Ս. Կիրակոս եկեղեցին Տիգրանակերտի հայութեան փեթակը, որ կը սպասէ իր հոգեւոր հովիւին
Փիւնիկի նման իր մոխիրներէն յառնած է Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցին։ Պատմական արեւմտահայաստանի մէջ, Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը, հայութեան վերադարձուած միակ հայկական եկեղեցին է, որ այսօր կրօնափոխ եւ գաղտնի Հայերու հոգեւոր ապաստանը կը հանդիսանայ։ Եկեղեցական հսկայական համալիրը տեղ կը տրամադրէ հազարաւոր ուխտաւորներու ընդունելութեան։ Թէեւ անոր վերանորոգումէն եւ պաշտօնական վերաբացումէն ի վեր՝ 2012 Նոյեմբերին, տակաւին հոգեւոր հովիւ չունի՝ հակառակ Պոլսոյ պատրիարքութեան տուած հաւաստիքին, սակայն, այսուհանդերձ, Սուրբ Կիրակոսը տեղւոյն քօղարկուած Հայերուն ճակատաբաց իրենց ինքնութիւնը հաստատելու, անքօղ արտայայտուելու բացարձակ հաւաքավայրը դարձած է։
Արդարեւ, այցելուներու շարքերը մրջիւնի ժրաջանութեամբ կը մտնեն եկեղեցւոյ դռնէն ներս։ Դուրսէն այցելուի մը համար հասկնալի չէ, թէ ուրկէ՞ կու գան այսքան այցելուներ, թէ ի՞նչ է այն մղիչ ուժը, որ տեղահանութենէն, կոտորածներէն 100 տարի ետք այդ հանրութիւնը կ՚առաջնորդէ եկեղեցւոյ դուռը։ 100 տարուան կրակ մը, որ մնացած է անմար՝ իսլամի, Քիւրտի, Թուրքի դիմակին տակ, մնացած է անաղարտ, փոխանցուած՝ սերունդէ սերունդ։ Աւելի՛ հայ, հոգեպէ՛ս հայ, քան Հայաստանի եւ Սփիւռքի բազմաթիւ հայորդիներ, որոնք բարեկեցիկ տնտեսական պայմաններու կամ ընկերային պատշաճումներու ենթարկուելով՝ հայութենէն կը պահեն միայն իրենց հայկական մականունը։
Սուրբ Կիրակոսը դարձած է այն առաջին հանգրուանը, ուր կը յամենան թաքնուած Հայերը՝ իրենց պապենական հաւատքը, իրենց ինքնութիւնը լիարժէք կերպով, գլխաբաց, ստանձնելու։ Ոմանց համար տակաւին կանուխ է բացայայտ կերպով հայութեան վերադարձ կատարելու քայլը։ Սակայն, Ս. Կիրակոսը կը մնայ անշրջանցելի առաջին քայլը։
Ըստ տեղւոյն քաղաքապետ Օսման Պայտէմիրին կողմէ տրուած պաշտօնական տուեալներուն՝ 2000 թուականներուն սկիզբը, Տիգրանակերտի մէջ (Տիյարպաքըր) միայն երկու հոգի ինքզինք հայ կը յայտարարէր։ 2012ին այդ թիւը բարձրացած է 200ի։ Սակայն, Սուրբ Կիրակոսի վերանորոգումը եւ բացումը շատ բան փոխած են տեղւոյն հայութեան կեանքին մէջ։ Քահանայի մը ներկայութիւնը եւ հայերէնի դասընթացքի մը հաստատումը նոր շունչ պիտի տար տասնեակ տարիներէ ի վեր լոյսի կարօտ թաքնուած այդ հոգիներուն։ (Ի միջի այլոց, ինչպէս որ արդէն ըսուած է՝ Տիյարպաքըր քաղաքի Սուրի թաղապետութիւնը հայերէնի դասընթացք արդէն հաստատած է. տե՛ս. քովի էջը)։
Տիյարպաքըր Պոլիսէն 1500 քիլոմեթր հեռու կը գտնուի, գաւառային այս փոշոտ քաղաքին մէջ շատ բան փոխուած է քիւրտ քաղաքապետին՝ Օսման Պայտէմիրի ընտրութենէն ի վեր։ Դեռ տասը, տասնհինգ տարի առաջ, գաւառային «յետամնաց» նկատուող այս քաղաքը, այսօր, մէկ միլիոն բնակչութեան տէր է։ Դարձած է Թուրքիոյ քիւրտ բնակչութեան մայրաքաղաքը։ Քաղաքապետը բծախնդիր հոգածութեամբ վերակառուցել տուած է եկեղեցին։ Վերանորոգման ծախսերուն 30 տոկոսը յանձն առնուած է վերջինիս կողմէ։ Անոր հովանաւորութեամբ՝ Սուրբ Կիրակոսը, իբր հայութեան իրաւական գոյքը՝ վերադարձուած է։ Վերադարձուած է նաեւ եկեղեցապատկան կալուած մը։
Անոր երաշխիքով՝ տիգրանակերտցի Հայերու յանձնախումբ մը կազմուած է, որ ճարտարապետութեան եւ շինարարական աշխատանքներու վերահսկումին հետեւած է եւ հանգանակութիւն կազմակերպած։
ՈՒՏԻ ԵՐՈՒԱՆԴ.ՍՈՒՐԲ ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒ
Ուտի Երուանդ Պոսթանճի, բնիկ տիգրանակերտցի մը, երաժիշտ, ուտ նուագող, որ 1993 թուականին կը մեկնի ԱՄՆ։ Հակառակ Ամերիկայի բարենպաստ պայմաններուն, հոգուով ու սրտով կը մնայ տիգրանակերտցի։ 2004 թուականին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Տիգրանակերտ՝ մասնակցելու երաժշտական փառատօնի մը։ Քաջալերուած քաղաքապետին՝ Օսման Պայտէմիրի խանդաղատանքէն, կ՚որոշէ վերադառնալ ապրելու համար իր քաղաքը։ Կը նուիրուի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան։ Աշխուժօրէն կ՚աշխատի եկեղեցիին շինութեան եւ բարեխնամութեան գործերուն, տեղւոյն վրայ կազմուած փոքրիկ յանձնախումբի մը հետ։ Կու տայ դրամահաւաքի յատուկ համերգներ։
Ըստ Ուտի Երուանդին՝ 5.300.000 թրքական լիրա ծախսի նայած է եկեղեցւոյ նորոգութիւնը, որուն 1.300.000ը դեռ կը մնայ անվճար։
Աշխարհով մէկ ցրուած Տիգրանակերտցիները եւ մանաւա՛նդ տեղացիները յանձն առած են 70 տոկոսը վերանորոգման գումարին։
Ժ. Չ.
«Նոր Յառաջ»