը վկայակոչէ պատմական սխրալի դէպքեր, ուր մեր անվեհեր մարտիկները կ’աոճակատեն դարաւոր ոսոխը եւ ապշեցուցիչ արդիւնքներու կը հասնին’ փրկելով իրենց պատիւը եւ ազգի զաւակները: Ընթերցողը խորին հպարտութեամբ կը կարդայ այն տողերը, թէ մեր քաջարի կոուողները անհաւասար մարտեր մղած են եւ արդարութիւն պահանջած:
Տխրութեամբ ու մեծ ցաւով կ’ընթերցուին այն հատուածները, ուր հայութիւնը կը յանձնուի թշնամիին գութին ու… եաթաղանին: Արդար զայրոյթով կը կարդացուին հայ մատնիչներու, դաւաճաններու մասին, որոնց սեւ ու նենգ արարքներով, հայութիւնը մեծ կորուստներ կու տայ: Ռազմունակ ժողովուրդ մը երբեք պէտք չէ զլանայ իմաստախոհութեամբ պաշտպանելու ինքզինք’ ամեհի հարուածներով ետ մղելու ամէն գրոհ, ոտնձգութիւն եւ թշնամական արարք: Միաբանութիւն եւ հաւաքական զոհողութիւն է հարկաւոր: Ֆրանսացիք ինչքա՜ն ճիշդ ըսած են’ «On ne fait pas d’omelette sans casser des oeuf », որ է՝ աոանց հաւկիթ կոտրելու ձուազեղ չի շինուիր: Այլ խօսքով, արդիւնքի հասնելու համար զոհողութիւն է պէտք:
Մինաս Գոճայեանին ոճը գեղեցիկ է, իսկ լեզուն’ մաքուր, հարուստ, պատկերաւոր: Ան լայնօրէն օգտուած է մեր հարուստ բաոամթերքէն եւ իր գործը դարձուցած գերընտիր: Հեղինակին յատուկ զուարթախօսութիւնները աոաւել եւս կը համեմեն անոր պամողական ոճը ու գիրքը կը դարձնեն գրաւիչ: Գիրքը օժտուած է գունաւոր նկարներով, որոնք կու գան աոանձնակի փայլք մը տալու հրատարակութեան: Չմոոնանք որ տեղադրուած նկարները խօսուն վկաներն են մեր անցեալի փաոքին, պայծաո օրերուն ու նուաճումներուն:
Ներկայիս, յուսադրիչ են կարգ մը հին ու աւերակ դարձած եկեղեցիներու վերանորոգութիւնն ու վերստին գործածութիւնը, անդին սակայն, բաւական մորմոքիչ է ու սրտաբեկութիւն պատճաոող’ զանազան եկեղեցիներու անպատկաոօրէն մզկիթի վերածումը: Ազգեր պէտք է սորվին զիրար յարգելու եւ նուիրականութիւնները ամէն բանէ վեր դասելու տարրական դասը: Նման ոտնահարումներ ոչ ոքի պատիւ կը բերեն: Ազգերու գոյավիճակը կարելի է բարելաւել միայն ու միայն փոխադարձ յարգանքով:
Ներկայ Հայաստանը մեծագոյն պարգեւն է հայութեան, որ պէտք է պահուի, պահպանուի իբրեւ զբիբ ական: Պատմութեան մատուցած դասերը անփոխարինելի են: Գուրգուրանք մեր պատաոիկ մը հողին վրայ եւ զայն սիրենք: Մեր ամենաջերմ շնորհաւորութիւնները սի րելի Մինասին’ հանրութեան մատուցած իր այ՛ս գեղեցիկ հատորին համար: Կը մաղթենք որ անոր եոանդը եւ կորովը անպակաս ըլլան, որպէսզի ան շարունակէ նման օգտակար աշխատութիւններ գրեւ:
Գրիչդ դալար, պատուական եղբայր:
ԶԵՆ ՈՌ ՔՀՆՅ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
ՌԱԿ մամուլ