Սուրիահայերու Հիմնախնդիրներով Զբաղող Միջգերատեսչական Յանձնաժողովի Կազմը Ընդլայնուեցաւ
Յունուար 18-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ կազմակերպուած հանդիպման ժամանակ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ֆինանսական աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի աշխատանքները կազմակերպող քարտուղարութեան կազմը համալրած չորս մասնագէտները: Ձեռնարկին կը մասնակցէին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի խորհրդատու Համազասպ Դանիէլեանը, նախարարութեան աշխատակիցներ:
Նախարարը նշեց, որ երկար քննարկումներէ ետք որոշուեցաւ համալրել քարտուղարութեան կազմը, քանի, որ սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի նիստերու կազմակերպման, սուրիահայերու ընդունման, անհրաժեշտ խորհրդատուութեան տրամադրման, անոնց խնդիրներու վերհանման եւ ատոնց լուծման ուղղուած աշխատանքները կ’իրականացնէր նախարարութեան մէջ գործող` 5 հոգիէ բաղկացած աշխատանքային խումբ մը, որ կը զբաղուէր նաեւ սուրիահայերու դիմաւորման գործընթացով: Նախարարը յոյս յայտնեց, որ բաց մրցոյթի արդիւնքով համատեղ ընտրուած չորս մասնագէտները կը նպաստեն Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու հիմնախնդիրներու համակարգման եւ լուծման աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան բարձրացման, նշուած բոլոր կառոյցներու եւ օղակներու բնականոն ընթացքը ապահովելուն:
Համազասպ Դանիէլեանը շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին եւ նախարարութեան խումբին` արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար եւ վստահութիւն յայտնեց, որ ընտրուած մասնագէտները բարեխղճօրէն պիտի իրականացնեն իրենց առաքելութիւնը:
Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեան ներկայացուց քարտուղարութեան նոր աշխատակիցներու յառաջիկայ ընելիքները եւ նշեց, որ անոնք պիտի ուսումնասիրեն սուրիահայերու հետ իրականացուած բոլոր աշխատանքները եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, այլ պետական մարմիններու, բարեգործական, հասարակական, միջազգային եւ այլ կառոյցներու հետ համատեղ պիտի մշակեն սուրիահայերու յետագայ ընդելուզման ռազմավարական ծրագիր, որ պիտի նպաստէ կարճաժամկէտ ծրագիրներէն անցում կատարելու երկարաժամկէտ ծրագիրներու:
Ամփոփելով հանդիպումը` նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց աջակցութեան համար եւ կարեւոր համարեց համահայկական կառոյցներու հետ համատեղ իրականացուող աշխատանքները, նշեց, որ 2014 թ. ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան միջեւ կնքուած է համագործակցութեան համաձայնագիր` արեւմտահայերէնի ուսուցողական նիւթերու հրատարակման եւ տարածման, Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցման կեդրոն ստեղծելու, Հայաստանի համալսարաններուն մէջ հայագիտական առարկաներու գծով ուսանող սփիւռքահայ ուսանողներուն կրթաթոշակներ տրամադրելու եւ այլ հարցերու վերաբերեալ: 2016թ Հոկտեմբերին նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է հիմնարկութեան 60 ամեակին նուիրուած գիտաժողով: