Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Ընտրուեցաւ Շահէ Եպս. Փանոսեան

Գեղամ արք. Խաչերեանի հրաժարականէն ետք, Լիբանանի թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը տեղի ունեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Պէյրութի ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ` միակ օրակարգ ունենալով թեմի նոր առաջնորդի ընտրութիւնը:

Լիբանանի թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Տիգրան Ճինպաշեան ներկաներուն ընթերցեց առաջնորդի ընտրութեան օրէնքները, նաեւ Ազգային երեսփոխանական ժողովին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին միջեւ փոխանակուած նամակները, ինչպէս նաեւ կաթողիկոսին կողմէ փոխանցուած ընտրելի միաբաններու հնգանուն ցանկը եւ անոնց կենսագրական տուեալները (Կոմիտաս արք. Օհանեան, Շահէ եպս. Փանոսեան, Փառէն Ծ. վրդ. Վարդանեան, Մասիս Ծ. վրդ. Զոպուեան, Յուսիկ վրդ. Մարտիրոսեան): Տիգրան Ճինպաշեան կարդաց նաեւ Լիբանանի թեմի առաջնորդական տեղապահ Յարութիւն Ա. քհնյ. Կոստանեանի նամակը, ուր նշուած է Լիբանանի թեմի Ազգային իշխանութեան խառն ժողովին կողմէ հնգանուն ցանկէն ընտրուած եռանուն նախընտրական ցանկը` Կոմիտաս արք. Օհանեան, Շահէ եպս. Փանոսեան, Մասիս Ծ. վրդ. Զոպուեան:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն. ընտրողներու 34 ձայներէն Շահէ եպս. Փանոսեան ստացաւ 29 ձայն, Մասիս Ծ. վրդ. Զոպուեան 1 ձայն. կային 3 հատ ճերմակ քուէներ եւ 1 անվաւեր քուէաթերթիկ:

Աւարտին Տիգրան Ճինպաշեան յայտարարեց, որ Շահէ եպս. Փանոսեան ստացած ըլլալով Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամներուն աւելի քան երկու երրորդին ձայները` կ՛ընտրուի Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ:

Արդիւնքին մասին տեղեակ պահուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, որուն վաւերացումէն ետք նորընտիր առաջնորդը պիտի ստանձնէ իր պաշտօնը:

Շահէ ԵպսՓանոսեանի Կենսագրական Գիծեր

Ծնած է 1958-ին Քեսապ (Սուրիա): Նախնական ուսումը ստացած է Քեսապի Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանին մէջ:

1971-ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք, որուն Ժառանգաւորաց բաժինը աւարտելով` 1976-ին սարկաւագ ձեռնադրուած է:

1978-ին աւարտելով Դպրեվանքը, անդամ դարձած է անոր տեսչութեան կազմին` հսկիչի հանգամանքով, միաժամանակ հետեւելով բարձրագոյն ուսման, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանին մէջ:

1980-ին ձեռնադրուած է աբեղայ: Մինչեւ 1982, վանական պաշտօններու առընթեր, դպրեվանքին մէջ շարունակած է դասաւանդել հայագիտական նիւթեր:

1982-1986 ծառայած է Յունաստանի թեմին մէջ` Թեսաղոնիկէի համայնքին իբրեւ հոգեւոր հովիւ:

1987-1989 ծառայած է Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին մէջ, որպէս Ֆլորիտայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ:

1990-1994 եղած է հոգեւոր հովիւ Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց  եկեղեցւոյ:

1993-ին ստացած է Ծայրագոյն վարդապետութեան կարգը:

1995-2002 հովուական պաշտօնով մեկնած է Քանատայի թեմ, ուր որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայած է Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

2002-ին վերադարձած է Մայրավանք եւ մէկ տարուան համար ստանձնած «Թռչնոց Բոյն»-ի տեսչութեան պաշտօնը:

2004-2006 դարձեալ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին մէջ ծառայած է հովուական պաշտօնով` հոգեւոր հովիւ նշանակուելով Նիւ Ճըրզիի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ:

2006-2011 ստանձնած է Անթիլիասի դպրեվանքի տեսչութեան պաշտօնը:

2008-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած է:

2011-էն ի վեր Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու Կաթողիկոսական փոխանորդ նշանակուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ:

aztagdaily.com

Scroll Up