ԱԼՖՈՐՎԻԼԻ «ԳԷՈՐԳ ԱՐԱՊԵԱՆ» ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐԻ ՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԾՐԱԳՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

Շաբաթ՝ Հոկտեմբեր 5ի յետմիջօրէին, գաղութիս դպրոցական հարցերով նախանձախնդիր անդամները, Հայ Մշակոյթի զարգացման ընկերակցութեան՝ APCAF-ի կողմէ հրաւիրուած էին Ալֆորվիլի Սուրբ Մեսրոպ Կրթարանին կից կառուցուելիք միջնակարգի, նաեւ ներկայի վարժարանին բարեկարգումը ընդգրկող շինարարութեան օրհնութեան եւ ծրագրի ներկայացման հանդիսութեան:
Ժամը 15ին, շուրջ 200 հոգինոց բազմութեան մը ներկայութեան, Ֆրանսայի թեմակալ առաջնորդ Նորվան Արք. Զաքարեան, որ ծրագրի նախաձեռնարկ ու ներկայիս ալ ծրագիրը իրագործող՝ APCAF-ի նախագահն է, օրհնեց այն տարածքը, ուր պիտի կառուցուի միջնակարգ դպրոցը: Նորվան Արք.ին քով տեղ գրաւած էին հոգեւոր դասու անդամներ, ծրագրին գլխաւոր բարերարը՝ Լիբանանէն Գէորգ Արապեան, որու անունով ալ պիտի կոչուի դպրոցական համալիրը, Ալֆորվիլի ներկայ եւ նախկին քաղաքապետերը՝ ծերակուտական Լիւք Գարվունաս եւ երեսփոխան  Ռընէ Ռուքէ, Ալֆորվիլի քաղաքապետի կցորդ՝ Ռիշար Անանեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Փարիզի դեսպանորդ՝ Վահագն Աթաբէկեան, բազմաթիւ անձնաւորութիւններ:
«Պահպանիչ»էն ետք՝ ներկաները հրաւիրուեցան դէմի մայթին վրայ գտնուող ներկայի Սուրբ Մեսրոպ կրթարան՝ անոր յարկին տակ ունկնդրելու ծրագրին պատասխանատուները՝ իրագործուելիք քայլերուն մասին:
Սրահը ծայրէ ծայր լեցուն էր: Պատուանդանին քով, ուրկէ խօսք առին օրուան պատկան դէմքերը, զետեղուած էր հսկայ պաստառ մը, որուն վրայ սփռուած պատկերներով կը տրուէին բացատրութիւններ: Հանդիսավարութիւնը կը կատարէր APCAF-ին ուժ եւ ոգի տուող երիտասարդներու փաղանգէն Րաֆֆի Յակոբեան: Հակիրճ կերպով խօսելով իրենց ընկերակցութեան մասին, ընդգծեց երկու անուններ՝ Կարպիս Ջրբաշեանինը (ընկերակցութեան գանձապահ) եւ Գրիգոր Փափազեանինը (քարտուղար), որոնք թիկունք կանգնած են այս ծրագրին: Ապա տուաւ բովանդակ ցանկը այն բոլորին՝ գրեթէ ամբողջութեամբ երիտասարդներ, որոնք նշեալ ընկերակցութեան երդիքին տակ լծուած են ծրագիրը յաջող աւարտի հասցնելու տքնաջան աշխատանքին:
Խօսելով ծրագրին մասին՝ ըսաւ, թէ այո՛ ան բարետենչ ծրագիր է, բայց ո՛չ երազական: Նշեց, թէ 18-ամսեայ ժամանակացոյց մը ճշդած են աշխատանքներուն համար: Ընդհանուր պիւտճէն է՝ 4,5 միլիոն եւրօ: Ր. Յակոբեան յիշեց, թէ այդ գումարին գրեթէ կէսը կը յատկացնէ Պ. Գէորգ Արապեան, բայց դեռ կը մնայ ապահովել մնացեալ մասը:
Ապա խօսքը փոխանցեց ճարտարապետ Միրիամ Յակոբեանին, որ աւելի հանգամանալից կերպով ներկայացուց ծրագիրը: Բացատրութիւններ տուաւ ըստ այն գլխաւոր հինգ յատկութիւններուն՝ ապահովութեան, որակին, տնտեսականօրէն խնայողականին, հանգստաւէտ գործածութեան եւ ըստ կարիքի՝ բաշխումի փոփոխելիութեան, որոնցմով պիտի յատկանշուի կրթական նոր համալիրը:
Իրմէ ետք խօսքը տրուեցաւ Նորվան Արք. Զաքարեանին, որ նախ եւ առաջ նշեց, թէ ինք հայերէն պիտի արտայայտուի (մինչ այդ պահը՝ բոլոր ելոյթները ֆրանսերէն էին), յարգելու համար օրուան հանդիսութեան խորքն իսկ, որ հայերէնի ուսուցման օճախի մը կառուցման կը վերաբերի: Պ. Գեղամ Գեւոնեան ֆրանսերէնի թարգմանեց Սրբազանին խօսքերը: Նորվան Արք. իր բաւական կարճ խօսքին մէջ յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Ալֆորվիլի ներկայի եւ նախկին քաղաքապետերուն, Պ. Կարպիս Ջրբաշեանին, որու անձնական միջնորդութեամբ է, որ Պ. Գէորգ Արապեան կատարած է այս նուիրատւութիւնը: Ամբողջացնելէ ետք շնորհակալութիւններու ցանկը՝ ըսաւ, թէ յաջորդ անգամուան համար կը խոստանայ աւելի երկար ելոյթ մը՝ այդ մէկը վերապահելով սակայն բացման արարողութեան:
Իրեն յաջորդեց Ալֆորվիլի քաղաքապետը՝ Լիւք Գարվունաս, որ դրուատեց այս ծրագրին կապակցութեամբ՝ Նորվան Արք.ի հետեւողական աշխատանքը, անոր վճռակամութիւնը եւ թղթածրարին լաւ տիրապետումը: Քաղաքապետը շեշտեց դպրոցաշինութեան կարեւորութիւնը համայնքի մը համար՝ մանաւանդ անոր կենսունակութեան առումով:
Վերջին խօսք առնողը եղաւ՝ այս առթիւ Լիբանանէն ժամանած բարերար Գէորգ Արապեան, որ նոյնպէս արտայայտուեցաւ հայերէն: Հակառակ իր որոշ տարիքին, շատ կայտառ եւ զուարթախօս, ան ըսաւ, թէ Ֆրանսահայութիւնը երանելի գաղութ է՝ Նորվան Արք.ի նման առաջնորդ մը ունենալով: Ան եւս դրուատանքով անդրադարձաւ այն երիտասարդ ուժերուն, որոնք ընդգրկուած են այս ծրագրին մէջ: Ընդհանուր գիծերու մէջ բացատրեց, թէ ինչպիսի՛ հանգամանքներու բերումով որոշած է կատարել այս նուիրատւութիւնը, չվարանեցաւ նաեւ յիշելու որոշ մութ ուժեր կամ դէմքեր, որոնք իրեն հետ կապ հաստատելով, փորձած են տարհամոզել՝ իրեն թուելով այլեւայլ պատճառաբանութիւններ: Ինք այս մասին իր վճռակամութիւնը յայտնեց սա խօսքերով՝ “Եթէ էրիկ մարդ են, թող դէմս ելլեն”:
Ծրագրի ներկայացման աւարտին՝ հանդիսականները հրաւիրուեցան դպրոցին բակը ընդունելութեան մը, ուր ջերմ զրոյցները դեռ տեւեցին շա՜տ երկար պահեր: Նաեւ ներկաները հրաւիրուեցան նուէրներ կատարելու՝ իրենց պահարանները նետելով այն տուփին մէջ, որ զետեղուած էր այս առթիւ պատրաստուած տեղեկատու շատ գեղեցիկ գրքոյկներու սեղանին վրայ:

Նոր Յառաջ

Scroll Up