Արցախի Ձեռքբերումները Արտացոլուած Են Մանկապատանեկան Սաներու Ձեռքի Աշխատանքներուն ՄԷջ

Այսօր ԼՂՀ հռչակման 25-րդ տարեդարձի տօնական ձեռնարկներու շարքին ԼՂՀ մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի կեդրոնական օղակաձեւ պուրակին մէջ տեղի ունեցած է Արցախի բոլոր շրջաններու մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոններու ու անհատ մասնակիցներու աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք:

Այս մասին «Արցախփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրւյցին տեղեկացուցած  է ԼՂՀ մշակոյթի նախարարութեան ձեռնարկներու կազմակերպման եւ կապերու բաժինի պետ Արուս Գասպարեան` աւելցնելով, որ ցուցահանդէս-վաճառքը պիտի շարունակուի մինչեւ ժամը 18.00-ն:

Մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոններու սաներու աշխատանքներուն մէջ գերակշռած էր ԼՂՀ հռչակման 25-րդ տարեդարձին վերաբերող աշխատանքները:

«Բոլոր տօնական օրերին էլ մեր աշխատանքները ներկայացնում ենք Ստեփանակերտում, սակայն այս օրը իւրայատուկ է մեզ համար: Մեր սաների աշխատանքներում առաւել մեծ տեղ են գրաւում ԼՂՀ անկախութեան հռչակման 25 ամեակին նուիրուած աշխատանքները:Գորգերը, ձեռքի աշխատանքները, կաւէ ամաններն ու մնացած աշխատանքներն արտացոլում են Արցախի հազարամեայ պատմութիւնն ու անկախութեան 25-ամեայ տարիներին ԼՂՀ-ի ձեռբերումները»,- ըսած է Ասկերանի արուեստի դպրոցի տնօրէն Անահիտ Պատալեան:

արցախարցախ1 արցախ4արցախ2 արցախ3արցախ6

 

Scroll Up