ՏԷՍԻՆԻ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՅՈՒՇԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 20-ԻՆ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/10/oCGnou4KMPCc5zRPvbN1iqPHiz.jpg)
Տարիներէ ի վեր կը սպասուէր: Ահաւասիկ հասած է օրը: Հոկտեմբեր 20-ին պաշտօնական բացումը կը կատարուի Տէսինի Հայ Ազգային Յուշագրութեան Կեդրոնին (Centre National de la Mémoire Armenienne – CNMA):
Այս առթիւ տեղի կ՚ունենան զոյգ ցուցահանդէսներ՝ «Վերակառուցում՝ աքսորի մէջ. հայ գաղթականներու ժամանումը Ֆրանսա» եւ «Հայ գիրքը՝ Վերածնունդէն Զարթօնքի շրջան. մշակոյթ մը Սփիւռքի մէջ» թեմաներով:
Նախատեսուած բազմաթիւ ճառերէն ետք՝ յետմիջօրէին դասախօսութիւններ կու տան պատմաբան Յարութիւն Գէորգեան, Ֆրանսայի Ազգային Մատենադարանէն Միքայէլ Նշանեան եւ Մազարին գրադարանի տնօրէն Իան Սորտէ: Առաջինը կը դասախօսէ «Վերապրիլ ցեղասպանութենէ մը կամ նոր կեանք մը հնարել. հայ գաղթականները Միջին Արեւելքի մէջ» թեմայով, իսկ միւս երկուքը կը ներկայացնեն «Արեւելքի եւ Արեւմուտքի մէջ հայ տպագրութեան ծնունդն ու զարգացումը» նիւթը: Իրիկունը, հանդիսութիւնը կը շարունակուի Տէսինի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Լիոնի ազգային նուագախումբին կողմէ տրուելիք համերգով եւ հուսկ՝ ընթրիքով քաղաքի ճաշարաններէն մէկուն մէջ:
Կեդրոնին շինութիւնը աւարտած է 2012 Դեկտեմբերին: Անոր իրագործման իրենց կարեւոր նպաստը բերած են Մեծն Լիոնը, Ռոն-Ալփ Շրջանը, Ռոնի Ընդհանուր Խորհուրդը, Տէսինի եւ Մէզիէօի քաղաքապետարանները, ինչպէս նաեւ «Պիւլլիւքեան» հիմնադրամը եւ հայ համայնքը:
Յուշագրութեան Ազգային Կեդրոնը կը հետապնդէ գլխաւոր երեք նպատակ:
Առաջինը՝ 1915էն գրեթէ դար մը ետք, հանդիսանալն է փաստագրական կեդրոն մը եւ մետիադարան մը, որ ատակ է պահպանելու եւ ապագայ սերունդներուն փոխանցելու պատմական նիւթերը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի Հայոց մշակութային գործունէութիւնը:
Հետապնդուած երկրորդ նպատակն է՝ գործի լծել կեդրոն մը, որ ծաւալէ Ֆրանսահայութեան մշակոյթին եւ ինքնութեան, Ցեղասպանութեան եւ անոր անհատական թէ հաւաքական հետեւանքներուն նուիրուած բազմատեսակ հետազօտութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ հանդիսանայ սփիւռքեան չափանիշով՝ միջմշակութային փոխանակումներու խթանման վայր:
Երրորդ առաքելութիւնն է՝ հանրութեան ուղղուած գործունէութիւններու միջոցով ապրեցնել եւ զարգացնել այն ժառանգութիւնը, որ մեզի փոխանցուած է՝ Կեդրոնին որդեգրած գծին համապատասխան «բացում»ի ճշմարիտ մտահոգութեամբ, այսինքն՝ «մնալ՝ ինքզինք, դառնալով՝ միւսը»: