ՎԱՆԻ ՄԷՋ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ Է ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒ ԳԵՐԵԶՄԱՆ

Ըստ Պոլսոյ «Ակօս» թերթին՝ Վանի նահանգի Կէվաշ շրջանի գիւղերէն մէկուն մէջ անցեալ տարի սկսած դպրոցաշինութեան աշխատանքներուն՝ յայտնաբերուած են մարդկային ոսկորներ: Կ՚ենթադրուի, որ այդ ոսկորները կը պատկանին Հայերու:

Այս ոսկրակոյտը, որ կը գտնուի դպրոցէն ընդամէնը քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ, յայտնաբերումէն ի վեր լքուած է իր ճակատագրին: Աշակերտները ամէն օր քովէն կ՚անցնին դպրոց յաճախելու համար, բայց տեղւոյն իշխանութիւնները ոչ մէկ քայլի կը ձեռնարկեն զանոնք վերստին պատշաճ կերպով հողին յանձնելու ուղղութեամբ: Տեղի գիւղացիներն իսկ կը պահանջեն միջոցներու դիմել` ընդգծելով, որ ո՛չ մահմետականութեան, ո՛չ քրիստոնէութեան, ո՛չ ալ յուդայականութեան մէջ ընդունուած է մարդոց աճիւններուն վերապահել նման ճակատագիր:

«Նոր Յառաջ» 

 

 

Scroll Up