Հարցազրոյց Շէն- Ֆրանսայի պատասխանատուներ՝ Յովհաննէս Քիւլչէեանի և Շաքէ Մուսայեանի հետ

 – Կրնայի՞ք տեղեկութիւններ փոխանցել Շէնի Ֆրանսայի կեդրոնի կազմակերպչական աշխատանքներուն մասինինչպէս նաեւ մանրամասնել Շէնի Հայաստանի գործունէութիւնըուր կարեւոր աշխատանք կը տարուիմասնաւորաբար սահմանամերձ շրջաններու գիւղերուն վերաբնակեցման եւ ընդհանուր զարգացման առումով։ Եւ նկատի ունենալովոր նոր վերադարձած էք Հայաստանէնթերեւս լաւ պիտի ըլլար այս կէտէն սկսելով ներկայացնէիք ձեր ճամբորդութեան նպատակը եւ իրագործուած ծրագիրները։ 

– Ըսեմ որ երրորդ անգամն էր որ Շէն-Ֆրանսան կ՚այցելէր Հայաստան եւ Արցախ, իսկ այս տարի գացինք նաեւ Ջաւախք ու Թիֆլիս (Սեպտեմբեր 18էն Հոկտեմբեր 3): Խումբը կազմուած էր 20 հոգիէ՝ մեծամասնութիւնը Շէնի անդամ։ Մեր գլխաւոր նպատակն էր այցելել այն շրջանները, ուր աւարտած էին ծրագրուած աշխատանքները։ 

 – Ո՞ր երկիրներուն մէջ հաստատուած է Շէնը։

 – Չորս երկիրներու մէջ գործունէութիւն հաստատած է Շէնը։ Նախ 1988ին հայաստանցի խումբ մը գործիչներու ջանքերով հիմնուեցաւ Հայաստանի Շէնը, որու նպատակն էր՝ Ղարաբաղեան շարժման օրերուն սահմանամերձ շրջաններու վերաբնակեցման եւ ամրապնդման ճամբով օժանդակել ազատագրական պայքարին։ Հիմնադիրներն էին Հայկ Մինասեան եւ Սամուէլ Աւետիսեան։ Վերջինս դժբախտաբար ոչ եւս է։

Երբ տեղի ունեցաւ 1988ի ահաւոր երկրաշարժը, Շէնը հարկադրաբար առժամապէս իր նպատակէն «շեղեցաւ», որպէսզի օգնութեան հասնէր աղէտեալներուն։

Այնուհետեւ ստեղծուեցաւ Արցախի Շէնը, որ Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտօնական ճանաչում չունենալու հետեւանքով պետական օգնութիւն չի ստանար, հետեւաբար անոր կ՚օժանդակէ Շէն-Ֆրանսան։ Ըսեմ, որ Հայաստանի Շէնը ունենալով ոչ-կառավարական կազմակերպութեան կարգավիճակ՝ պաշտօնապէս չի կրնար օժանդակել Արցախի Շէնին։

Այսօր Շէն-Արցախ ունի գրասենեակ մը եւ քանի մը պաշտօնեաներ, որոնք բազմակողմանի ծառայութիւններ կը մատուցեն ժողովուրդին։ Պէտք է ըսել, որ միութիւնը հոն շատ համակիրներ ունի, իսկ պատասխանատուն Կարէն Արամեանն է, որ համալսարանի գիտաշխատող է։

2003ին հիմնադրուեցաւ նաեւ Վրաստանի Շէնը, որու պատասխանատուն այսօր Միշա Աւագեանն է։ Ըսեմ, որ Թիֆլիսի մեր կեդրոնին շուրջ հաւաքուած են մեծ թիւով համակիրներ եւ կարեւոր է շեշտել, որ Թիֆլիսի եւ Ջաւախքի Հայերու ապրելակերպին միջեւ շատ մեծ տարբերութիւն կայ։ Շէն-Ֆրանսան Ջաւախքի մէջ վերանորոգած է դարմանատուն մը, ինչպէս նաեւ ներդրում կատարած, որպէսզի Ախալքալաքի մէջ հայկական ձայնասփիւռի կայան մը հիմնադրուի, որուն սակայն դժբախտաբար պետութիւնը արգիլած է ձայնասփռումներ կատարել։ Յատկանշական է ըսել, որ Շէնի տեղական ուժերը իրենց անձնական ջանքերով կ՚օգնեն միութեան բարելաւման աշխատանքներուն։ Աւելցնեմ, որ Շէն-Ֆրանսան թէ՛ Արցախի եւ թէ Ջաւախքի ժողովուրդին կ՚օգնէ, որպէսզի տեղացիին առօրեայ պայմանները բարելաւուին եւ ան կառչած մնալով հողին՝ չլքէ հայրենի գիւղերն ու աւանները։ Առ այդ մենք միշտ ուշադիր ենք տեղացիներուն պահանջներուն եւ իրենց կարծիքներն ու մտահոգութիւնները մեր օրակարգին կարեւոր տեղը կը գրաւեն։

Եւ վերջապէս, 1990ին ստեղծուեցաւ Շէն-Ֆրանսան, որու հիմնադիրներն են Օշին Եղիազարեան, Ֆիլիփ Գարակիւլեան, Օհան Թուֆանեան եւ Տիգրան Շիրվանեան։ Կազմակերպութիւնը ունի շուրջ 30 անդամներ եւ վարչութիւն մը, որ Շէնի Հայաստանի, Արցախի եւ Վրաստանի կեդրոններուն հետ համադրաբար ծրագիրներ կը մշակէ։ Մենք նաեւ դրամահաւաքի ճամբով սատար կը հանդիսանանք նշեալ ծրագիրներու իրականացումին եւ այս բոլորը կը ջանանք իրագործել նոյնիսկ ֆրանսական գործելակերպով՝ միշտ վերահսկելով աշխատանքներուն։ 

 – Իսկ ինչպէ՞ս կը կազմակերպէք դրամահաւաքի արշաւը։

– Մեր գլխաւոր հասոյթը կը գոյանայ Շէն-Ֆրանսայի տարեկան տօնավաճառէն, որ կը տարուբերի 30էն 50 հազար եւրոյի միջեւ, որ անշուշտ բաւարար չէ ի տես մեր հսկայական գումարներ պահանջող ծրագիրներուն, իսկ ատոր համար ալ կը փորձենք այլ միութիւններու եւ հաստատութիւններու օժանդակութիւնը ապահովել։ Օրինակի համար վերջին տարիներուն կրցանք Association Normande de Solidarité Arménienne-էն նիւթական օգնութիւն ստանալ։ Քանի մը տարի առաջ դիմեցինք Hauts-de-Seine-ի Շրջանային Խորհուրդին եւ մեր կենսաբանական գիւղատնտեսութիւնը զարգացնելու միտող ծրագրին համար ստացանք 10 հազար եւրոյի նպաստ մը։ Կը կազմակերպենք նաեւ նամակարշաւ մը՝ դրամահաւաքի նպատակով։

Պէտք է ըսել, որ նոյնը չէ պարագան Շէն-Հայաստանի, որ նիւթական աղբիւր ապահովելու աւելի լայն միջոցներ ունի, անոր յատկապէս կ՚օգնէ Fondation Orange-ը։ Ան կը ստանայ նաեւ միջազգային պետական նպաստներ։ 

 – Շէն քաղաքական կազմակերպութիւն մը չէ եւ կը զբաղի բարեսիրական գործով։ Սակայն ի վերջոյ սահմանամերձ գիւղերու շէնացումն ու վերաբնակեցումը իր մէջ կ՚ընդգրկէ քաղաքական հեռանկար մը։ Այս երեւոյթը ինչպէ՞ս կ՚ընկալուի Հայաստանի կառավարութեան կողմէ։

 – Կրնամ ըսել որ մեր եւ պետութեան միջեւ յարաբերութիւնները շատ ջերմ չեն, սակայն թշնամական ալ չեն։ Նշեմ, որ քանի մը տարի առաջ արգիլեցին մեր մանր վարկի ծառայութիւնը, քանի որ կ՚ուզէին ստուգել անոր դրամական միջոցներու ակունքը, բայց վերջը վերցուցին արգելքը։ Իսկ անցեալ ամիս երբ երկու գործիքներ ղրկեցինք Ներքին Բազմաբերդի (Երեւանէն 60 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, Թալինի շրջանը) դարմանատան համար, դէմ յանդիման գտնուեցանք մեծ դժուարութիւններու եւ շուրջ մէկուկէս ամիս տրամադրեցինք զանոնք մաքսատունէն դուրս բերելու համար։ Պատճառն ալ այն էր, որ պետութիւնը կը փորձէր մեծ տուրք կորզել ապրանքներէն, հակառակ անոր որ անոնք ո՛չ թէ նոր այլ գործածուած իրեր էին։ Այսուհանդերձ երբ մեր վերջին ճամբորդութեան ընթացքին (Սեպտեմբեր 19) Ներքին Բազմաբերդի դարմանատան բացումը կատարեցինք, արարողութեան ներկայ էին առողջապահութեան փոխնախարարը, շրջանի մարզպետը, գիւղապետը։

 – Որքա՞ն արժած է Ներքին Բազմաբերդի դարմանատան շինութիւնը։

-Արդէն տասը տարի է որ Շէն-Ֆրանսան կ՚աշխատի այդ ծրագրի իրագործման ուղղութեամբ, շէնքին վերանորոգման աշխատանքները սկսած ենք արդէն 2005ին եւ շուրջ 120 հազար եւրօ ծախսած ենք, որպէսզի այսօր սասունցիներու այդ շրջանի տասը գիւղերու շուրջ 8 հազար բնակչութիւնը օժտուի առողջապահական կեդրոնով մը՝ կահաւորուած նոր սարքաւորումներով։

Տեղեակ ենքոր ՇէնՀայաստանը ունի չորանոցներ՝ պտուղ չորցնելու կեդրոններ։ Կրնայի՞ք ըսել թէ որքան արդիւնաւէտ է այդ գործունէութիւնը։

 – Տեղւոյն մեր կազմակերպութիւնը կը փորձէ կենսառողջապահական (bio) գիւղատնտեսութիւնը զարգացնել եւ տարածել Հայաստանի մէջ, գիւղացիները վերապատրաստելով այդ կարեւոր տնտեսական գործունէութեան։ Ըսեմ, որ Շէնի միջոցներով պատրաստուած չոր պտուղները, բացի Սեւրի տօնավաճառէն, կը փորձենք բաժնել նաեւ հայ նպարավաճառներուն, սակայն պէտք է ըսել, որ ան չի դիմանար իտալական կամ թրքական մրցակցութեան, նկատի ունենալով որ լաւորակ ըլլալով, արտադրութեան քիչ քանակ ունենալով եւ փոխադրութեան աննպաստ պայմաններով, գիները քիչ մը բարձր են։

– ՇէնՖրանսայի այս տարուան տօնավաճառին պատրաստութիւնները ի՞նչ ընթացքի մէջ են։

– Յառաջիկայ Նոյեմբեր 30 եւ Դեկտեմբեր 1ին Սեւրի Մխիթարեան վարժարանին մէջ կայանալիք տօնավաճառին վաճառուող ապրանքները կը գնենք ուղղակի Հայաստանի արհեստաւորներէն կամ արտադրողներէն (ընդհանուր ծախսը 15էն 20 հազար եւրօ կը հաշուէ) եւ մեր անձնական միջոցներով կը փոխադրենք Փարիզ։ Հարկ է նշել որ «Հայաստան» հիմնադրամը մեզի կ՚օգնէ իրերու փոխադրութեան առումով։ Այս տարուան տօնավաճառին կը վաճառուին 2013ին հրատարակուած գիրքերը, պիտի հրաւիրենք նաեւ հեղինակները, որոնք այդ երկու օրերու ընթացքին պիտի մակագրեն իրենց հատորները։ Տօնավաճառի օրերուն ունինք տաղաւար մը, ուր յատկապէս պիտի ներկայացուի Շէնի շուրջ 25 տարուան գործունէութիւնը՝ ժապաւէնի ցուցադրութեան ճամբով։

Վերջին օրը կը կազմակերպենք նաեւ ճաշ մը, որ երեք տարիէ ի վեր կը կայանայ Սեւրին մօտ գտնուող աւելի ընդարձակ սրահի մը մէջ։ Ի միջի այլոց ըսեմ, որ այս տարի Շէն-Ֆրանսան, հաւատարիմ իր մարդասիրական առաքելութեան, 10 հազար եւրօ նուիրեց Սուրիոյ հայութեան՝ Անթիլիասի մէջ ստեղծուած հիմնադրամի ճամբով։

 – Ի՞նչ նոր ծրագիրներ ունիք։

– Կ՚ուզենք Արցախի Ծմակահող գիւղին մէջ հացահատիկի ջաղացք հիմնել։ Մեր միջոցներով վերանորոգուած էր արդէն նշեալ գիւղին երկուքուկէս քիլոմեթր ճամբան։ Նաեւ այդ շրջանը գտնուող Ղազանչիկ գիւղի վերանորոգուած սրահին (Շէնի միջոցներով) կահկարասին պիտի ապահովենք։ Աւելցնեմ, որ մեր կարեւոր ծրագիրներէն է Եղնաջուրը շէնցնելը, որպէսզի ժողովուրդը չհեռանայ Վրաստան-Թուրքիա սահմանին գտնուող այդ վերջին գիւղէն։ Հոն այսօր կը բնակին տասը ընտանիքներ եւ մենք կ՚ուզենք հոն կառուցուելիք բնակավայրերու թիւը աւելցնել։ Մտադիր ենք նաեւ Ախալքալաքի ձայնասփիւռի շէնքին մէջ – որ այսօր պարապ է – պանիրի գործատուն մը հիմնադրել։

Տեսակցեցաւ՝

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up