Տեղի Ունեցաւ «Անսխալ Գրենք 2013» Մրցանքը

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս աշակերտներու մեծաթիւ եւ ուրախ բազմութիւն մը հաւաքուած էր «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը: Անոնք եկած էին մասնակցելու «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Անսխալ գրենք» մրցումին:

Երէկ` կիրակի, 1 դեկտեմբեր 2013-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը ողողած աշակերտները անհամբեր էին: Յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին ներկայացողներուն համար նորութիւն էր այս մրցումը եւ անոնք մեծ խանդավառութեամբ կ՛ուզէին փորձարկել իրենց գիտելիքները:

Այս տարի եւս, նախորդող տարիներուն նման, մեծ էր մասնակիցներուն թիւը: Մրցումը այս տարի տեղի ունեցաւ աւելի քան 320 աշակերտներու մասնակցութեամբ` ժամանած հետեւեալ 18 հայկական վարժարաններէ. Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, ՀԲԸՄ Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարան, Վահան Թէքէեան վարժարան, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան, Ազգային Աբգարեան վարժարան, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարան եւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան:

6rt

5rt

Յետմիջօրէի ժամը ճիշդ 3:00-ին սկսաւ մրցումին առաջին հանգրուանը, որ տրամադրուած էր 4-րդ դասարանի աշակերտներուն:

Մրցումի աւարտին մասնակիցներուն բաշխուեցաւ յիշատակի նուէր` տրամադրուած «Ազդակ»-ի կողմէ: Ապա սրահը յաջորդաբար գրաւեցին 5-րդ դասարանի աշակերտները` ժամը 4:00-ին, եւ 6-րդ դասարանի աշակերտները` ժամը` 5:00. անոնք նոյնպէս մրցումի աւարտին ստացան իրենց յիշատակի նուէրները:

Շնորհակալութիւն հայկական բոլոր վարժարաններու փոքրիկներուն, որոնք ամէն տարի մեծ խանդավառութեամբ կը ներկայանան` մասնակցելու «Անսխալ գրենք» մրցումին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն եւ յաջողութիւն վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ ծնողներուն, որոնք միշտ ալ քաջալերած են հայ գիրն ու գրականութիւնը` առիթ տալով փոքրիկներուն մասնակցելու նմանօրինակ մրցումներու:

www.aztagdaily.com

Scroll Up