ՄԱԿ-Ի ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՄԸ ԼՂՀ-Ի ՃԱՆԱՉՄԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ՀԱՍԱԾ ԿԸ ՆԿԱՏԷ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը որպէս անկախ պետութիւն ճանչնալու ժամանակը հասած է: Այս տեսակէտը յայտնած է ՄԱԿ-ի Արդարադատական գործերու գրասենեակի անդամ Ճեֆրի Ռապըրթսըն, Հոկտեմբեր 4ին, Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած «Արցախի ազգային պայքարը. Կիւլիստանէն մեր օրերը» միջազգային համագումարի ընթացքին:

Ռապըրթսըն՝ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն՝ մարդկութեան դէմ ոճիրի պարագային, հողային ամբողջականութեան սկզբունքը երկրորդ դիրքի վրայ թողելու ջատագովներէն է: “Լեռնային Ղարաբաղը պետութեան էութեան անհրաժեշտ բոլոր յատկանիշերոուն տէր է: Ան պատմական անարդարութեան մը հետեւանքով տրուած է Ազէրպայճանին: Ըստ միջազգային իրաւունքի, Լեռնային Ղարաբաղ իր պետութիւնը ունենալու իրաւունքն ունի: Հոն, անկախ պետութեան մը անհրաժեշտ ամէն ինչ գոյ է, նոյնիսկ այլ շատ մը պետութիւններէ ալ աւելի: Այս ժողովուրդը բռնատիրութեան լուծէն դուրս գալու իրաւունքին տէր է” ըսած է Ռապըրթսըն: Միայն դրամատնային հաշիւներու շնորհիւ կեանքի կոչուած Մոնաքոյի, Լիխթնշթայնի կամ այլ տեսակի մէջ՝ Վատիկանի օրինակներն ալ նշելով, ՄԱԿ-ի պաշտօնեան ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը որպէս անկախ պետութիւն ճանչնալու ժամանակը հասած է:

 

Նոր Յառաջ

Scroll Up