Պոլսահայեր Կ՛այցելեն Սասնոյ Իրենց Պապենական Գիւղը
Պոլիս բնակող Յակոբեաններու ընտանիքը մոմեր վառած է Սասուն գտնուող իր պապենական գիւղին մէջ. այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապերլեր» լրատուական կայքէջը:
Յակոբեանները այցելած են Սասնոյ գաւառը ու հիւրընկալուած են իրենց պապերու գիւղին մէջ, ուր Այշէ Յակոբեանն ու ընտանիքի միւս անդամները աղօթած են աշխարհի խաղաղութեան համար:
Նշելով, որ Սասունը թէ՛ բնութեան, թէ՛ կենսակերպի առումով հրաշալի վայր է` Յակոբեաններու ընտանիքի անդամներէն մէկը ըսած է. «Թէպէտ մենք հոն եկած ատեն որոշ մտահոգութիւններ ունէինք, տեղացիներուն հիւրընկալութիւնը ապացուցեց, որ մեր մտավախութիւնները անտեղի էին: Ես Պոլիս ծնած եմ, սակայն միշտ ես զիս սասունցի կը համարեմ»:ակոբեանն ու ընտանիքի միւս անդամները աղօթած են աշխարհի խաղաղութեան համար: