Հայոց ցեղասպանութեան գործօնը Թուրքիոյ հրեաներու վերապահուած վերաբերումին մէջ

Ռըֆաթ Պա­լի 1948ին Պո­լիս ծնած մտա­ւորա­կան մըն է: Սա­ֆարատ է, այ­սինքն իրենց ծա­գու­մը Սպա­նիա, Փոր­թուկալ, Իտա­լիա, Յու­նաստան, Թուրքիա, Հիւ­սի­սային Ափ­րի­կէ կամ Մի­ջին Արե­ւելք եր­կա­րող կամ ալ այդ եր­կիրնե­րէն ու աշ­խարհա­մասե­րէն մէ­կուն մէջ ապ­րող Հրեանե­րէն: Օս­մա­նեան-թուրք սաֆարատ մշա­կոյ­թի ու­սումնա­սիրու­թեան կեդ­րո­նի ան­դամ է: Եր­կար տա­րիներ անձնա­կան ըն­կե­րու­թեան մը մէջ վար­չա­կան պաշ­տօն վա­րելէ ետք, հակառակ իր յա­ռաջա­ցեալ տա­րիքին, հե­տեւած է Սոր­պո­նի Բարձրա­գոյն Ուսմանց Գործնա­կան Դպրո­ցի դա­սըն­թացքնե­րուն, ուրկէ շրջա­նաւարտ եղած է 2001ին:

1996էն ի վեր, յատ­կա­պէս Թուրքիոյ հրեայ հա­մայնքին, բայց ընդհան­րա­պէս ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նութիւննե­րուն, հա­կասե­մակա­նու­թեան, դա­ւադ­րութեան տե­սու­թիւննե­րու, թուրք հան­րութեան մշա­կու­թա­յին եւ ըն­կե­րային եղա­փոխու­թեան, կրօ­նափոխ­նե­րու նուիրուած բազ­մա­թիւ աշ­խա­տասի­րու­թիւննե­րու եւ հա­տոր­նե­րու հե­ղինակ է: Ներ­կա­յիս մաս կը կազ­մէ Սոր­պո­նի Բարձրա­գոյն Ուսմանց Գործնա­կան Դպրո­ցին շրջա­նակին մէջ ստեղ­ծուած «Ալ­պէրթօ Պէն­վէ­նիս­թէ» սա­ֆարա­տական ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րու եւ մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին: Հե­ղինակ է ֆրան­սե­րէն եւ թրքե­րէն 28 հա­տոր­նե­րու եւ թեր­թե­րու մէջ՝ ան­հա­մար յօ­դուած­նե­րու:

Թո­րոն­թո­յի Զօ­րեան Հիմ­նարկը 2012ին իր­մէ հրա­տարա­կած է «Պե­տու­թեան օրի­նակե­լի քա­ղաքա­ցիներ. Թուրքիոյ Հրեանե­րը բազ­մա­կու­սակցա­կան շրջա­նին» հա­տորը, որ առանձնա­պէս կ՚ու­սումնա­սիրէ 1950էն մեր օրե­րը Թուրքիոյ մէջ հրեայ հա­մայնքին վե­րապա­հուած վե­րաբե­րու­մը:

Ռ. Պա­լի, ար­դէն ու­սումնա­սիրած է 1923-1949 շրջա­նը, որու մէջ կ՚իյ­նայ նաեւ 1942ին հաս­տա­տուած Ու­նե­ւորու­թեան տուրքը, որ սնան­կա­ցու­ցած է հրեայ բազ­մա­թիւ ըն­տա­նիք­ներ: Մեկ­նե­լով այդ տխուր փոր­ձա­ռու­թե­նէն, Պա­լի կը բա­ցատ­րէ, թէ ի՛նչպէս հրեայ հա­մայնքը պար­տա­դիր եղած է Պե­տու­թեան պա­հանջնե­րուն գո­հացում տա­լու, դառ­նա­լով՝ «օրի­նակե­լի քա­ղաքա­ցի»:

Կը պատ­մէ, թէ Հրեանե­րը ճնշու­մի են­թարկուեցան թրքա­խօս դառ­նա­լու եւ իրենց անուննե­րը թրքաց­նե­լու հա­մար: Այ­սուհան­դերձ, հա­կառակ ի գործ դրուած այդ բո­լոր ջան­քե­րուն, Հրեանե­րը միշտ ալ կ՚ար­ժա­նանա­յին երկրորդ կար­գի քա­ղաքա­ցիի վե­րաբե­րու­մի, թի­րախ կը դառ­նա­յին սպառ­նա­լիք­նե­րու, կ՚են­թարկուէին հա­կասե­մակա­նու­թեան եւ բռնու­թեան:

Կը գրէ, թէ Թուրքիոյ ազ­գա­յին բո­լոր փոք­րա­մաս­նութիւննե­րը, ըլ­լան Հա­յեր, Յոյ­ներ թէ Հրեաներ, ստի­պուե­ցան դի­մագ­րա­ւելու իրա­րու նման մար­տահրա­ւէր­ներ՝ Պե­տու­թեան եւ թրքա­կան ըն­կե­րու­թեան հետ իրենց յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն մէջ: Որ­պէս օրի­նակ, կ՚անդրա­դառ­նայ 1955 Սեպ­տեմբեր 6ի դէպ­քե­րուն, որ յատ­կա­պէս Յոյ­նե­րու ջարդ էր: Բա­ցար­ձակ նմա­նու­թիւն պա­հան­ջող ըն­կե­րու­թեան մը մէջ, բո­լորն ալ ստի­պուե­ցան պայ­քար մղե­լու, կա­րենալ պահ­պա­նելու հա­մար իրենց լե­զուն, կրօն­քը, մշա­կոյ­թը, ինքնու­թիւնը, մար­տահրա­ւէր­նե­րուն պա­տաս­խա­նեցին տար­բեր ձե­ւերով, կ՚ըսէ Պա­լի: Այս հա­տորին մէջ ալ ար­դէն այ­սօ­րուան Թուրքիոյ մէջ, ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նութիւննե­րուն առ­ջեւ դրուած այդ մար­տահրա­ւէր­նե­րէն պատ­կեր մըն է, որ կը հրամ­ցուի:

Յե­տոյ, կը բա­ցատ­րէ, թէ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նութեան մը վե­րապ­րումի ծայր աս­տի­ճան դժուար այս պայ­մաննե­րուն մէջ հրեայ հա­մայնքին ներ­կա­յացած է «օգ­տա­կար» դառ­նա­լու առի­թը: Թրքա­կան պե­տու­թիւնը զայն գոր­ծա­ծած է Իս­րա­յէլի եւ հրէական լո­պիին մի­ջոցով՝ ԱՄՆ-ու քա­ղաքա­կանու­թեան մէջ թրքա­կան շա­հերը հե­տապնդե­լու որ­պէս լծակ: Այդ լծա­կը շռայ­լօ­րէն գոր­ծա­ծուած է չէ­զոքաց­նե­լու հա­մար Ուա­շինկթը­նի մօտ՝ հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան շա­հերը եւս, ինչպէս նաեւ՝ Միացեալ Նա­հանգնե­րու կող­մէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հեռանկարները:

Զօ­րեան Հիմ­նարկը կը բա­ցատ­րէ, թէ Պա­լիի գոր­ծին մէջ երեք երե­ւոյթներ հե­տաքրքրած են զինք:

Նախ, Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ու հրեայ հա­մայնքնե­րուն զօ­րակ­ցութիւ­նը՝ թուրք պե­տու­թեան կող­մէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րա­ցու­մին, դրա­կան ազ­դակ եղած է թուրք-հրէական եւ Թուրքիա-Իս­րա­յէլ յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն մէջ: Բայց միան­գա­մայն ալ պա­տուար մը հան­դի­սացած է Հա­յաս­տա­նի եւ Իս­րա­յէլի յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն մէջ: Նոյ­նիսկ եթէ բազ­մա­թիւ են Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ճանչցող հրեայ մտա­ւորա­կան­նե­րը, իս­րա­յէլեան պե­տու­թեան պաշ­տօ­նական մօ­տեցու­մը այն է, որ Հա­յերը Ող­ջա­կիզ­ման հետ հա­մեմա­տելի բան չապ­րե­ցան, ու­րեմն իրեն­ցը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն չէ:

Երկրոր­դը, Թուրքիոյ մէջ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու Մարդկա­յին իրա­ւանց երե­ւոյթն է: Այս հա­տորին մէջ կը տրուի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մի գոր­ծին մէջ՝ հրեայ հա­մայնքին թրքա­կան պե­տու­թեան կող­մէ «գոր­ծիքացման» նա­խոր­դած եւ յա­ջոր­դած շրջան­նե­րուն նշեալ հա­մայնքին պար­զած վի­ճակը: Նկա­տի ու­նե­նալով, որ Զօ­րեան Հիմ­նարկը Մարդկա­յին իրա­ւանց պաշտպան կազ­մա­կեր­պութիւն է, այս առու­մով ալ եր­կը կը հե­տաք­րէր զինք:

Հուսկ եր­րորդը, պե­տու­թեան մը, հիւ­րընկա­լած սփիւռքը ի՛ր ար­տա­քին քա­ղաքա­կանու­թեան մէջ որ­պէս գոր­ծիք գոր­ծա­ծելու երե­ւոյթն է:

Բնա­կանա­բար, վե­րեւ տրուած ամ­փոփ բա­ցատ­րութիւննե­րը, ոչ ալ տուեալ գիր­քին մէջ շատ աւե­լի ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յացուած հան­գա­մանքնե­րը կրնան ար­դա­րաց­նել անար­դար դա­տի մը զօ­րակ­ցե­լու կե­ցուած­քը:

Հա­մայնքնե­րը, ազ­գերն ու ժո­ղովուրդնե­րը ան­հատ մար­դոց նման են, շատ աւե­լի մեծ մաշ­տա­բով: Ու­նին իրենց նկա­րագի­րը, սո­վորու­թիւննե­րը, յատ­կութիւննե­րը, ու­նա­կու­թիւննե­րը, նաեւ… «մարդկա­յին բնազ­դ»ը: Անհրա­ժեշտ պա­հուն, մարդկա­յին այդ բնազ­դէն մղուած՝ առանց վա­րանու­մի կրնան միւ­սը զո­հել, իրենք զի­րենք փրկե­լու հա­մար: Բա­րոյա­կանօ­րէն որ­քան ալ անըն­դունե­լի ըլ­լայ, ա՛յս է իրա­կանու­թիւնը:

Կը մնայ, փոր­ձա­ռու­թիւննե­րէն դա­սեր քա­ղելով, նուազա­գոյնս յայտնուիլ՝ ոչ միւ­սը զո­հելու, ոչ ալ ինքզինք փրկե­լու կա­ցու­թիւննե­րու մէջ: Բայց ինչպէս մնացեալին, այս պա­րագա­յին եւս՝ աւե­լի դիւ­րին է ըսել, քան՝ ընել:

Ա. Դ.

«Նոր Յառաջ»

Scroll Up