ՀՅԴ Քարոզչական Մարմին. Կլոր Սեղան` «Լիբանանահայ Դպրոցը Եւ Իր Մարտահրաւէրը. Միասնաբար Մտածենք Լուծումներու Մասին» Նիւթով
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին, երէկ երեկոյեան ժամը 8:00¬ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Լիբանանահայ դպրոցը եւ իր մարտահրաւէրը. միասնաբար մտածենք լուծումներու մասին» նիւթով կլոր սեղան մը, որուն զեկուցաբերներն էին տնօրէններ Տիգրան Ճինպաշեան, Կրեկուար Գալուստ, Վիգէն Աւագեան, Մարալ Տէյիրմենճեան, Նազարէթ Ճերեճեան եւ Արա Վասիլեան: Զրուցավարն էր Զաքար Քէշիշեան:
ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց ՐաՖՖի Տեմիրճեան, որ յայտնեց, թէ մարմինը այս կլոր սեղանով կը սկսի նոր ոճի ձեռնարկներու, որոնց նպատակն է քննութեան առարկայ դարձնել գաղութը յուզող հիմնախնդիրներն ու դժուարութիւնները: Անդրադառնալով հայ դպրոցին` Տեմիրճեան նշեց, որ «սփիւռքեան իրականութեան մէջ միայն հայ դպրոցով հայը հայ կը մնայ, միայն հայ դպրոցով կարելի է սերունդներուն հայեցի դաստիարակութիւն ապահովել եւ Հայ դատի զինուորներ պատրաստել»:
Իսկ ինչ կը վերաբերի դպրոցներու այժմու դժուարութիւններուն, ան յայտնեց, որ խնդիրներ միշտ ալ եղած են, խնդիրներ կան, որոնք մնայուն կերպով ներկայութիւն են, սակայն այս բոլորին դիմաց հայ դպրոցին էութիւնն ու առաքելութիւնը անփոխարինելի է:
Բացման խօսքէն ետք, ներկաները դիտեցին տեսերիզ մը, որուն մէջ ժողովուրդը կ’արտայայտէր իր տեսակէտները. այնուհետեւ խօսք առին զեկուցաբեր տնօրէնները:
Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան հայկական վարժարաններուն մէջ կրթական ծրագիրի պատմականը ներկայացնելէ ետք, յայտնեց, որ թուաբանութեան, գիտութեան եւ պետական քննութիւններու մէջ ներառուած նիւթերուն համար մեթոտաբանութիւն մը գոյութիւն ունի, սակայն հայագիտական նիւթերու պարագային ատիկա չկայ: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց մանուկին կրթութիւնը իր մայրենի լեզուով սկսելու մանկավարժական սկզբունքը եւ նկատի ունենալով, որ այդ լեզուն հետագային հիմք պիտի ծառայէ այլ լեզուներ սորվելու համար, անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ անոր լաւ տիրապետել:
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ 1974¬1975 տարիներէն սկսեալ լիբանանահայ վարժարաններ յաճախող աշակերտներու թիւեր ներկայացուց` նշելով, որ հիմնական խնդիրը նիւթական դժուարութիւնն է, որուն պատճառով աշակերտները դէպի պետական վարժարաններ կ’ուղղուին: Ան նշեց, որ «մենք չենք կրցած հայ վարժարանի իսկական եւ հարազատ պատկերը ներկայացնել հանրութեան` այսինքն` քարոզչական բացթողում մը կայ»: Ան ընդգծեց, որ վարժարաններուն միջեւ գոյութիւն ունի անհիմն մրցակցութիւն մը, որուն փոխարէն օտար դպրոցներ յաճախողները հայկական դպրոց վերադարձնելու վրայ պէտք է աշխատանք թափուի:
Կրեկուար Գալուստ առաջարկեց ստեղծել գաղութի մակարդակով գործադիր մարմին մը, որ խիզախօրէն սեղանի վրայ դնէ հարցերը եւ աշխատի լուծումներ գտնելու:
