ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ ՀԱՑԵԿԱՑ 362 – ՎԱՂԱՐՇԱՊԱՏ 440
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/10/783071-e1378218323821.jpg)
362 թուականին Տարօն գաւառի (Վանայ լիճի արեւմտեան շրջան) Հացեկաց գիւղը ծնած Մեսրոպ Մաշտոց լեզուի նկատմամբ իր ունեցած ձիրքերուն շնորհիւ կը դառնայ թագաւորական պալատի դպիրը եւ թարգմանիչը։ Հմուտ եւ լաւատեղեակ հնադարեան քաղաքակրթութեան, ան մանրակրկիտ կերպով կը սերտէ հայերէն լեզուն, անոր կառոյցը, եղանակային դրոյթը եւ մասնայատկութիւնները։ Մեծապէս խանդավառուած, կը ձեռնարկէ հռչակաւոր Միջագետքի մշակութային կեդրոններու այցելութեան՝ այլ ազգերու կողմէ գործածուող գիրերը ուսումնասիրելու, գիտնականներու հետ տեսակցելու եւ անոնցմէ խորհուրդ ստանալու նպատակով։
Երկար պրպտումներէ ետք, Մեսրոպ Մաշտոց ի վերջոյ կը յաջողի յօրինել հայերէն լեզուին յատուկ 36 գիրերով այբուբեն մը։ Այսպէս, առաջին նախադասութիւնը որ ան կը գրէ իր մայրենի լեզուով եւ հայերէն գիրերով հետեւեալն է.- «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»: Այնուհետեւ «զինուած»՝ իր գիւտարարութեամբ, Մեսրոպ կը լծուի աշխատանքի։ Վռամշապուհ թագաւորի օժանդակութեամբ եւ Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսի քաջալերանքով, կը շրջի գաւառէ գաւառ, կը բանայ դպրոցներ, որոնցմէ առաջինը՝ Արցախի Ամարաս գիւղին մէջ, ուր կը դասաւանդէ եւ կը պատրաստէ վարպետ ուսուցիչներ՝ տարածելու համար նոր գիրերը։ Շնորհիւ այս յօրինումին, ժողովուրդին կը տրուի նոր եւ ուսեալ ինքնութիւն մը։ Շրջապատուած՝ խումբ մը մտաւորականներով, Մեսրոպ Մաշտոց այնուհետեւ կը սկսի հայերէնի թարգմանել կրօնական, պատմական եւ փիլիսոփայական բազմաթիւ աշխատութիւններ, մասնաւորաբար Աւետարանը, որ աւելի ուշ արեւմուտքի մասնագէտներու կողմէ կ՚որակուի «Թարգմանութիւններու թագուհին»:
Ժողովուրդը այսպէսով կը ծանօթանայ եւ իր ներդրումը կը բերէ մարդկային մտածողութեան գանձերուն։
Հայերէն այբուբենի գիւտարար, հայ նոր գրականութեան հիմնադիր, առաջին թարգմանիչ եւ առաջին դպրոցի հիմնադիր Մեսրոպ Մաշտոց հայկական մշակոյթի ամենէն խորհրդանշական դէմքն է, որ նաեւ կը համարուի հայ գրականութեան Ոսկեդարուն հեղինակը։
Հրայր Հրաչեանի
«Cent et une figures de la culture arménienne» հատորէն
«Նոր Յառաջ»