Քննական Ոսպնեակ. Դքսուհի Քեթ Ալեքսանտրին «Չբացայայտուած Գանձեր» Կ՛որակէ Հայ Գեղանկարչութիւնը

«Նոազ Արք» ցուցասրահի 18-ամեայ պատմութեան մէջ 2013-ը եղաւ ամէնէն արդիւնաւէտ տարին: Ան մասնակցեցաւ ու կազմակերպեց 5 արտասահմանեան ցուցահանդէսներ, որոնցմէ երրորդը ունէր բարեսիրական բնոյթ, իսկ հինգերորդը` ազգային-քաղաքական: Այս առիթներով «Ազդակ» հանդիպում-զրոյց մը ունեցաւ Քոփենհակընէն նոր վերադարձած «Նոազ Արք»-ի տէր եւ տնօրէն տոքթ. Մովսէս Հերկելեանի հետ: Ստորեւ հարցազրոյցին ամբողջութիւնը:

 «ԱԶԴԱԿ».- Թարմացնելու համար մեր ընթերցողներուն յիշողութիւնը, կը խնդրենք, որ հակիրճ կերպով ներկայացնէք առաջին չորս ցուցահանդէսները, որպէսզի առանձնացնենք վերջինը եւ կեդրոնանանք անոր վրայ:

ՄՈՎՍԷՍ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ.– Սկզբունքով «Նոազ Արք»-ը ամէն տարի կրնայ մասնակցիլ եւ կամ կազմակերպել երկու կամ առաւելագոյնը երեք ցուցահանդէս: Երբ գործ ունինք միջազգային մակարդակներու հետ, ցուցահանդէս կազմակերպելը կը պահանջէ նիւթաբարոյական մեծ զոհողութիւններ եւ յարատեւ ու ծրագրուած աշխատանք:

«Ա.».- Մեր ընթերցողներուն համար այնքան ալ յստակ չէ, թէ ի՛նչ կրնան ըլլալ այդ նիւթաբարոյական մեծ զոհողութիւնները: Չէ՞ք կարծեր, որ այս մէկը քիչ մը չափազանցուած կը թուի:

Մ. Հ.- Բացատրե՛մ: Նախ լաւագոյն գեղանկարիչներու լաւագոյն գեղանկարները պէտք է որ ընտրուին: Պէտք է որ հրատարակուին պատկերագիրքեր, առնուազն պատկերագրքոյկներ` թէ՛ արուեստագէտներու եւ թէ՛ առհասարակ ցուցահանդէսին մասին: Օտար արուեստի հրատարակութիւններու մէջ հարկաւոր է պատրաստել ծանուցման էջեր եւ կամ` առանձին յօդուածներ: Այս բոլորը պէտք է որ իրագործուին բարձրորակ տպագրութեամբ եւ ձեւաւորմամբ: Արուեստի ծանուցումը խնայողութիւն չի սիրեր: Սկիզբէն հրաւէրներ պէտք է երթան արուեստասէրներու` թէ՛ ելեկտրոնային նամակով եւ թէ՛ առանձին հրաւիրատոմսով: Վերջին օրերուն հարկաւոր է կարեւոր հաւաքորդներու հետ հեռաձայնով խօսիլ ու յիշեցումներ ընել: Ապա կան նաեւ կազմակերպչական կողմնակի աշխատանքներ, ինչպէս` նկարներու ուղարկումն ու չծախուելու պարագային անոնց վերադարձի ապահովումը, եւ կամ` տաղաւարի չափի եւ դիրքի համապատասխան նկարներու  ընտրութիւնը եւ այլն: Այս պատճառներով միջազգային ցուցահանդէսի մը մասնակցութիւնը եւ կամ կազմակերպումը հարկաւոր է սկսիլ առնուազն վեց ամիս առաջ եւ ի սկզբանէ նկատի առնել բոլոր մանրամասնութիւններն ու անոնց մասնագիտական եւ բարձրորակ իրագործումը, որովհետեւ հայ գեղանկարչութիւնը միջազգային արուեստասէր հանրութեան ներկայացնելն ու մրցունակ դարձնելը մեծ պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ:

«Ա.».- Սակայն դուք այս տարի կազմակերպեցիք հինգ ցուցահանդէս, բոլորն ալ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ: Ինչպէ՞ս կրցաք երկու ամսուան մէջ մասնակցիլ երկու ցուցահանդէսի`  Նիւ Եորքի եւ Մոնաքոյի մէջ:

Մ. Հ.- Տրուած ըլլալով, որ Նիւ Եորքի պարագային վեց անգամ, իսկ Մոնաքոյի պարագային չորս անգամ մասնակցած ըլլալու փորձառութիւնը ունէինք, աշխատանքները տարինք զուգահեռաբար եւ կրցանք ճիշդ ժամանակին կազմ ու պատրաստ ըլլալ ցուցահանդէսներուն:

«Ա.».- Ձեր մենաշնորհեալ արուեստագէտնե՞րը միայն կը ցուցադրէք:

Մ. Հ.- Ոչ միշտ: Այս մարտին Նիւ Եորքի մէջ ունէինք յաւելեալ երկու գեղանկարիչներ, Քանատայէն` Պերճ Չաքըճեան, Միացեալ Նահանգներէն` ջրանկարիչ Յարութիւն Արմէնեան: Իսկ ապրիլին Մոնաքոյի մէջ ունէինք Գէորգ Եղիազարեանը, Յարութիւն Արմէնեանն ու Արթիւր Ք.:

«Ա.».- Տուիք Գէորգ Եղիազարեանին անունը: Ինչպէս գիտենք, ան 90-ական թուականներուն Պէյրութի մէջ քանի մը անգամ ցուցադրուեցաւ եւ մեծապէս գնահատուեցաւ արուեստասէր հասարակութեան կողմէ, սակայն, չես գիտեր ինչո՛ւ, յանկարծ դադրեցաւ հոս գալէ…

Մ. Հ.- Պատճառը այն է, որ Գէորգ Եղիազարեանին արուեստը ցուցադրելու մենաշնորհը տրուեցաւ ամերիկեան յայտնի ցուցասրահի մը` «Wentworth Gallery»-ին: Ան արագօրէն գիները բարձրացուց եւ նկար ծախելու իրաւունքը վերապահեց միայն իրեն:

«Ա.».- Իսկ հիմա՞…

Մ. Հ.- Այսօր դրութիւնը փոխուած է. եռակողմ նոր պայմանագրի համաձայնութեամբ «Wentworth Gallery» ցուցասրահը միայն ամերիկաներու մէջ վաճառելու իրաւունք ունի, իսկ «Նոազ Արք»-ը` Եւրոպա, Միջին Արեւելք եւ այլուր: Երբ բարենպաստ տնտեսական պայմաններ ստեղծուին Լիբանանի մէջ, առաջին առիթով իսկ Գէորգ Եղիազարեանին վերջին ստեղծագործութիւնները պիտի ցուցադրենք Պէյրութի մէջ:

«Ա.».- Եղիազարեանի պարագային ձեզի յաջողութիւն մաղթելէ ետք, անցնինք Մարսէյ: Ի նպաստ սուրիահայութեան բարեսիրական ցուցահանդէս կազմակերպելու միտքը ինչպէ՞ս յղացուեցաւ:

Մ. Հ.- Գաղափարը եւ մեզի ուղղուած առաջարկը կու գային սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանէն: Ան առաջարկեց, որ Մարսէյի «Chambre de Commerce»-ի կողմէ ծրագրուած «Գերազանցութեան շաբաթ»-ի ծիրին մէջ կազմակերպել նաեւ գեղանկարչական ցուցահանդէս-վաճառք եւ եկամուտը ամբողջութեամբ տրամադրել «Նոր Հալէպ» շինարարական հիմնադրամին: Բացի «Նոազ Արք»-էն, նուիրատուութեան մասնակցեցան նաեւ գեղանկարիչներ, ինչպէս` Վահրամ Դաւթեան, Սուրէն Ոսկանեան, Ռուբէն Աբովեան, Վահան Ռումելեան, Վահրամ Կուկ Յարութիւնեան, Շմաւոն Շմաւոնեան, Նիկոլ Աղաբաբեան, Էդիկ Բերդեան, Դաւիթ Դաւթեան, Վագան Արութիւնեան, Յարութիւն Արմէնեան, Արթիւր Ք. եւ Նաիրա Աղախանեան: Այս վերջինը անձամբ ներկայ եղաւ ցուցահանդէսներուն եւ մէկի փոխարէն` նուիրեց երեք ստեղծագործութիւն:

«Ա.».- Կարելի՞ է ձեռնարկը յաջող համարել:

Մ. Հ.- Ի հարկէ, գեղանկարները ցուցադրուեցան երկու տեղ, առաջինը` Մարսէյի քաղաքապետարանի «Pavillon» սրահին մէջ, ի մասնաւորի` ոչ հայ արուեստասէրներու համար, իսկ երկրորդը «Հայ մշակոյթի տուն»-ին մէջ` յատուկ հայ համայնքին համար: Բացի նիւթական եկամուտէն, այս զոյգ ցուցահանդէսները ունեցան նաեւ ազգային բարոյական նշանակութիւն, այն իմաստով, որ  մէկ կողմէ հայ մշակոյթը ներկայացուեցաւ ֆրանսացիներուն, եւ միւս կողմէ` գեղանկարչութեան ճամբով հայկական շունչ մտաւ շարք մը հայ տուներէ ներս:

«Ա.».- Ձեր արտասահմանեան ցուցահանդէսներուն ընթացքին յաճախ հանդիպումներ կ՛ունենաք միջազգային նշանաւոր դէմքերու հետ: Օրինակի համար Նիւ Եորք այս անգամ հանդիպած էինք Fine Art Magazine-ի տէր եւ տնօրէն արուեստաբան Վիքթըր Ֆորպսին: Մոնաքոյի մէջ Իրանի վերջին թագուհիին` Ֆարահ Տիպա Փահլեւիի եւ Ֆրանսայի նախկին նախագահի հօր` Փալ Սարքոզիի, իսկ հո՞ս…

Մ. Հ.- Մարսէյի պարագային, բացի համաֆրանսական նշանակութիւն ունեցող շարք մը անձնաւորութիւններէ, հանդիպեցանք եւ ծանօթութիւն հաստատեցինք Օմար Շերիֆի եւ Շարլ Ազնաւուրի հետ: Այս երկու մեծ անձնաւորութիւններն ալ շքանշաններ ստացան թէ՛ Մարսէյի քաղաքապետին եւ թէ՛ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ: Պարզուեցաւ, որ առաջինը` Օմար Շերիֆ ծագումով Մաալուլայէն է եւ ինքզինք կը համարէ նաեւ լիբանանցի, որովհետեւ երբ ինք ծնած է, Սուրիան ու Լիբանանը մէկ երկիր էին: Ան բարձր գնահատեց հայ գեղանկարչութիւնն ու արուեստի ճամբով հալէպահայութեան օգնելու գաղափարը: Իսկ Շարլ Ազնաւուր յիշեց, որ մենք իրեն հետ ծանօթացած էինք տասնեակ մը տարիներ առաջ, Պէյրութի մէջ ֆրանսական դեսպանատան հրաւէրի մը ընթացքին եւ փորձեց հայերէնով արտայայտուիլ:

«Ա.».- Անցնող յուլիսին դուք մեկնեցաք Քոնեաք եւ նկարազարդեցիք ու քանդակազարդեցիք ֆրանսական գեղեցիկ ու պատմական նշանակութիւն ունեցող դղեակներէն մէկը` «Chateau de Chatenay» ու մասնակցեցաք նաեւ անոր բացմանը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ  ճազի երաժշտական միօրեայ միջազգային փառատօն: Արդեօ՞ք կը ծրագրէք հոն եւս նոր մասնաճիւղ մը բանալ:

Օմար Շերիֆի հետ

Մ. Հ.- Ի վերջոյ Քոնեաք երթալու մեր վերջնական նպատակը այդ պէտք է ըլլայ, սակայն ամէն ինչ կախեալ է  հետագային մեր արձանագրած յաջողութիւններէն: 17-րդ դարուն կառուցուած դղեակը վերածուած է բարձրորակ ու հանգստաւէտ պանդոկի, ունի ճաշարանային եւ Քոնեաքի ակումբի բաժիններ, որոնք արդէն իսկ կը գործեն: Դղեակը կառուցուած է Շարանթ գետի ափին, գեղատեսիլ պուրակի մը մէջ, «Հենըսի»-ի, «Մարթինի»-ի եւ «Քուրպեզիէ»-ի նման դղեակներու հարեւանութեամբ: Եղանակը բարեխառն է, հետեւաբար իտէալական վայր` զբօսաշրջիկներու համար: Այս իսկ պատճառով դղեակին տէրն ու տնօրէնութիւնը մտածած են վերածել զայն մշակոյթի կեդրոնի: Ճազի միջազգային փառատօնը ամէնամեայ ձեռնարկի  վերածելէ ետք, հոն տեղի պիտի ունենան նաեւ գրական, երաժշտական, պարարուեստի, օփերայի ներկայացումներ, ինչպէս նաեւ` քանդակի եւ գեղանկարչական սիմփոզիումներ: Այս բոլորը յաջողցնելը այնքան ալ դիւրին չէ, սակայն յաջողելու յոյսերը եւ հնարաւորութիւնները մեծ են, որուն մէջ իր առանցքային դերը կրնայ կատարել նաեւ «Նոազ Արք»:

«Ա.».- Ըսիք` «մշակութանուէր առաքելութիւն», «Նոազ Արք»-ի պարագային ի՞նչ է ասոր բացատրութիւնը:

Մ. Հ.- 1996-ին, երբ «Նոազ Արք» ցուցասրահի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ, մեր արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ յստակօրէն յայտնեցինք, որ «Նոազ Արք»-ը պիտի չըլլայ լոկ արուեստի առեւտրական կեդրոն մը, այլ գործնապէս պիտի սատարէ նաեւ հայ մշակոյթի զարգացման ու տարածման եւ հետապնդէ նաեւ ազգային բարեսիրական նպատակներ: Մեր անցնող տասնութը տարիներու կենսագրութիւնը կ՛արդարացնէ մեր տուած խոստումը, իսկ Մարսէյի եւ Քոփենհակընի այս տարուան ցուցահանդէսները եւս կը մտնեն նմանօրինակ ձեռնարկներու շարքին:

«Ա.».- Մարսէյի մասին արդէն խօսեցանք, անցնինք Քոփենհակընի:

Մ. Հ.- Քոփենհակընի ցուցահանդէսը ինքնաբերաբար ստացաւ ազգային, ճանաչողական եւ քաղաքական բնոյթ: Կազմակերպուած էր Հայաստանի վերանկախացման քսաներորդ տարեդարձին առիթով` հովանաւորութեամբ Հայաստանի դեսպանութեան: Բացումը տեղի ունեցաւ սեպտեմբեր 19-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Պրետկատ փողոցի վրայ գտնուող «Danneskiold-Samsoe» ցուցասրահին մէջ, «Չբացայայտուած գանձեր» ընդհանուր խորագրին տակ: Մինչեւ ուշ գիշեր անսովոր եռուզեռ մը կար Պրետկատ փողոցին վրայ, այցելուները չէին սխալած, անոնք իրապէս չբացայայտուած գանձեր կը յայտնաբերէին, մեծ ուշադրութեամբ ու հետաքրքրութեամբ կը դիտէին Արշիլ Կորքիի, Երուանդ Քոչարի, Մարտիրոս Սարեանի եւ Սերգէյ Փարաջանովի նման մեծութիւններու ստեղծագործութիւնները, որոնցմէ իւրաքանչիւրէն մէկական գործ ներկայացուած էր: Այնուհետեւ, մէկէ աւելի գործեր ցուցադրուած էին հայրենի ժամանակակից խումբ մը գեղանկարիչներէ, ինչպէս` Վարուժան Վարդանեան, Գայեանէ, Հենրիկ Էլիբէկեան, Ռուբէն Աբովեան, Վահրամ Դաւթեան, Այվազ Աւոյեան եւ ուրիշներ: Յիշեալ բոլոր ստեղծագործութիւնները տրամադրուած էին «Նոազ Արք» եւ «Բարձր Արուեստ» ցուցասրահներուն կողմէ:

Դքսուհի Քեթ Ալեքսանտրին եւ դեսպան Հ. Աղաճանեան

Ցուցասրահի տէր եւ տնօրէն դքսուհի Քեթ Ալեքսանտրին իր բացման խօսքին մէջ հիացումով արտայայտուելէ ետք հայ գեղանկարչութեան մասին, ըսաւ, թէ ինքզինք մշակութապէս աղքատ պիտի զգար, եթէ ծանօթացած չըլլար հայ գեղանկարչութեան, եւ հպարտ է, որ Դանիոյ հասարակութեան համար կը ներկայացնէ տակաւին չբացայայտուած գանձեր: Իսկ Դանիոյ եւ Նորվեկիոյ մէջ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Հրաչեայ Աղաճանեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ հակիրճ կերպով անդրադառնալէ ետք հայ-դանիական վերջին երկու տարուան բազմակողմանի եւ արդիւնաւէտ փոխյարաբերութիւններուն, խօսեցաւ նաեւ հետագայ ծրագիրներու մասին, որոնց շարքին յատուկ կերպով շեշտեց նմանօրինակ մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպման կարեւորութիւնը: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախ դքսուհի Քեթ Ալեքսանտրինին` անոր նուիրուածութեան համար, եւ` ներկաներուն, որոնց շարքին կային բազմաթիւ քաղաքական դէմքեր, դեսպաններ, գործարարներ, արուեստագէտներ, լրագրողներ եւ արուեստասէրներու հոծ բազմութիւն մը:

«Ա.».- Դուք ըսիք, որ այս ցուցահանդէսը ստացաւ «ազգային ճանաչողական եւ քաղաքական բնոյթ», իբրեւ այդպիսին, ի՞նչ շահեցանք ազգային քաղաքական գետնի վրայ:

Մ. Հ.- Նախ ըսենք, որ իրականութիւնը այն է, որ օտարներէն շատեր մեր մասին կա՛մ բնաւ չեն լսած եւ կա՛մ ալ մեզ կը շփոթեն թերաճ ցեղախումբերու հետ: Յատկապէս սկանտինաւեան երկիրներու պարագային (ուր մեր գաղութները թիւով շատ քիչ են ու լաւ չեն կազմակերպուած) մեր մասին թիւր կարծիք ունին: Երբ ներկայ կ՛ըլլան նման ձեռնարկի մը ու կը հաղորդակցին մեր մշակոյթին հետ, նախ կը զարմանան եւ ապա կը հիանան մեր մշակոյթի որակին վրայ ու կարծիքնին կը փոխեն: Ամէնէն ազդեցիկ քարոզչական միջոցը, մեր կարծիքով, մշակոյթի բարձրորակ կերպով ներկայացումն է:

«Ա.».- Իսկ այս պարագային անմիջական արդիւնք ունեցա՞ք:

Մ. Հ.- Մշակոյթի ճամբով քարոզչական արդիւնքը կ՛ըլլայ ժամանակի ընթացքին եւ հանգրուանային կերպով: Խանդավառուած այս ցուցահանդէսի հանդէպ ցուցաբերուած բացառիկ հետաքրքրութենէն, կազմակերպիչը` դքսուհի Քեթ Ալեքսանտրին (որ լաւ եւ սերտ կապերու մէջ է Դանիոյ բարձր խաւին, նոյնիսկ թագուհիին հետ), անմիջապէս որոշեց շարունակել իր մշակութային կապերը Հայաստանի դեսպանութեան եւ «Նոազ Արք»-ի տնօրէնութեան հետ, եւ որոշուեցաւ նախ դքսուհին հրաւիրել Հայաստան եւ ծանօթացնել առհասարակ հայ մշակոյթին հետ եւ ապա 2015-ին կազմակերպել ընդարձակածաւալ ցուցահանդէս մը` Քոփենհակընի մեծագոյն ցուցասրահին մէջ. «Ցոյց տալու համար սկանտինաւեան ժողովուրդներուն, թէ ինչպիսի բարձր մշակոյթի տէր ազգ մը փորձեցին ոչնչացնել հարիւր տարի առաջ»: Դքսուհիին ոչ միայն խանդավառ է եւ նոր մշակութային արժէքներ բացայայտած ըլլալու գոհունակութիւնը կ՛ապրի, այլ որոշած է սատարել այդ ուրոյն մշակոյթի պաշտպանութեան` յանուն մարդկային իրաւունքներու:

«Ա.».- Այս բոլորէն ետք ո՞ւր է դերը հայ գաղութին:

Մ. Հ.- Ինչպէս քիչ առաջ ըսինք, գաղութը փոքր է եւ նոր սկսած է կազմակերպուիլ: Իբրեւ առաջին քայլ` դեսպանատան կողքին վերջերս հիմնուած է Հայ երիտասարդներու միութիւնը «AmStream» անուան տակ: Անոնց ղեկավարն է Տիգրան Տինունցը, որ յատուկ գնահատականի արժանի է: Ան եւ իր ընկերները մեծապէս նպաստեցին յիշեալ ցուցահանդէսի կազմակերպչական աշխատանքներուն: Անոնք այժմէն իսկ տեղեակ են Եղեռնի հարիւրամեակին առիթով կայանալիք ցուցահանդէսէն եւ պատրաստ են ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերելու:

«Ա.».- Իսկ առհասարակ գաղութի վիճակին մասին ի՞նչ կրնաք ըսել:

Մ. Հ.- Գաղութին հնագոյն ներկայացուցիչներէն քանի մը հոգիի հետ հանդիպեցանք, որոնք ժամանակին գաղթած են Լիբանանէն: Ըստ անոնց, գաղութը այժմ կը թարմանայ Հայաստանէն արտագաղթողներով, դժբախտաբար` ի հաշիւ հայրենիքի պարպումին: Ունին համախմբուելու ցանկութիւն՛ եւ նաեւ` քահանայ մը, սակայն չունին ո՛չ ակումբ եւ ո՛չ ալ եկեղեցի: Շնորհիւ դեսպանութեան, երկու տարիներէ ի վեր կը գործէ դեսպանատան կից հայ կիրակնօրեայ դպրոց մը, ուր հայ երեխաներ (երբեմն խառնածին) կը ստանան հայոց լեզուի եւ հայեցի կրթութիւն:

«Ա.».- Լա՛ւ, աւարտենք աւանդական հարցով: Ձեր ապագայ ծրագիրնե՞րը:

Մ. Հ.- Յառաջիկայ տարուան մեր ծրագիրները տակաւին չեն յստակացած, կան բազմաթիւ միջազգային հրաւէրներ: Կանգ առած ենք հինգի վրայ (Նիւ Եորք, Մոնաքօ, Մոսկուա, Սինկափուր եւ Մայամի), որոնցմէ պէտք է մասնակցինք երկուքին կամ երեքին: Թէ ո՛ր քաղաքները կ՛ընտրենք,  ժամանակը ցոյց կու տայ:

«Ա.».- Հարց մը եւս, ձեր պատգամը` մեր արուեստասէր ընթերցողներուն:

Մ. Հ.- Տարիներու վրայ երկարած մեր փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ մենք ունինք որակով եւ քանակով միջազգայնօրէն մրցունակ մշակոյթ, սակայն չունինք անոր համապատասխան միջազգային վարկ ու շուկայ: Եթէ ճիշդ ժամանակին, ճիշդ տեղը եւ ճիշդ ձեւով ներկայացնենք մեր մշակոյթը, ապա նիւթաբարոյական յաջողութիւնները իրարու կրնան յաջորդել, կրնանք ձեռք բերել ազգային վարկ ու քաղաքականօրէն նպաստել մեր Դատին: Արուեստագէտը պէտք չէ խուսափի արկածախնդրութենէ եւ պէտք է գործէ կազմակերպուած ձեւով, իսկ յաջողութեան բանալին տքնաջան ու յարատեւ աշխատանք կ՛ենթադրէ: Կը հաւատանք, որ ներկայ համաշխարհային եռեւեփումներու մէջ մեր մշակոյթը մեր ամենաազդու զէնքը կրնայ ըլլալ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

aztagdaily.com

Scroll Up