Դեսպան Քոչարեան Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Երկուշաբթի, 21 հոկտեմբեր 2013-ին,  Արամ Ա. կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի:

Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ քննարկելու Լիբանանի հայ համայնքին եւ Լիբանանի ներքին կացութեան առնչուած հարցեր, ինչպէս նաեւ վերջերս Պրիւքսէլի մէջ Հայ դատի գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած համագումարը: Վեհափառ հայրապետը գնահատանքով անդրադարձաւ յիշեալ նախաձեռնութեան, որ առիթ մը եղաւ Եւրոպայի համայնքները համախմբելու, Եւրոպական Խորհուրդի շրջանակներուն մէջ Ղարաբաղի հարցը արծարծելու, ինչպէս նաեւ Հայ դատի աշխատանքներուն նոր մղում մը տալու:

aztagdaily.com

Scroll Up