ՀԲԸՄ-ի Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի տնօրէն Արա Վասիլեան խօսեցաւ լիբանանահայ դպրոցներուն մէջ արդի արհեստագիտութեան օգտագործման մասին եւ անդրադարձաւ անոր պատմականին: Ան նշեց, որ հայկական վարժարանները արհեստագիտութեան օգտագործումով օտար դպրոցներէն չեն զանազանուիր եւ կարգ մը արհեստագիտութեանց պարագային կը գերազանցեն զանոնք:
Ան նաեւ ներկայացուց արդի արհեստագիտութեան օգտագործման նոր հեռանկարները, օրինակ` անհատականացած ուսուցումը, որուն համաձայն, իւրաքանչիւր աշակերտ նիւթը կը սորվի իր կարողութեան համաձայն:
Սահակեան վարժարանի տնօրէն Նազարէթ Ճերեճեան ներկայացուց ծնողք¬դպրոց յարաբերութիւնները: Ան նշեց, որ ծնողներու գլխաւոր հետաքրքրութիւնները կրթաթոշակը, դպրոցին վայրը, կրթական մակարդակը, պրէօվէի եւ պաքալորէայի արդիւնքները, ծանօթ ծնողներու կարծիքը, դպրոցին կուսակցական պատկանելիութիւնը եւ ծնողքին նախկին դպրոցին հետ զգացական կապերն են: Ան նշեց, որ հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտներու թիւը ունինք, սակայն արաբական սեփական ու պետական վարժարաններ յաճախողներուն թիւը չունինք:
Ճերեճեան ընդգծեց, որ պէտք չէ յոգնիլ արաբական սեփական վարժարաններու աշակերտները հայկական դպրոց վերադարձնելուն վրայ, այլ պէտք է աշխատիլ պետական վարժարաններուն մէջ գտնուող աշակերտները վերադարձնելուն վրայ: «Երբեմն ստիպուած ենք կրթաթոշակները բարձրացնելու. ուրիշ ելք չունինք», նշեց ան:
Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Մարալ Տէյիրմենճեան ներկայացուց հալէպահայ աշակերտներու մարտահրաւէրը` նշելով, որ անոնք ճնշուածութեան մէջ են եւ կորսուած վիճակ մը ունին: Ան նշեց, որ անոնց վիճակը հոգեկան է եւ կրթական. հիմնականին մէջ լեզուական, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ բազմաթիւ նիւթեր արաբերէնով սորված են, ուստի ուսուցիչը ստիպուած կ’ըլլայ դանդաղեցնելու կրթական ծրագիրը, որուն պատճառով ալ լիբանանահայ աշակերտը կը տուժէ:
Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան խօսեցաւ հայ ուսուցիչի բարոյահոգեբանական վիճակին եւ այդ ասպարէզին գրաւչութեան մասին: Ան նշեց, որ ուսուցչական տագնապը տասնամեակներէ ի վեր նոյնն է, անլոյծ կը մնայ եւ հաւանաբար շարունակէ այդպէս ալ մնալ:
Ան նշեց, որ մեր կեանքին մէջ չէ պատահած այնպիսի պահ մը, երբ այսքան համալսարանական ունեցած ենք, որքան այսօր. նոյնպէս չէ պատահած ժամանակ մը, երբ ուսուցիչներու այսքան պակաս եղած ըլլայ: «Ուսուցչական ասպարէզը այսօր դադրած է գրաւիչ ըլլալէ: Մեր ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք ուսուցիչներուն վրայ, այլապէս` ապարդիւն կերպով մոմով ուսուցիչ պիտի փնտռենք», ըսաւ ան:
Զեկուցաբեր տնօրէններու ելոյթներուն աւարտին առիթ տրուեցաւ այլ տնօրէններու եւս իրենց տեսակէտը յայտնելու: Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան մատնանշեց, որ գոյութիւն ունին հայ վարժարաններու ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ տնօրէններ, որոնք իրենց զաւակները օտար վարժարաններ կ’ուղարկեն:
Զրոյցի աւարտին ներկաներուն առիթ տրուեցաւ իրենց հարցումները ուղղելու զեկուցաբեր տնօրէններուն: