Լէյլէքեանի դատը ընդդէմ Օրան-Մարցի Փարիզի Վերաքննիչ դատարանին առջեւ
Հինգշաբթի՝ Նոյեմբեր 14-ին, Փարիզի Վերաքննիչ դատարանին մէջ տեղի ունեցաւ խմբագիր, լրագրող Լօռան Լէյլէքեանի դատավարութիւնը ընդդէմ ֆրանսահպատակ թուրք քաղաքական գործիչ Սըրմա Օրան-Մարցի:
Նախ քանի մը տողով յիշեցնենք թղթածրարը: Լ. Լէյլէքեան «Ֆրանս-Արմէնի» հանդէսին մէջ “Martz attaque!” խորագրեալ գրութեամբ մը դատապարտած էր Սըրմա Օրան-Մարցի ժխտողի կերպարը եւ զայն ներկայացուցած որպէս ժխտողականութեան թրքական քարոզչական մեքենային մէկ օղակը: Այս գրութեան որպէս հակազդեցութիւն, Ս. Օրան-Մարց ալ անուանարկութեան դատ բացած էր Լէյլէքեանի դէմ: Այս տարուան Յունուար 24ի դատավարութեան որպէս արդիւնք՝ Թրքուհիին ի նպաստ արձակուած վճիռէն ետք ալ Լ. Լէյլէքեան Վերաքննիչ դատարան դիմած էր:
Նոյեմբեր 14-ի այս նոր դատավարութեան, նախ դատաւորը ներկայացուց դէպքերու ամփոփումը, նաեւ բացատրեց թէ ինչերո՛ւ հիման վրայ նախորդ վճիռը արձակուած էր: Դատաւորը, ի մէջ այլոց, նշեց, որ Լէյլէքեան բաւականաչափ փաստեր չէր բերած, որոնք Սըրմա Օրանի ժխտողի, թրքական պետութեան ժխտողական քարոզչութիւնը տարածելու լծակի հանգամանքը պիտի կարենային փաստել: Աւելցուց նաեւ, որ Լէյլէքեան իր պաշտպանականին մէջ Սըրմա-Օրանի կողմէ անցեալին Ժան-Փօլ Պրէթի դէմ բացուած դատին գործածուած հիմքերէն անդին չէ կրցած երթալ, խնդրոյ առարկայ խմբագրականին մէջ ոչ թէ անձին, այլեւ գաղափարախօսութեան մը նուիրուած ըլլալու հանգամանքը չէ կրցած ապացուցել, ուրեմն Օրանի անուանարկումի երեւոյթի կը մնայ ի զօրու:
Ապա, խօսքը տրուեցաւ Լէյլէքեանին: Երդուելէ ետք, թէ իր արտայայտութիւնները անկեղծ են, ընդգծեց, որ իր պայքարը գաղափարական է, քանի որ այն պահուն երբ Ժան-Փօլ Պրէթ՝ Կանաչներու ընտրական ցանկը ընկերվարականներուն հետ միացնելու համար, Սըրմա-Օրանէն որպէս պայման, պահանջած էր Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ իր կեցուածքը յստակացնել, վերջինս փոխանակ այդ պահանջը կատարելու, նախընտրած էր քաշուիլ: Աւելցուց նաեւ, թէ ինք միշտ վիճարկումի կողմնակից մը եղած է, գրած է բազմաթիւ յօդուածներ զանազան թերթերու մէջ այս նիւթին վերաբերեալ, սակայն միայն վերոնշեալ գրութիւնն է, որ հիմք առնուած է իր դէմ դատ բանալու համար: Որպէս պատասխան այն հարցումին, թէ ի՞նչ է իր կարծիքը առաջին վճիռին մասին՝ Լէյլէքեան պատասխանեց, որ զայն կը գտնէ անարդար. աւելցուց, թէ զայն կարդալով՝ այն տպաւորութիւնը կը ստացուի, որ ան խմբագրուած է հակառակորդին կողմէ: Երբ իրեն հարց տրուեցաւ, թէ “Martz attaque!” յօդուածի գրութեան ձեռնարկելէ առաջ, արդեօք փորձա՞ծ էր կապի մէջ մտնել ենթակային հետ՝ երկխօսութիւն հաստատելու համար, Լէյլէքեան պատասխանեց, որ չէ դիմած նման քայլի, քանի ժխտողներուն հետ այդ տեսակի որեւէ փորձ անկարելի է: Դիտել տուաւ, որ այդպիսի քայլ մը բացասական պիտի ըլլար նաեւ այն առումով, որ նման նախաձեռնութիւններ կը շահարկուին թրքական պետութեան կողմէ, որ միջազգային հանրութեան ցոյց տալով զանոնք՝ կը փորձէ ստեղծել այնպիսի տպաւորութիւն, որ իբրեւ թէ երկխօսութիւն կայ երկու կողմերուն միջեւ. ատիկա կը ծառայէ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման ձգձգումին, աւելի ճիշդ՝ պարզապէս ժամանակ շահելու:
Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ Սըրմա Օրան-Մարցին, որ անմիջապէս յայտարարեց, թէ Լէյլէքեան մէկն է, որ ոխակալ է բոլոր Թուրքերուն նկատմամբ եւ որու գնահատումով՝ ո՛վ որ Թուրք կը ծնի՝ մեղաւոր է, հակառակ անոր որ ինք ոչ մէկ մեղք ունի պատահածներուն մէջ (կ՚ակնարկէ Ցեղասպանութեան – «ՆՅ»): Յայտարարեց նաեւ, որ վիրաւորուած է այդ գրութենէն եւ այսօր ծանրօրէն կը տուժէ գործի կեանքին մէջ, որովհետեւ իրեն փակցուած «ժխտող»ի այդ պիտակին պատճառով աշխատանք չի կրնար ճարել: Օրինակ մը տալով՝ ըսաւ, թէ երբ համացանցի վրայ «Սըրմա-Օրան» գրէք, անմիջապէս պաստառին վրայ կը գտնէք ժխտողի իր հանգամանքը: Ընդգծելով, որ ինք Ֆրանսայի քաղաքացի է եւ պաշտպան՝ անոր որդեգրած արժէքներուն՝ յայտնեց, թէ այս բոլորին պատճառով վարկաբեկուած է, ինքզինք ընկերութենէն արտաքսուած կը զգայ:
Իրմէ ետք՝ խօսեցաւ Օրան-Մարցի փաստաբանը: Ան փորձեց հարցը քաղաքականացնել: Որպէս լծակ գործածելով երկխօսութիւն հաստատելու մասին Լէյլէքեանի պատասխանը՝ ըսաւ, թէ ան ծայրայեղականներու խաւի մը մաս կը կազմէ, որ կը վանէ գրեթէ ամէն օտար տարր: Ծայրայեղ աջակողմեան որակեց Լէյլէքեանը եւ իր նմանները, որոնց համար «բոլոր Թուրքերը ցեղասպան կամ ցեղապաշտ են», լարուած են թուրք պետութեան դէմ՝ աւելցնելով, որ անոնք տիպար Հայերու ներկայացուցիչներ չեն եւ կը վնասեն իսկական Հայ Դատին: Պնդեց նաեւ, որ իր պաշտպանեալը կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Օրան-Մարցի փաստաբանը շահարկեց նաեւ նախորդ վճիռին մասին Լէյլէքեանի գնահատականը՝ ըսելով, թէ ան անգամ մը եւս ցոյց տուաւ անհանդուրժողութիւն իր նման չմտածողներուն նկատմամբ, հալածախտի որոշ յատկանիշ ալ նշմարելով անոր արտայայտութիւններուն մէջ:
Խօսքը նախքան երկու փաստաբաններուն փոխանցելը՝ դատախազը արտայայտուեցաւ: Ըսաւ, թէ ինք կը փափաքի, որ դէպքերու գնահատումին մէջ նկատի առնուի Սթրազպուրկի Մարդկային իրաւանց ատեանին կողմէ որդեգրուած խօսքի եւ մամուլի ազատութեան մասին օրէնքը:
