«Քրիստոնէութեան Ներկայութեան Նոր Կենսունակութիւն Տալը Միջին Արեւելքի Մէջ, Համաքրիստոնէական Առաջնահերթութիւն Է» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Շաբաթ, 26 հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան Մեթնի Ռապուէ շրջանին մէջ գումարուեցաւ Արեւելքի քրիստոնեաներու առաջին համագումարը` մասնակցութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն:

Համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման: Հանրապետութեան նախագահը համագումարի մասնակիցներուն իր խօսքը ուղղեց եւ անդրադարձաւ այն հարցին, թէ շրջանին մէջ քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը 25 առ հարիւրէն նուազած է 6 առ հարիւրի վերջին զարգացումներուն, արաբ-իսրայէլեան տագնապին եւ ծայրայեղական շարժումներու ու խմբաւորումներու բազմացումին պատճառով: Իր խօսքին մէջ Սլէյման ըսաւ. «Անհրաժեշտ է պահպանել մեր ազգային ինքնութիւնը եւ հեռու մնալ որոշումներ պարտադրելու տրամաբանութենէն: Քրիստոնեաներուն ծրագիրը` պետութեան կառուցումի ծրագիրն է»:

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը խօսք առնելով շեշտեց, թէ քրիստոնեաները կառչած են Միջին Արեւելքին եւ կը մերժեն գաղթն ու ամէն տեսակի պատճառուած սարսափները:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը համագումարի առաջին նիստի աւարտին մամուլին հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Ներկայ Համագումարը երեք նպատակ կը հետապնդէ: Ա) Քրիստոնեաներուն գաղթը կասեցնելու ազդու միջոցներ որոնել: Բ) Քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը աւելի ամրապնդել: Գ) Արաբական երկիրներու քաղաքական ու ընկերային կեանքին մէջ աւելի լայն տեղ տալ քրիստոնեայ համայնքներուն»:

Յայտնենք, որ յիշեալ համագումարը կազմակերպող յանձնախումբին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մաս կը կազմեն Մասիս Ծ. վրդ. Զոպույեան եւ տոքթ. Ժան Սալմանեան:

Համագումարի բացման նիստին վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էր նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

aztagdaily.com/

Scroll Up