ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՂ ՄԸ ՊԵԼՃԻՔԱ ԱՊԱՍՏԱՆԱԾ Է
Թրքական «Այքըրը տողրուլար» առցանց թերթը կը գրէ, թէ հայ լրագրող մը՝ Ճեւաթ Սինէթ, որ Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ ճնշումներու եւ սպառնալիքներու ենթարկուած է, քաղաքական ապաստանի դիմում ներկայացուցած է Պելճիքայի, ուր հասած է իր կնոջ եւ նորածինին հետ: Լրագրողը թիրախ առնող այս հալածանքներուն պատճառն է հայ երիտասարդ Սեւակ Պալըքճըի՝ զինուորական իր ծառայութեան ընթացքին 2011 Ապրիլ 24ին թուրք զինուորի մը կողմէ սպանութեան մասին իր կատարած բացայայտումները:
Նոր Յառաջ