Ապա խօսքը տրուեցաւ Լէյլէքեանի փաստաբան՝ մէթր Շառիէր-Պուռնազէլի, որ անմիջապէս հերքեց իր գործընկերոջ այն պնդումը, թէ Սըրմա Օրան-Մարց կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Աւելցուց, թէ ոչ մէկ փաստ կայ այդ մասին, ընդհակառակն՝ այն բոլոր կազմակերպութիւնները, որոնց մաս կազմած է Սըրմա-Օրան, այսօր ցանկագրուած են որպէս ժխտող, Ցեղասպանութիւնը ուրացող ընկերակցութիւններ: Եզրակացուց, թէ այդ ալ ինքնին անուրանալի ապացոյց մըն է՝ Օրանի ժխտող մը ըլլալուն մասին: Խօսեցաւ նաեւ 2006ին, Լիոնի մէջ՝ Հայկական յուշարձանին դէմ կազմակերպուած թրքական ցոյցին մասին, որ ժխտումի արտայայտութիւն մըն էր եւ որուն մասնակցած էր Սըրմա Օրան եւս, գորշ գայլերու կողքին։ Ըսաւ, թէ հակառակ անոր, որ Ֆրանսայի մէջ ճանչցուած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ժխտումի դէմ օրէնք մը գոյութիւն չունենալով՝ նման արտայայտութիւններ «յանցանք» չեն նկատուիր: Բայց այս պարագային՝ պէտք չէ մոռնալ, որ Սըրմա-Օրան մասնակից դարձած է ժխտողական ցոյցի մը, երբ ֆրանսական քաղաքական պաշտօններ կը վարէր, ուրեմն երեւոյթը աւելի հանգամանալից կը դառնայ: Փաստաբանը հոս նշեց նաեւ, որ ցոյցի մասնակցութեան այս պարագան բացայայտուեցաւ Ժան-Փօլ Պրէթին դէմ բացուած դատէն ետք: Երբ Պրէթ իրազեկ դարձած է այս լուրին, իրմէ խնդրած է, որ գրաւոր կերպով յստակօրէն յայտարարէ իր դիրքը, թէ ժխտող մը չէ եւ թէ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Բայց Օրան-Մարց, փոխանակ ըսելու թէ ինք կը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, նախընտրած է ցանկէն քաշուիլ, ինչ որ ինքնին յաւելեալ փաստ մը կը հանդիսանայ ենթակային ժխտող մը ըլլալուն մասին եւ այս իրողութիւնը անհերքելի է: Մէթր Շառիէր-Պուռնազէլ ըսաւ, որ Սըրմայի փաստաբանին այսօր կատարած այդ յայտարարութիւնը, թէ իր պաշտպանեալը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, մեծ սուտ մըն է: Լէյլէքեանի փաստաբանը դատարանին ներկայացուց նաեւ թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին մէջ լոյս տեսած գրութիւն մը, ուր յօդուածագիրը Լէյլէքեանը կ՚ամբաստանէ Թուրքերը ցեղապաշտ, մարդատեաց եւլն. անուանումներով։ Օրան-Մարցի փաստաբանին գործածած սոյն որակումները փոխառութիւն են այդ յօդուածէն, Լէյլէքեանի գրածներուն չեն համապատասխաներ։
Եւ իբր անառարկելի փաստ՝ փաստաբանը հերքեց Սըրմա-Օրանի անուանարկումի մեղադրանքը՝ յիշեցնելով պարագան անուանարկումի այլ դատավճիռի մը. անձ մը, որ Néonazi անուանուած էր, սակայն այդ անուանումը բաւարար չէր նկատուած բողոքող կողմի անուանարկումի մեղադրանքին ընթացք տալու համար։
Վերաքննիչ ատեանը իր վճիռը պիտի արձակէ 2014 Յունուար 16-ին:
«Նոր Յառաջ»