«Համատեղ Գործակցութեամբ, Իրարու Լծակ Հանդիսանալով, Անպայմանօրէն Պիտի Յաջողինք Իրագործել Մեր Եկեղեցւոյ Ու Ազգին Ակնկալածը». Հաստատեց Նորընտիր Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան` Իրեն Ի Պատիւ Կայացած Ընդունելութեան Ընթացքին

Երեքշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2013-ին` կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն Լիբանանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին: Սրբազան հայրը Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Լիբանանի քահանայից դասուն եւ սարկաւագներուն ընկերակցութեամբ նախ աղօթեց, ապա ուղղուեցաւ «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն: Նորընտիր առաջնորդը դիմաւորեցին Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներ, երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի եւ Արթիւր Նազարեան, նախարարներ Վրէժ Սապունճեան եւ Փանոս Մանճեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, Ազգային իշխանութեան խորհուրդներու անդամները, ազգային կառոյցներու տնօրէններ եւ Լիբանանի բոլոր եկեղեցիներու քահանայ հայրերը:

Յարութիւն Ա. քհնյ. Կոստանեան

Տիգրան Ճինպաշեան

Այս առիթով քահանաներուն անունով խօսք առաւ Յարութիւն Ա. քհնյ. Կոստանեան, որ բարի գալուստ մաղթեց առաջնորդ սրբազան հօր` խոստանալով ամենայն գիտակցութեամբ եւ անկեղծութեամբ նեցուկ կանգնիլ անոր, որպէսզի ան կարենայ իր քրիստոնէական առաքելութիւնը եւ հովուական ծառայութիւնը կատարել գերազանցապէս: Ապա ան բարի երթ, առողջութիւն եւ իմաստութիւն մաղթեց Շահէ եպս. Փանոսեանին:

Այս առիթով խօսք առաւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Տիգրան Ճինպաշեան: Ան ըսաւ.

«Յանուն Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան, կ՛ողջունեմ մեր նորընտիր առաջնորդը` Շահէ եպս. Փանոսեանը: Շահէ սրբազանը Լիբանանի թեմին պիտի բերէ իր 33 տարիներու հոգեւոր սպասաւորութեան ընդմէջէն կուտակած բազմարդիւն փորձառութիւն: Արդարեւ, Շահէ եպիսկոպոս վարած է հովուական, կրթական-ուսումնական ու վարչական այլազան պաշտօններ, տարբեր միջավայրերու մէջ` ամէնուրեք դրսեւորելով համեստ, աշխատասէր ու նուիրեալ հոգեւորականի նկարագիր, ծառայական ու գործակցական ոգիով առաջնորդելու ու ղեկավարելու ունակութիւն:

«Լիբանանի թեմը ունի ընդարձակ գործելադաշտ, բարդ ու ծաւալուն աշխատանքային ասպարէզ: Բազում են կարիքները, բազմաթիւ են դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները:

Տարածաշրջանի քաղաքական վերիվայրումները, ապահովական ցնցումները, եւ տնտեսական տագնապը մեր ժողովուրդը ու յատկապէս անոր նորահաս սերունդը կը մատնեն արժեչափերու կորուստի, գաղափարական որոնումի, անյուսութեան ու շփոթի: Բնական է, որ նման պայմաններու մէջ մեր ժողովուրդը իր ազգային ղեկավարութենէն, իր եկեղեցիէն ու անոր գործունէութիւնը տնօրինող ազգային իշխանութենէն պիտի ակնկալէ ուղղորդում եւ առաջնորդութիւն:

«Ինչպէս միշտ մեր չարչարալից պատմութեան ընթացքին, հայ եկեղեցին իր առաջնորդով ու գործակից ազգային իշխանութեամբ պարտի դառնալ իր խնամքին յանձնուած ժողովուրդին համար անխարդախ կողմնացոյց ու յոյսի փարոս:

«Ծառայական ոգիով ջրդեղուած, սիրով առաջնորդուած ու թեմի ժողովուրդին բովանդակ կարողականութեան համախմբումով ղեկավարութիւնն է միա՛յն, որ արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ: Առաջնորդող սկզբունք է, որ Ազգային իշխանութիւնը, իր առաջնորդով, հոգեւոր սպասաւորներով, աշխարհիկ պատասխանատուներով, իր ժողովականութեամբ ու պաշտօնէութեամբ գոյացած են ազգին ծառայութեան համար, անոր կենցաղային, բարոյական, կրթական, մշակութային ու ընկերային կարիքներուն բաւարարման համար:

«Ընդարձակ է գործունէութեան դաշտը, ու ծանր է լուծը: Ծառայական այս ծանր լուծին թեթեւացման համար պատրաստ ենք օժանդակելու ու թիկունք դառնալու առաջնորդ սրբազանին: Կ՛ակնկալենք, որ համագործակցութեան ոգիով ու հաւաքական աշխատանքով Լիբանանի թեմը նոր սկիզբ մը թեւակոխէ, որպէսզի հայ ազգի ու հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան ընդարձակ անդաստանին մէջ արդէն բացուած ուղիները ընդարձակուին ու նոր ուղիներով ճոխանան:

«Այո՛, ծանր է լուծը, սակայն ինչպէս սովոր են ըսել` միաժամանակ քաղցր է:

«Քաղցր լուծ կը մաղթենք մեր նորընտիր առաջնորդին: Բարով ու քաղցրութեամբ առաջնորդէք Լիբանանի տիրախնամ թեմը, սիրելի՛ Շահէ սրբազան հայր»:

Նարեկ արք. Ալեէմէզեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին խօսքը ներկայացուց դրան եպիսկոպոս Նարեկ արք. Ալեէմէզեան:

«Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրհնութիւնները կը փոխանցեմ ձեզի եւ ձեր մէջէն` ամբողջ լիբանանահայութեան:

«Հոգեկան բերկրանքով կ՛ողջունեմ հոգեւոր եղբօրս` Շահէ եպս. Փանոսեանի Լիբանանի թեմի առաջնորդ ընտրութիւնը եւ իր պատասխանատու պաշտօնին ստանձնումը այսօր:

«Քիչ առաջ. սրբազանը եկեղեցւոյ երկրպագութեան կանոնական աղօթքը սկսաւ Սաղմոսին հետեւեալ բառերով. «Ուրախացայ, երբ ինծի ըսին. Տիրոջ տունը երթանք» (122.1): Արդարեւ, հայ հոգեւորականին համար հայ եկեղեցին Աստուծոյ եւ ազգին տունն է ու այսպիսի հանդիսաւոր առիթով հոն երթալ կը նշանակէ հայ ժողովուրդին ընդմէջէն Աստուծոյ սպասաւորելու իր ուխտը վերանորոգել:

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը աղօթքով Աստուծոյ բացուելէ եւ միաբանական կարգապահութեամբ ինքզինք կազմաւորելէ ետք, ծառայութեամբ կ՛երթայ մեր ժողովուրդին` հայ եկեղեցւոյ եւ միայն հոն կը գտնէ իր կեանքին նպատակն ու հոգեկան բաւարարութիւնը: Անձեր կու գան, կը ծառայեն եւ կ՛անցնին. սակայն ծառայութիւնը` որպէս աստուածատուր կոչում եւ մշտական հրաւէր, կ՛ուղղէ մեր քայլերը, ուր որ Աստուած առաջնորդէ եւ ուրկէ որ մեր ժողովուրդին կարիքները կանչեն:

«Շահէ սրբազանը քառասուն տարիներէ ի վեր կը ճանչնամ եւ կը հաստատեմ, որ ան Անթիլիասի դպրեվանքէն եւ մայրավանքէն, Յունաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն ու Քանատայէն մինչեւ Քուէյթ եւ Ծոցի երկիրներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տիպար միաբանի կեցուածքով ու գործունէութեամբ փորձեց ըլլալ քրիստոսատիպ այն բարի եւ քաջ հովիւը, որ իր կեանքը տուաւ եւ վստահ եմ Լիբանանի թեմին մէջ եւս պիտի շարունակէ տալ` իր խնամքին վստահուած ոչխարներուն համար (Հմմտ. Աւետարան ըստ Յովհաննէսի 10.11):

«Շահէ սրբազան այսօր Լիբանանի թեմի առաջնորդական նուիրական մաճին վրայ կը դնէ իր ձեռքը, հովուական ծառայութեամբ խորացած եւ վարչական փորձառութեամբ հարստացած` իր ուխտած եւ հայուն սրբալոյս միւռոնով կնքած ինքզինք ընծայաբերելու ընթացքը շարունակելու նոր վճռակամութեամբ:

«Ես կը մաղթեմ, որ աստուածապաշտական եւ ժողովրդակերտ նոր յաջողութիւններով պտղաբերի Շահէ սրբազանին առաջնորդութիւնը լիբանանահայ եկեղեցւոյ, դպրոցին, ընտանիքին եւ բոլոր կառոյցներուն առաւել պայծառացումով»:

Շահէ. եպս. Փանոսեան

Այս առիթով նաեւ իր սրտի խօսքը արտասանեց Լիբանանի Հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

