Վաւերական Վերացապաշտ Նկարիչ Վահէ Պարսումեան
Մեր երիտասարդ տաղանդաշատ նկարիչներէն մին է Վահէ Պարսումեան` Ասատուրի, Ռուբէն Նաճարեանի, Շահէ (Գազան) Գազանճեանի սերնդակից: Այս տղաքը Պէյրութէն մեկնած են Փարիզ ու կ՛աշխատին իրենց իւրայատուկ արուեստով (ուր կը զգացուի հայկական արուեստի մէկ երջանիկ դրսեւորումը)` ուշադրութիւնը գրաւելով Փարիզի դժուարահաճ նկարչական քննադատներուն:
Չորսն ալ կազմաւորուած` Պէյրութի մէջ (կան նաեւ ուրիշներ ալ) Կիւվտէրի եւ Աքատեմի Լիպանեզի արուեստանոցներուն մէջ, որպէս հայ դաստիարակուած, արդէն իսկ արժէքներ են: Իւրաքանչիւրը ունի իր ինքնուրոյն անհատականութիւնը եւ տեսողութիւնը (վիզիոն), բայց չորսն ալ օժտուած են կառուցելու, իրենց երեւակայութիւնը նկարչութեա՛ն վերածելու փորձառութեամբ ու հմտութեամբ:
Երէկ տեղի ունեցաւ Վահէ Պարսումեանի ցուցահանդէսին բացումը Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» սրահին մէջ:
Մեր ուրախութիւնը առաւել մեծ է այն գիտակցութեամբ, որ Վահէ Պարսումեան չի մոռնար իր ծննդավայրը եւ զինք սիրողները, որոնց շարքին եմ, առիթ տալու, որ տեսնեն իր նոր ստեղծագործութիւնները:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
16/10/2013