ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ 2013-2014 ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՆՇՄԱՐՆԵՐ
Հոկտեմբերի 1-ի առաւօտեան, Ֆանարի բարձունքի գեղատեսիլ ու կանաչապատ բնութեան գիրկը տեղակայուած Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը ուրախ տրամադրութիւններու եւ ցնծութեան մէջ էր։ Չորս դին կը տիրէր տօնական տրամադրութիւնը։ Վերամուտ էր։
Վարժարանի շրջաբակին մէջ տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմի անդամներ, ծնողներ, աշակերտներ, հիւրեր, պաշտօնէութիւն մէկտեղուած, անհամբեր կը սպասէին օրուան գլխաւորագոյն արարողութեան՝ վարժարանի վերանորոգուած պասքեթպոլի մարզադաշտի բացումին։ Այս առթիւ հանդիսաւոր բացման արարողութիւն տեղի ունեցաւ մասնակցութեամբ վարժարանի տնօրէնուհիի, վարժարանի բարերար-ծնողի,Պրն. Սարգիս Պուտաքեանի, ծնողական վարչութեան ատենապետի, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայէն հիւրաբար ներկայ Արհիապատիւ Հայր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանի։
Լիբանանի եւ Հայաստանի պետական քայլերգները հնչելէ ետք, խօսք առնելով, վարժարանի տնօրէնուհի, Առաքինազարդ քոյր Արմինէ Մակարոսեան յատկապէս բարի վերամուտ մաղթելով բոլորին, ըսաւ թէ Վարժարանի 90-ամեակի վերջին շրջանին այս վերամուտը ցանկալի է որ ըլլայ բարեբեր։ «Հայ դպրոցը բոլորիդ հարազատ տունն է։ Հետեւաբար այդ տունը առաւել զարգացած այսօր բացած է իր հիւրընկալ դռները»։ Նկատել տալով, որ վարժարանին մէջ տեղի ունեցած են ակնառու փոփոխութիւններ, մեծ զոհողութիւններու իբրեւ արդիւնք, Առաքինազարդ Քոյրը այդ առթիւ մեծ շնորհակալութիւն յայտնեց ազնիւ բարերարին։
Այս բոլոր շօշափելի բարիքներուն համար, Տնօրէնուհի քոյրը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ամէնէն առաջ Հայր Աստուծոյ, առանց որու կամքին անկարելի էր ունենալ այս ամէնը եւ խնդրեց ամէնքէն միասնաբար երգելու «Տէրունական» աղօթքը՝ «Հայր Մեր»ը։
Իր կարգին Պր. Պուտաքեան խօսք առնելով ըսաւ. «Մեր ամբողջ նպատակն է ամէն ինչ ընել, պահելու համար հայ աշակերտը հայ դպրոցի մէջ, որու համար հարկաւոր է դպրոց-ծնողք փոխ-յարաբերութիւն եւ անկեղծ գործակցութիւն։ Հարկ է սատարել նիւթապէս եւ բարոյապէս, որպէսզի հայ դպրոցը բարգաւաճի եւ վերելքներ արձանագրէ:
Վարժարանի ծնողական վարչութեան ատենապետ Միհրան Նաճարեան փոխանցեց վերամուտի առիթով օրուան պատշաճ պատգամը։ Ան ըսաւ աշակերտներուն «Այս հանդիսաւոր պահը ձեր կազմաւորումի մեկնակէտն է իբրեւ քաղաքակիրթ, գրագէտ մարդ, իբրեւ զտարիւն հայ, հաւատացեալ քրիստոնեայ մարդ եւ օրինապահ քաղաքացի»։ Աշակերտութեան յորդորելով չմոռնալ ոեւէ մէկուն զոհողութիւնը, ան մաղթեց նաեւ որ նոր «Ռոտրիկներ պանծացնեն իրենց դպրոցին անունը», նկատի ունենալով լիբանանեան պետական քննութիւններուն վարժարանի պրէօվէի դասարանի աշակերտ Ռոտրիկ Սեփեթճեան արձանագրած է փայլուն ու պատուաբեր արդիւնքներ։ Իսկ ծնողներուն ուղղելով իր խօսքը, ծնողական վարչութեան ատենապետը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Վարժարանի հանդէպ տածած իրենց բարձր վստահութեան համար։
Նկատի ունենալով 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանի պետական քննութիւններուն վարժարանի արձանագրած բացառիկ արդիւնքները, վարժարանի տնօրէնութիւնը յատուկ յուշանուէրով եւ կրթանպաստով պարգեւատրեց Ռոտրիկ Սեփեթճեանը։ Տնօրէնուհի Քոյրը նաեւ ողջունեց բոլոր այն աշակերտները, որոնք բարձր եւ գնահատելի արդիւնքներ արձանագրած էին պետական քննութիւններուն։
Վերամուտեան այս տօնակատարութեան ողջ ընթացքին, վարժարանի երգուսոյց Մանուէլ Քէշիշեան հայկական ուրախ ու ճոխ երգերու շարանով խանդավառեց մթնոլորտը։ Աճապարենք ըսելու, որ հարուածային գործիքներու վրայ կ՛ընկերանար վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտ՝ Արամ Մալխասեան։ Այնքան ջերմ ու ընտանեկան էր մթնոլորտը, որ երկրորդականի ու միջնակարգի աշակերտները ուրախ շուրջպարով մը միացան երգ ու երաժշտութեան աւելի տօնական դարձնելով օրը։
Միջոցառման ընթացքին վարժարանի տնօրէնուհին միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտութեան նաեւ յանձնեց Քանատայի Հռիփսիմեանցականներուն կողմէն տրամադրուած լուսանկարչական գործիքները իբրեւ նուէր եւ հաղորդակցութեան անքակտելի կապ:
Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Արհիապատիւ Հայր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանը. «Դո՛ւք, լիբանանահայ աշակերտներ, դուք բախտաւոր էք, որ հայերէն կը սորվիք, կրօնական գիտելիքներու կը տիրանաք, գիտէք երախտապարտ ըլլալ բոլոր անոնց, որ բարիք կը գործեն հայ դպրոցին գոյատեւման եւ յառաջդիմութեան ի խնդիր»։
Այնուհետեւ Գերապայծառ Տէրը Պահպանիչով փակեց վերամուտի գեղեցիկ ձեռնարկը։
90-ամեայ փառաւոր պատմութիւն ունեցող Հռիփսիմեանց վարժարանը անշեղօրէն ու հաստատուն կը սլանայ դէպի 100-ամեակ, դէպի «լոյս գագաթներ»:
Տեղեկատուական Գրասենեակ
Սրբ. Հռիփսիմեանց բարձրագոյնՎարժարանի