Նշուեցաւ Հայց. եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տէրտէրեանի Պաշտօնավարութեան Տասնամեակը

Հայց. եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի պաշտօնավարութեան տասնամեակին եւ այդ միջոցին արձանագրուած յաջողութիւններուն նուիրուած ձեռնարկներէն առաջինը տեղի ունեցաւ առաջնորդարանին մէջ, Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21ի երեկոյեան, որուն ներկայ էին Վաչէ արք. Յովսէփեան, Արցախի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, հոգեւորականներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ: Երեկոն սկսաւ առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի տիկնանց յատուկ ձեռնարկներու յանձնախումբի հիւրասիրութեամբ, իսկ ծրագիրը տեղի ունեցաւ «Նազարէթ եւ Սիմա Գալայճեան» սրահին մէջ: Հանդիսավար Աւետիս քհնյ. Աբովեան բարի գալուստ մաղթեց հանդիսականներուն եւ խօսեցաւ ծրագրուած եռօրեայ հանդիսութիւններուն մասին՝ նշելով, որ անոնք չեն կեդրոնանար անձին, այլ՝ եկեղեցւոյ եւ առաջնորդարանի հոգեւոր առաքելութեան վրայ: Ան նշեց, որ սրբազանը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է երիտասարդ եւ նոր քահանաներու պատրաստութեան, որպէսզի կարելի ըլլար հոգեւոր սնունդ մատակարարել ընդարձակուող եւ նոր ծուխերուն:

Հանդիսականներուն ցուցադրուեցաւ տեսանիւթ մը, որ պատրաստուած էր առաջնորդարանի հեռուստատեսութեան պատասխանատուներ Վահէ Սարգսեանի եւ Արամ Մուսոյեանի կողմէ. տեսանիւթով ներկայացուեցաւ վերջին տասնամեակին ընթացքին առաջնորդին կողմէ ձեռնադրուած եւ կամ ծառայութեան հրաւիրուած քահանաներուն սիրտի խօսքը:

Առաջնորդարանի խնամակալութեան ծրագիրին գլխաւոր նպատակն է երիտասարդ նոր քահանաներու պատրաստութիւնը: Այդ նպատակով կազմուած յանձնախումբին ատենապետը՝ դոկտ. Վահրամ Պիրիճիքը, ներկայացուց ծրագիրին արձանագրած յաջողութիւնները:

Գեղարուեստական բաժինին ընթացքին, Արթուր Յակոբեան երկու երգերով խանդավառեց ներկաները, ապա հանդէս եկաւ Մաշտոց Չօպանեանը՝ առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէնը: Ան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց այդ գրասենեակին գործունէութիւնը՝ Աստուածաշունչի սերտողութիւններ, հրատարակչական աշխատանք, հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի յայտագիրներ, դասախօսութիւններ եւ այլ ձեռնարկներ: Ան նաեւ անդրադարձաւ ընկերային ծառայութեան դաշտէն ներս կատարուող աշխատանքներուն մասին՝ «Տաթեւ» գրասենեակին ճամբով, որուն հիմնական առաքելութիւնն է թեւ տալ այն ընտանիքներուն, որոնք բռնութեան զոհ գացած են:
Առաջնորդը փակման խօսքին մէջ իր բարձր գնահատութիւնը յայտնեց տասնամեակի յանձնախումբին՝ ատենապետութեամբ Հայկ Մադոյեանի, եւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ անցած տասը տարիներուն ընթացքին արձանագրուած յաջողութիւններուն: Ան ներկայացուց առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը, որուն թիւը իր օրով եռապատկուած է: «Պահպանի»չ օրհնութեան աղօթքով երեկոն փակեց Վաչէ արք. Յովսէփեան, որ շնորհաւորեց առաջնորդը եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց:

Տասնամեակին նուիրուած երկրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22ի երեկոյեան. անոր ներկայ էին Վաչէ արք. Յովսէփեան, Արժանթինի առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեան, հոգեւորականներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ: Երեկոն դարձեալ սկսաւ հիւրասիրութեամբ, իսկ ծրագիրը իրականացաւ նոյն սրահին մէջ: Ռաֆֆի Քենտիրճեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, որմէ ետք թեմի աշխատանքներու ընդլայնման մասին զեկոյց ներկայացուց Թեմական խորհուրդի նախորդ ատենապետներէն եւ Ս. Էջմիածինի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ տոքթ. Վարուժան սրկ. Ալթըպարմաքեան, որ ներկայիս իր հոգեւոր ծառայութիւնը կը մատուցանէ Ֆրեզնոյի Ս. Պօղոս եկեղեցիին մէջ: Ան հանգամանալից կերպով ներկայացուց առաջնորդին նախաձեռնութեամբ արձանագրուած բազմաթիւ յաջողութիւնները եւ ապագայ ծրագիրները:

