Ազատ խոհեր Սուրիոյ ցաւալի տագնապի լուսանցքին վրայ

Պատեհապաշտական իմաստութիւն մը կ’ըսէ, որ թշնամիիս թշնամին բարեկամս է: Այս արագ ընդհանրացումը կը կարօտի անմիջականէ հեռացող լուսաբանութեան:

Սուրիական տագնապին մէջ յայտնուած է Թուրքիան, որ զօրավիգ կը կանգնի երկրի իշխանութեան դէմ ծաւալած շարժումին: Քաղաքական կեանքի մէջ անմեղ նախաձեռնութիւններ փնտռել միամտութիւն է:

Համաթրքական իր ռազմավարութեան ճամբուն վրայ, կայսերական երազով տարուած, ժամանակակից Թուրքիան հետեւողականօրէն կը ձգտի անոր իրականացման: Եւրոմիութիւն մտնելու ճիգերը, Սուրիոյ ըմբոստութեան բերած իր նպաստը, Ազրպէյճանի ռազմապաշտ ցանկութիւններուն հետ իր քայլ պահելու միտումները, թրքալեզու ժողովուրդները համախմբելու իր նախաձեռնութիւնները բան մը կը նշանակեն, եթէ իրադարձութիւններու «ընթերցում»ը գիտնանք ընել:

Երբեմն ալ պէտք է յիշել, որ Օսմանցիները Վիեննայի դռները հասնելէ ետք հեռացուեցան: Եւրոպան այդ «ընթերցումը» պէտք է ընէ: Այդ «մեծութեան» երազը ունի Թուրքիան, եւ դեռ ոչ շատ հեռաւոր անցեալին, Տեմիրէլ եւ ուրիշներ ըսին, որ Թուրքիան կը տարածուի Եգէական ծովէն մինչեւ Չինաստան:

Եթէ այդ «ընթերցում»ը գիտնային ընել Սուրիոյ իրարու հակադրուող ուժերը, երկիրը նուազ կը դժբախտանար: Թուրքիան ծաւալապաշտական ցանկութիւններ ունի: Ան կը միջամտէ դրացի երկրի ներքին հարցերուն, շեշտելով ներազգային հակամարտութիւնը, բայց ոչ սուրիացի ժողովուրդին բարիք ցանկալով: Ան միշտ ուզած է Քէրքուքի նաւթահորերուն տիրանալ, Հալէպը օսմանեան կայսրութեան քաղաք է: Միշտ ուզած է իր ծովափէն ոչ հեռու գտնուող յունական կղզիներուն տիրանալ, անպատիժ կերպով բանակ բերաւ Կիպրոս, եւ բանակի ներկայութեան պատճառով կը շարունակուի բաժանումը, երբ կղզիի թուրքերն անգամ չեն ուզեր այլեւս բաժանումը:

Թուրքիա միշտ «պասքիւլ»ի քաղաքականութիւն վարած է, օգտուելով իր աշխարհագրական-ռազմագիտական դիրքէն: Իր նպատակներու իրակացման համար ան երբեք չէ վարանած օգտագործելու ցեղային, լեզուամշակութային եւ կրօնական ազդակները: Սուրիոյ տագնապի պարագային կ’օգտագործէ կրօնական ազդակը, եւ փոփոխութեան հետամուտ անմիջական խնդիրներ ունեցողները չեն ուզեր նկատի ունենալ, որ Թուրքիան բարեսիրութիւն չ’ըներ, այլ կը հետապնդէ իր շահերը: Արդէն իւրացուցած եւ մարսած է Սուրիոյ պատկանած Ալեքսանտրէթի սանճագը:

Այս պարզ իրողութիւններէն անդին, արաբական աշխարհը պիտի ըմբռնէր նաեւ միջազգային հաւասարակշռութեան միւս երեսը: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, Ռուսիա կորսնցուց Միջերկրականի իր խարիսխները եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի իր խարիսխները. Եգիպտոս, Ալժերիա, նախկին Եուկոսլաւիա, եւայլն: Պատմութեան տարրական չափով տեղեակ անձեր գիտեն, որ Ռուսիա միշտ ուզած է, ինչպէս կ’ըսուի, «տաք ջուրերը» իջնել: Այժմ իր ունեցած միակ խարիսխը սուրիական Թարթուս նաւահանգիստն է, ինչ որ կը բացատրէ սուրիական իշխանութեան ընծայած իր հզօր եւ անվիճելի նեցուկը: Ինչ որ ենթադրել կու տայ, որ մօտալուտ չի կրնար ըլլալ Սուրիոյ վարչակարգի փոփոխութիւնը: Հաւանօրէն այս իրողութիւնն է, որ Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանը մղեց զինուորական ուղղակի միջամտութեան մասնակցութենէ հեռանալու:

Սուրիական տագնապի բարդութիւնը հոս կանգ չ’առներ: Արաբական աշխարհը թատերաբեմ է տարակարծութիւններու, որոնք կը թելադրուին դուրսէն, ծնունդ տալով մրցակցութիւններու, որոնք միացեալ ճակատ կազմելու արգելք կը հանդիսանան: Այլ խօսքով, Սուրիոյ մէջ է որ տարբեր ուժեր կը ճակատին, աւերելով երկիրը եւ դժբախտացնելով ժողովուրդը, որ կը ծառայէ ոչ թէ սեփական հայրենիքի շահերուն, այլ՝ արտաքին ուժերու:

Սուրիական, եւ ընդհանրապէս արաբական աշխարհի հակամարտութիւնները աւելի դիւրին կը գտնեն իրենց լուծումները, ազգային եւ մարդկային յառաջդիմութեան ճամբուն վրայ, եթէ քաղաքական-տնտեսական հարցերը անջատուին կրօնական ազդեցութիւններէ եւ ընտրանքներէ, հասնելով այն իմաստութեան՝ որ կրօնքը անհատական խիղճի հարց է:

Հաւանօրէն պիտի սպասեն, որ Մահադմա Կանտի մը, իր պարզութեան օրինակով եւ կամքով, իրականացնէ քաղաքական արդիականացումը: Պատրաստուած մտաւորականներ չեն պակսիր: Բայց դեռ կը սպասուի «քարիզմաթիք» ղեկավարը, որ ոչ թէ ուժով եւ դրամով, այլ իր հեղինակութեամբ բանայ նոր ժամանակի դարպասը:

Եթէ կարենայի արաբերէն գրել, այս էջերը կը ղրկէի թերթերու եւ կը տեղադրէի համացանցի վրայ…

Այս հարցերուն մասին մտածեցի, երբ լիբանանեան լեռներուն վրայ ապաստան գտած սուրիացներու հանդիպեցայ եւ ծանր գործեր ընող սուրիացի աշխատաւորներու, Քունէյթրայէն, Համայէն, Հոմսէն…:

Յ.ՊԱԼԵԱՆ

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up