Այց Իրաքեան Քիւրտիստանի Խորհրդարան – Էրպիլի Հայկական Համայնքը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/10/DSC03616-300x225.jpg)
Անթիւ նահատակներու, ահաբեկութեան զոհերու, տասնամեակներու պայքարի արիւնով ձեռք բերուած ազատութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը ծնունդ տուին Իրաքեան Քիւրտիստանի Խորհրդարանին (Ազգային Ժողով), որ վեր կը բարձրանայ մայրաքաղաք Էրպիլի նորակառոյց կեդրոնին մէջ:
Շատ լաւ պաշտպանուած խորհրդարանական համալիրին անցագրային բաժնին մէջ ստուգուելէ ետք, զիս ներս կ’ընդունին իբրեւ հայազգի լրագրող Քիւրտիստանի Խորհրդարանի Ասորա-Քաղդէական քրիոտոնէական «Միջագետք» խմբակցութեան ղեկավար անդամ Սելիմ Թոմա Կակոյի ընկերակցութեամբ։ Զայն արժանի կերպով կարելի է կոչել հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամը, այն բոլոր անգին ծառայութիւններուն համար, որոնք այս ազնիւ, նուիրեալ ու հայասէր քաղաքական ականաւոր անձնաւորութիւնը կատարած է Իրաքի Քիւրտիստան ապաստանած հայ ընտանիքներուն համար։ Սատտամ Հուսէյնի վարչակարգին օրով դէպի Պասրա տեղափոխուած Հավրէզի, Ավզրուկի հայերը, իր օժանդակութեամբ վերադարձրած են իրենց պապենական տուները. ասոր առընթեր, նաեւ պետական պաշտօններու վրայ տեղաւորած է շատ մը հայեր, ինչպէս բժշկուհի Սեդա Մեսրոպեանը։
Քաղդէացիները («Քիլդանի», կաթողիկէ ասորի-ասորեստանցի) կարեւոր թիւ կը կազմեն Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ. անոնք եւս Մուսուլի ինչպէս նաեւ Նինուէի նահանգին մէջ հալածանքներու եւ ահաբեկչութեանց զոհ դարձած են յաճախ։ Էրպիլի Անկավա քրիստոնէական թաղամաս-քաղաքը, մեծ մասամբ բնակուած է քաղդէացիներով եւ ասորիներով, ինչպէս նաեւ գլխաւորաբար Պաղտատէն եւ Պասրայից ապաստանած 220 հայ ընտանիքներով, որոնք հիմնադրած են են իրենց մշակութային-ընկերային միութիւնը (ատենապետ Շանթ Մուրատեան)։ Նաեւ հայազգի Սարգիս Աղաջանի (նախկին փոխ- վարչապետ, տնտեսական նախարար) ջանքերով, հիմնադրոած է արբանյակային հեռասփռմամբ «Իշտար» կայանը տնօրինութեամբ Ռազմիկ Մուրատեանի։
Խորհրդարանի շէնքի մուտքին է ամբողջապէս նորոգուած նիստերու դահլիճը, որուն խորքը տեղադրուած է Քիւրտիստանի ազգային-ազատագրական շարժման հերոս Մոլլա Մուստաֆա Պարազանիի լուսանկարը “փեշմերկայի” տարազովդ:
Շէնքին բոլոր յարկերը տրամադրուած են, խորհրդարանի անդամներու գրասենեակներուն: Սելիմ Կակոյի աշխատասենեակի պատուհանէն կ՚երեւի վարչապետ Նուշիրվան Պարզանիի նստավայրը: Իրաքեան Քիւրտիստանի կառավարութիւնը, վերջերս, հողամաս եւ բաւականին մեծ գումար տրամադրած է Էրպիլի հայերուն, հայկական եկեղեցի եւ յարակից շէնք կառուցելու համար: Մանաւանդ որ հայերը մեծ դեր խաղացած են քիւրտ ժողովրդին ազգային-ազատագրական պայքարի ծիրէն ներս, եւ այսօր շարժիչ ոյժ կը հանդիսանան Իրաքեան Քիւրտիստանի տնտեսական, առեւտրական, շինարարական, քաղաքական բնագաւառներէն ներս:
Իրաքեան Քիւրտիստանի խորհրդարանի միակ հայ անդամը, Զախօ-Ավզրուկէն Արամ Շահին Բակոյեանն է: Ան Քիւրտիստանի Դեմոկրատական իշխող կուսակցութեան անդամ է, որպէս “փեշմերկա”, պայքարծ ու վիրաւորուծ է նախագահ Մեսուտ Պարազանիի կողքին, քրտախօս եւ արաբախօս է, սակայն իր սիրտը կը բաբախէ հայութեան եւ Հայաստանի համար: Երեկոյեան, կառավարական անձնաւորութիւններու համալիրէն ներս, իր որդիի ներկայութեամբ, ան գրկաբաց ընդունեց զիս եւ պատմեց Հայաստան կատարած իր վերջին այցելութեան մասին, երբ հանդիպած է նաեւ Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանին:
“Ես Հայաստանի մեր եղբայրներն ու քոյրերը հրաւիրեցի Իրաքեան Քիւրտիստան, որպէսզի գան եւ ծանօթանան իրենց ազգակիցներուն կեանքին, հիւրընկալ այս երկրէն ներս”,- ըսաւ Արամ Շահին Բակոյեանը որ շուտով դարձեալ պիտի մեկնի Երեւան, Հայաստանի քաղաքացիութեան անձագիրը ստանալու համար…:
Յիշեցնենք, որ Դեմոկրատական ազատ ընտրութիւններու իբրեւ արդիւնք բոլոր կուսակցութիւնները եւ քաղաքական գլխաւոր շարժումները ներկայացուած են խորհրդարանէն ներս եւ կառավարութեան մէջ եւ այս է գլխաւոր “գաղտնիք”ը կայուն ու խաղաղ երկրի մը կայացման:
ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ
Ռամկավար Մամուլ
Պէյրութ, Լիբանան