Գեղարուեստական յայտագիրին ընթացքին Մաննիկ Մանուկեան իր կատարած երկու երգերով ջերմ խանդավառութիւն ստեղծեց:

Առաջնորդարանի «Աղա-Սարգսեան» գրադարանին, թեմին հրատարակած գիրքերուն, ինչպէս նաեւ առաջնորդին հեղինակած գիրքերուն ներկայացումը մանրամասն կերպով կատարեց տասնամեակի հանդիսութեանց ատենապետ եւ առաջնորդարանի գրադարանապետ Հայկ Մադոյեան:

Ապա, առաջնորդը արտասանեց իր սրտի խօսքը՝ բարձր գնահատելով առաջնորդարանի ենթամարմինները եւ զիրենք պարգեւատրեց գնահատական յատուկ վկայագիրներով: Ապա ան հանգամանօրէն ներկայացուց առաջնորդարանի անձնակազմը՝ անդրադառնալով անոնց կատարած բծախնդիր եւ անձնուէր ծառայութիւններուն, օրհնեց բոլոր հանդիսականները եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց:

Կիրակի, Նոյեմբեր 24ին, առաջնորդը Ս. պատարագ մատոյց Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ: «Հայր Մեր»էն առաջ, Խաժակ քհնյ. Շահպազեան Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին յղած հայրապետական կոնդակը փոխադրեց դէպի Ս. խորան ու ընթերցեց կոնդակը, որ առաջնորդին բարեխօսութեամբ յղուած էր Թեմական խորհուրդի ատենապետ դատաւոր Էտրիըն Լ. Գրիգորեանին:
Կոնդակի ընթերցման աւարտին, սրբազանը «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով պարգեւատրեց մեծարեալը, գնահատեց անոր մատուցած երկարամեայ ծառայութիւնները եւ շեշտեց, որ թեմի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, յանձինն Էտրիըն Գրիգորեանի, Թեմական խորհուրդը ունեցած էր իգական սեռի ատենապետ մը:

Ապա, սրբազանը օծումը կատարեց խաչքարի մը՝ ձօնուած տիրամայր Աննա Ռ. Մովսէսեանի, որ մայրն է Կլենտէյլի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վազգէն քհնյ. Մովսէսեանի: Առաջնորդը իր գնահատական խօսքին մէջ յայտնեց, թէ տիրամայրը նուիրեալ ծառայութիւն մատուցած էր Լոս Անճելըսի Ս. Յակոբ եկեղեցիէն ներս, իսկ 25 երկար տարիներ, ամենայն ձեռնհասութեամբ, ծառայած էր որպէս առաջնորդարանի քարտուղարուհի:

Ապա, առաջնորդին յայտարարութեամբ՝ հոգեւորականաց եւ սարկաւագաց դասը, շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ դէպի «Թրբանճեան» հրապարակ, ուր սրբազանը օրհնութիւնը կատարեց Յիսուսի Ս. Ծնունդը ներկայացնող «մսուր»ին, որ յետայսու, ամէն տարի, ծուխին աւանդութիւնը պիտի դառնայ:  Արարողութեան աւարտին, «Թրբանճեան» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ մշակութային հարուստ ձեռնարկ: Հիւրասիրութիւնը հովանաւորած էին տէր եւ տիկին Խաչիկ եւ Գոհար Տէր Սահակեանները:

Գեղարուեստական յայտագիրին ընթացքին ելոյթ ունեցան «Փոքրիկ Հրեշտակներ» դպրոցի աշակերտները, «Հայաստան» պարախումբը (ղեկավարութեամբ՝ Արման եւ Նայիրա Վարդանեաններու), «Երուանդ Պապայեան» վարժարանի աշակերտները, «Զուարթնոց» պարային համոյթը (պարուսոյցներ՝ Վարդան եւ Արմինէ Աղաճանեաններ) եւ Գագիկ Պատալեանը:

Առաջնորդը իր փակման խօսքին մէջ մեծապէս գնահատեց յայտագիրին բոլոր մաս կազմողները իր օրհնութիւններն ու երախտագիտութիւնը փոխանցեց անոնց՝ թեմիս «Վերակերտումի տասնամակ»ին իրենց մասնակցութեան համար: Ապա «Պահպանի»չով փակեց ձեռնարկը:

http://asbarez.com

0000Diotenth3-300x200 0000Diotenth2-300x200 0000Diotenth1-300x200

Scroll Up