ՀՀ ՍՓՅՈՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹՅՈՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է

Ազնուափա´յլ Տիկին Յակոբեան,

Հոկտեմբերի Մէկը յիշարժան օր է սփիւռքահայ բոլոր կառոյցներուն համար։ Յիշարժան՝ շնորհիւ 1 Հոկտեմբեր 2008-ին ստեղծուած Սփիւռքի նախարարութեան եւ մանաւանդ անցնող հինգ տարիներու ընթացքին անոր մշակած եւ իրագործած ծրագիրներուն եւ տարած հսկայական աշխատանքին՝ ի խնդիր Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան ամրապնդումին, հայապահպանութեան եւ Սփիւռքի ներուժի յայտնաբերման ու համախմբումին։ Ծրագիրներ ու աշխատանքներ, որոնց յաջողութեամբ պսակումին մէջ անուրանալի է անձնապէս Ձեր նուիրեալ, իմաստուն, շրջահայեաց ու անխոնջ աշխատանքը:

Ձեր գլխաւորած գերատեսչութեան հնգամեակին առիթով ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեզ եւ Ձեր գլխաւորած աշխատակազմը՝ Ձեզի մաղթելով քաջառողջութիւն, յարատեւութիւն եւ ամենայն բարիք:

Վարձքերնիդ կատար:

ՀԱՅՐ ՎԱՐԴԱՆ ՎՐԴ. ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
Տնօրէն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան
Նարեկացի Կեդրոնին

Scroll Up