Եկեղեցւոյ Զանգեր Կը Հնչեն Թուրքիոյ Մէկ Անկիւնը, Ուր Հայոց Ցեղասպանութիւնը Տեղի Ունեցած Էր. «Ուաշինկթըն Փոսթ»

«Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը անդրադարձած է Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ վերաբացման` նշելով, թէ եկեղեցին քանդուած էր 1915-ի ջարդերու օրերուն եւ անգործածելի մնացած էր մօտաւորապէս մէկ դար, սակայն արդէն քանի մը ամիսէ ի վեր կը հնչեն անոր զանգերը:

Թերթը կը գրէ, որ եկեղեցւոյ վերականգնման համար ծախսուած է շուրջ 3 միլիոն տոլար: Վերակառուցուած է եկեղեցիին առաստաղը, նորոգուած են եօթը խորանները, իսկ զանգակը վերադարձուած է զանգակատուն:

Տեղացի հայու մը համաձայն, եկեղեցիին զանգերը տակաւին խորհրդանշական նշանակութիւն ունին, որովհետեւ եկեղեցւոյ քահանան ներկայիս կը գտնուի Երուսաղէմ, վերապատրաստման համար, սակայն երբ ան վերադառնայ, եկեղեցիին մէջ ամէն շաբաթ կանոնաւոր պատարագ պիտի մատուցուի:

Ըստ յօդուածի հեղինակին, Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաբացումը եկեղեցին դարձուցած է Թուրքիոյ հարաւարեւելեան հատուածին մէջ հայկական ամենամեծ ուխտատեղին: Այդ քայլը կը նկատուի Հայոց ցեղասպանութեան մէջ իրենց նախնիներու դերի վերարժեւորման փորձ մը` տեղացի քիւրտերուն կողմէ: Հեղինակը կը յիշեցնէ, որ ապրիլ ամսուան ընթացքին քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչցած էր 1915-ի կոտորածը եւ կոչ ըրած` Թուրքիոյ կառավարութեան, որ նմանապէս ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաբացումը տեղի ունեցած է Տիգրանակերտի քիւրտ քաղաքապետին նախաձեռնութեամբ, որ ոչ միայն նիւթական աջակցութիւն տրամադրած է եկեղեցւոյ վերակառուցման, այլ նաեւ կանգնեցուցած է 1915-ի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան մը, ինչպէս նաեւ ներկայիս աշխատանք կը տանի հայկական թանգարան մը բանալու ուղղութեամբ:

Յօդուածը նաեւ կը նշէ, որ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաբացումը պէտք չէ նկատել Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէական եկեղեցիներու վերաբացման արշաւի մը նախաքայլը, աւելցնելով, թէ  Թուրքիոյ մէջ ընդհանուր առմամբ քրիստոնէական եկեղեցիները վտանգուած կը մնան, իսկ քրիստոնեաներու հանդէպ վերաբերմունքը կը մնայ բացասական:

 

Scroll Up