Արամ Ա. Կաթողիկոս Պարգեւատրեց Տէր Եւ Տիկին Միհրան Եւ Զարմինէ Քիւրտօղլեանները

Կիրակի, 6 հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, սուրբ եւ անմահ պատարագէն անմիջապէս ետք, կաթողիկոսարանի վեհարանի դահլիճին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով պարգեւատրեց տէր եւ տիկին Միհրան եւ Զարմինէ Քիւրտօղլեանները:

Միհրան Քիւրտօղլեան եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սան: Դպրեվանքի ուսումնական տարիներէն ետք շարունակած է իր կեանքը ազգային-կրթական ծառայական կեանքին մէջ: Երկար տարիներ եղած է դպրոցի ուսուցիչ, ապա` տնօրէն: Ստորագրած է բազմաթիւ յօդուածներ: Հեղինակ է հայոց պատմութեան դասագիրքի (երեք հատոր): Զարմինէ Քիւրտօղլեան երկար տարիներու մանկավարժ ուսուցչուհի եւ մանկապարտիզպանուհի եղած է: Ծառայած է Լիբանանի եւ Յունաստանի հայկական դպրոցներուն մէջ:

Յետ սուրբ եւ անմահ պատարագին, վեհարանի դահլիճին մէջ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ` Խորէն եպս. Տողրամաճեան արտասանեց բացման խօսք, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, ապա անդրադարձաւ Քիւրտօղլեան զոյգին կրթական մարզին մէջ կատարած ներդրումին: Ապա, Եփրեմ արք. Թապագեան իբրեւ դասընկեր խօսք առնելով մեծապէս գնահատեց Քիւրտօղլեան զոյգը եւ խօսեցաւ անոնց կատարած ծառայութիւններու մասին` անցնող տարիներուն ընթացքին:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր հայրական խօսքը ուղղեց Քիւրտօղլեան զոյգին, բարձրօրէն գնահատեց անոնց նուիրուածութիւնն ու կապուածութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Վեհափառ հայրապետը խօսելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մարդու արժեւորման ունեցած արժեչափին մասին, ըսաւ. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մարդուն տուած արժեչափը տարբեր է: Մենք մարդը չենք գնահատեր իր ուսումով, վկայականով կամ գիտութեամբ: Առաւել եւս, Մենք մարդը չենք գնահատեր իր ունեցուածքով, այլ` Մենք մարդը կը գնահատենք իր մէջ ունեցած Հայու ոգիով»: Ու խօսքը ուղղելով Քիւրտօղլեան ամոլին ըսաւ. «Քիւրտօղլեան ամոլը հայու այդ ոգիով ապրեցան նախ եւ առաջ իրենք, ու այդ նոյն ոգին փոխանցեցին իրենց զաւակներուն ու ապա այդ ոգին ջամբեցին ամէն տեղ, ուր որ իրենց առիթ եղաւ գործելու»:

Վեհափառ հայրապետին խօսքէն ետք Վարանդ վրդ. Քորթմոսեան ընթերցեց վեհափառ հայրապետին կոնդակը, որմէ ետք Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը պարգեւատրեց Քիւրտօղլեան ամոլը: Աւարտին, խօսք առնելով Միհրան Քիւրտօղլեան շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին այս գեղեցիկ ու թանկագին առիթին համար, որ իր եւ իր կնոջ համար պատասխան մը հանդիսացաւ անցնող երկար տարիներուն վրայ երկարող իրենց տարած աշխատանքին ու գործունէութեան` կրթական-ազգային մարզերուն մէջ:

aztagdaily.com

Scroll Up