Լիբանանահայ Բժշկական Միութիւն. Պարգեւատրում Տոքթ. Ժիրայր Թեվեքելեանի

Չորեքշաբթի, 4 դեկտեմբերին Լիբանանահայ բժշկական միութեան տան մէջ տեղի ունեցաւ տոքթ. Ժիրայր Թեվեքելեանի պարգեւատրման ձեռնարկը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի բժիշկներու սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Անթուան Պուսթանիի: Կլիմայական աննպաստ պայմաններուն պատճառով հանդիսութիւնը սկսաւ մէկ ժամ ուշ` երեկոյեան ժամը 7:30-ին: Նոյն պատճառով ալ սենտիքայի նախագահը ներկայ չէր կրցած գտնուիլ, բայց ձեռնարկին ներկայ էին անոր ներկայացուցիչները` սենտիքայի ատենադպիր տոքթ. Սամի Ռայշունի եւ գանձապահ տոքթ. Ժան Պուլոս:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, Լիբանանահայ բժշկական միութեան վարչութեան կողմէ բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Տիգրան Վարդապետեան: Ան իր խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց սենտիքայի նախագահի երկու ներկայացուցիչներուն եւ յայտնեց, որ անոնք իրենց տան մէջ կը գտնուին: Ապա ան ներկայացուց օրուան յայտագիրը:

Միութեան ատենապետ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան արաբերէնով խօսք առնելով սենտիքայի խորհուրդի անդամի իր փորձառութենէն մեկնելով վեր առաւ սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Անթուան Պուսթանիի արժանիքները` ընդգծելով, որ «ընտրութենէն դուրս եկանք իբրեւ երկու մրցակից ցանկեր, բայց կը գործենք իբրեւ աշխատանքային միակամ խմբակ: Ան վեր առաւ Լիբանանահայ բժշկական միութեան գործունէութիւնը 1950-էն ի վեր եւ անոր ընդմէջէն պարգեւատրեալ տոքթ. Ժիրայր Թեվեքելեանի ներդրումը` իբրեւ բազմաթիւ անգամներ միութեան վարչութեան ատենապետութիւնը ստանձնած անդամ»:

Իւրայատուկ կերպով նշուեցաւ նաեւ տոքթ. Թեվեքելեանի պատասխանատուութեան ստանձնման օրերուն` 1986-ին հայ բժիշկներու առաջին հասցէագիրքի հրատարակութիւնը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ահաւոր մթնոլորտի մէջ, ժամանակաշրջան մը, երբ տեղեկութիւնները թուղթով ու մատիտով կ՛առնուէին տակաւին: Հակառակ իր յառաջացած տարիքին, տոքթ. Թեվեքելեան միշտ ներկայ եղած է միութեան կեանքին մէջ:

Աւարտին տոքթ. Էճիտեան արաբերէնով եւ հայերէնով տոքթ. Թեվեքելեանը յայտարարեց միութեան պատուոյ անդամ:

Ապա խօսք առաւ տոքթ. Սամի Ռայշունի, որ անձնապէս մօտէն ճանչցած ըլլալով պարգեւատրեալը վեր առաւ անոր արժանիքները: Ան յայտնեց, որ Լիբանանահայ բժշկական միութիւնը իրեն երկար ատենէ ի վեր ծանօթ միութիւն է եւ մեծապէս տպաւորուած է միութեան աշխատանքներով:

Այնուհետեւ տոքթ. Սամի Ռայշունի եւ տոքթ. Ժան Պուլոս Լիբանանահայ բժշկական միութեան պատուոյ անդամի յատուկ վահանակը յանձնեցին տոքթ. Թեվեքելեանին, որմէ ետք տոքթ. Էճիտեան միութեան վահանակը յանձնեց բժիշկներու սենտիքայի երկու ներկայացուցիչներուն:

www.aztagdaily.com

Scroll Up