Խանդավառ Երեկոյ Արամէի Հետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/10/arame.jpg)
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, շաբաթ, 12 հոկտեմբերի երեկոյեան, «Էմիլ Լահուտ» համալիրին մէջ շուրջ երկուքուկէս ժամ շարունակ լիբանանահայ արուեստասէրները ապրեցան խանդավառ եւ ճոխ երաժշտութեամբ յագեցած երեկոյ մը` շնորհիւ հայրենի սիրուած երգիչ Արամէի:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան 2013-2014 տարեշրջանի բացումը կատարուեցաւ յատկապէս երիտասարդութեան սրտին մօտիկ Արամէի երգահանդէսով, որուն ճամբով Շրջանային վարչութիւնը լաւապէս դրսեւորեց իր այն հաւատքը, որ, հակառակ տնտեսական ու քաղաքական դժուարութիւններուն, պէտք է մշակութային կեանքը աշխուժ եւ կենդանի պահել, որովհետեւ անիկա անպայման իր դրական ու շինիչ արդիւնքը կ՛ունենայ բոլոր մակարդակներուն վրայ:
Արդարեւ, Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը չէր սխալած իր համոզումին մէջ, մանաւանդ որ Արամէն ու անոր արհեստավարժ նուագախումբը թնդացուցին սրահը, ոտքի հանեցին երիտասարդներն ու չափահասները, ուրախութիւն սփռեցին բոլորին սրտերուն մէջ` բազմազան եւ ճոխ երգերով: Արամէ յաջողեցաւ սրահին մէջ եղողները անջատել իրենց առօրեայէն, իրենց հեւքոտ կեանքէն ու մտահոգութիւններէն` զանոնք փոխադրելով երաժշտութեան աշխարհ:
Արամէ երգեց մեծին ու փոքրին, երգեց սէրն ու կարօտը, հպարտութեամբ երգեց հայ զինուորին, ամենայն անկեղծութեամբ եւ նուրբ զգացումներու դրսեւորումով երգեց հայ մօր: Արամէ նաեւ մեկնաբանեց երկու նոր երգեր, որոնք առաջին անգամ ըլլալով կը հնչէին. անոնք ծափողջոյններով ընդունուեցան լիբանանահայ հանդիսատեսին կողմէ:
Երգահանդէսին ընթացքին սրահին կողմերը, նաեւ երբեմն բեմին առջեւ երիտասարդներու խումբեր իրենց ուրախ ու աշխուժ պարերով աւելի եւս հմայք կու տային երեկոյին: