Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ներկայացուցիչը Պիտի Այցելէ Երեւան

Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Էլման Ապտուլլայեւ յայտնած է, որ Ազրպէյճան պիտի մասնակցի 12 դեկտեմբերին Երեւանի մէջ նախատեսուած Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին:
Նիստին Ազրպէյճանը պիտի ներկայացնէ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան տնտեսական համագործակցութեան բաժանմունքի ղեկավար Շովկի Մեթհիզատէն:
Նիստին մասնակիցները պիտի քննարկեն կառոյցի ծիրին մէջ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները:
Ժողովի ծիրին մէջ կազմակերպութեան նախագահութիւնը Հայաստանէն պիտի անցնի Պուլկարիոյ, որովհետեւ Ազրպէյճան պիտի չստանձնէ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան նախագահութիւնը, քանի որ Ազրպէյճան յաջորդ տարի պիտի նախագահէ շարք մը այլ միջազգային կառոյցներու: