Թուրքիա ընտրուած է ԻՒ­ՆԷՍՔՕ-ի Հա­մաշ­խարհա­յին ժա­ռան­գութեան յանձնախումբի անդամ

Վերոն­շեալ խո­րագ­րով տրուած լու­րը որ­քան ալ վրդո­վեցու­ցիչ թուի մե­զի, այնքան ալ զար­մա­նալի չէ, եթէ նկա­տի ու­նե­նանք Թուրքիոյ եւ Ազէր­պայճա­նի վեր­ջին տա­րինե­րուն շատ յա­ճախ դրա­մի զօ­րու­թեամբ վա­րած «ար­դիւնա­բեր» դի­ւանա­գիտու­թիւնը: Այդ եր­կիրնե­րը սկսած են մի­ջազ­գա­յին ռազ­մա­վարա­կան կա­րեւոր կազ­մա­կեր­պութիւններ «սի­րաշա­հիլ», որոնք ոչ միայն մարդկա­յին եւ այլ մի­ջազ­գա­յին ար­ժէքնե­րու այդ եր­կիրնե­րուն կող­մէ բռնա­բարու­մին աչք կը փա­կեն, այլ նաեւ առանձնաշ­նորհեալ տեղ մը կը վե­րապա­հեն անոնց: Թէեւ մի­ջազ­գա­յին ժա­ռան­գութեան հետ ուղղա­կի կապ չու­նի բայց վե­րոն­շեալ երե­ւոյ­թին լա­ւագոյն նմոյշնե­րէն է նաեւ այս օրե­րուն Թուրքիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցող ճատ­րա­կի հա­մաշխար­հա­յին ախո­յեանու­թեան Ազէր­պայճա­նի մաս­նակցու­թեան պա­րագան՝ «որ­պէս յա­տուկ հիւ­րը՝ Ճատ­րա­կի հա­մաշ­խարհա­յին դաշ­նակցու­թեան՝ ՖԻ­ՏԷ-ի նա­խագա­հին»: Ին­չո՞ւ: Որով­հե­տեւ, ան­ցեալ տա­րի, Պոլ­սոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ՖԻ­ՏԷ-ի հա­մագու­մա­րին, Ազէր­պայճա­նի Երի­տասար­դութեան եւ մար­զանքի նա­խարա­րը տաս­նեակ մի­լիոն տո­լար­նե­րով խօ­սած էր ՖԻ­ՏԷ-ի հետ՝ 2015ին եւ 2016ին Պա­քուի մէջ կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար ճատ­րա­կի Ողիմ­պիական­նե­րը եւ Հա­մաշ­խարհա­յին Բա­ժակի մրցումնե­րը: Ան նաեւ ՖԻ­ՏԷ-ին խոս­տա­ցեր էր 1 մի­լիոն տո­լար կան­խավճար: Այս փա­կագի­ծը փա­կելու հա­մար նշենք, որ Ազէր­պայճան ի վեր­ջոյ ձեռք ձգած էր այդ եր­կու ձեռ­նարկնե­րը հիւ­րա­սիրե­լու իրա­ւունքը:

Վե­րադառ­նա­լով ԻՒ­ՆԷՍՔՕ-ին, Նոյեմ­բեր 19ին, Փա­րիզի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Հա­մաշ­խարհա­յին ժա­ռան­գութեան յանձնա­խումբի իր նիս­տին, 121 թեր քուէնե­րով Թուրքիան ընտրած է իր այդ յանձնա­խումբին ան­դամ: Այս քուէար­կութե­նէն ետք Թուրքիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թիւնը բա­ռացիօրէն յայ­տա­րարած է. «Որ­պէս այդ յանձնա­խումբին ան­դամ, Թուրքիա մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէզին վրայ, կ՚ու­զէ բաժ­նել իր սե­փական մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան պաշտպա­նու­թեան եւ ղե­կավար­ման փոր­ձա­ռու­թիւնը»…

Խե՜ղճ մի­ջազ­գա­յին մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութիւն…:

«Նոր Յառաջ»

Scroll Up