«Մեծապէս շնորհակալ եմ ձեր ջերմ ընդունելութեան եւ քաղցր խօսքերուն համար, որոնց կը փորձեմ արձագանգել համեստ խօսքերով, որոնք կը բխին իմ սրտէս: Մեծ խոստումներով մուտք չեմ գործեր այս յարկէն ներս, այլ պարզապէս ձեզի կու գամ ծառայելու պատրաստակամութեամբ եւ աշխատանքի կամքով: Կ՛անդրադառնամ, որ` իբրեւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ, նոր պատասխանատուութիւններու եւ պարտականութիւններու դիմաց կը գտնուիմ, սակայն մեր թեմի հոգեւորականաց դասու անդամներուն ներկայութիւնն ու ժողովականներուդ մասնակցութիւնը այս առիթով ինծի կը վստահեցնեն, որ յառաջիկայ ժամանակներուն համատեղ գործակցութեամբ իրարու լծակից հանդիսանալով, անպայմանօրէն պիտի յաջողինք իրագործել այն, ինչ որ մեր եկեղեցին ու մեր ազգը կը յուսայ տեսնել մեր աշխատանքներուն ընդմէջէն:

«Սիրելինե՛ր, անհատապէս համեստ են իմ կարողութիւններս, բայց գիտեմ, որ բոլորդ` Ազգային առաջնորդարանին շուրջ համախմբուող նուիրեալներդ, թեւ ու թիկունք պիտի հանդիսանաք ինծի, որպէսզի այս միացեալ պարտականութեան մէջ մենք ըլլանք արդիւնաւոր սպասաւորներ, եւ մեր աշխատանքին ընդմէջէն առաւել եւս փայլի մեր եկեղեցին, առաւել եւս բարգաւաճի մեր ժողովուրդը եւ ազգային առաջնորդարանը կարենայ ամբողջական տիրութիւն ընել մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

«Այս առիթով նախ որդիական երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ վեհափառ հայրապետին` ինծի ընծայուած այս գեղեցիկ պատիւին համար, որովհետեւ անոր աջակցութեամբ կը ներկայանամ ձեզի: Կ՛աղօթեմ, որ Աստուած միշտ ծաղկուն պահէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետին հովուապետական մականը, կանգուն, ծաղկուն եւ կենսունակ պահէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը` ի սպասաւորութիւն հայ ազգին:

«Այս առիթով նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Գեղամ արք. Խաչերեանին, որ անցնող 18 տարիներուն ձեռնհասօրէն եւ նուիրումով վարեց առաջնորդական իր պաշտօնը այս թեմին մէջ:

«Սրտագին շնորհակալութիւն նաեւ ձե՛զի` սիրելի ժողովականներ, անձիս հանդէպ ձեր ունեցած եւ ցուցաբերած վստահութեան համար:

«Վաղը եւ յառաջիկայ օրերուն անպայման առիթներ պիտի ստեղծուին ձեզ մօտէն ճանչնալու, բայց առաւելաբար մեր գալիք աշխատանքներուն համար միատեղ ծրագրելու եւ յառաջիկայի մեր աշխատանքային թափը ճշդելու վայրկեանները պիտի հասնին:

«Վստահ եղէ՛ք, որ ձեզի հետ պիտի փորձեմ լիբանանահայութեան, Լիբանան հայրենիքին եւ մեր ժողովուրդի ծով կարիքներուն հասնելու համապատասխան աշխատանք տանիլ եւ ասոր համար պիտի խնդրեմ Աստուծոյ մօտ միշտ աղօթող ըլլաք ինծի համար, որ զիս զօրացնէ ու առաջնորդէ ուղիղ ճանապարհներով: Ես ալ իմ կարգիս աղօթող պիտի ըլլամ ձեզի համար, որպէսզի դուք` իբրեւ ժողովուրդի ներկայացուցիչներ, ժողովուրդէն եկող անձնաւորութիւններ, մեր ժողովուրդին բարօրութեան ի խնդիր ընծայէք ձեր լաւագոյնը, որպէսզի Ձեր աջակցութեամբ իրողապէս Ազգային առաջնորդարանը դառնայ ազգին կեդրոնը եւ իր աշխատանքը վարէ` համաձայն մեր ժողովուրդի սպասումներուն:

«Կրկին անգամ շնորհակալութիւն ձեր ընդունելութեան եւ այս հանդիպման առաջին պահին համար եւ թող Աստուած օրհնէ ձեզ բոլորդ:

Շնորհակալութիւն:

Հանդիպումը փակուեցաւ պահպանիչով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

aztagdaily.com

Scroll Up