Ինչո՞ւ Չերթանք Մեր Երկիր…

Աւելի քան ութ տարի առաջ էր, Երեւան, մեր տունէն քալելով կ՛երթայինք Համազգայինի պետական թատրոն: Յուլիս էր, օդը տաք, բայց այդ օր իրիկնային զեփիւռ մը կը զովացնէր մեր դէմքերը: Ճամբան անցորդները դիտելով կ՛երթայինք, որովհետեւ կ՛ուզէի տեսնել ժողովուրդին դէմքերը, զգալ իրենց տրամադրութիւնը: Ուրախ կ՛երեւէին: Ամէն տարիքի մարդ կար, ընդհանրապէս կոկիկ հագուած, սակայն երիտասարդները կը գերազանցէին իրենց արդ ու զարդով:

Թատրոնի ճամբան մեծ եռուզեռ կար, իսկ մուտքի աստիճաններուն վրայ ահագին բազմութիւն: Ի՜նչ լաւ մթնոլորտ: Ժպտուն դէմքերով, փոքրիկ խումբերով, ընկերներով կամ ընտանիքներով եկած էին թատրոն: Այդ խումբերէն ամէնէն մեծը մեր խումբն էր, 55 հոգի, Համազգայինի երիտասարդական ֆորումին մասնակիցները, որոնք ի մի եկած էին շատ տարբեր երկիրներու հայկական գաղութներէ: Շուտով սրահ մտանք ու նստանք մեր խումբին համար վերապահուած տեղերը: Սրահը նուազագոյն չափով նորոգուած կ՛երեւէր, բայց ոչինչ, ընդունելի էր, մանաւանդ որ բեմի լոյսերը եւ այլ սարքաւորումները լաւ էին: Դիտեցի նաեւ հանդիսատեսները, որոնք ուրախութիւն պատճառեցին ինծի, որովհետեւ երիտասարդութիւնը մեծամասնութիւն կը կազմէր: Մեր ետեւի շարքը բոլորը կ՛երեւէին նոյն տարիքի աղջիկ-տղաներ: Հետաքրքիր էի, հարցուցի թէ դպրոցական պարտականութեա՞ն մը համար եկած էին արդեօք: Ըսին «ո»չ, պարզապէս ընկերներ էին եւ միասին որոշած էին շաբաթավերջին հաճոյքի համար թատրոն երթալ: Մտածեցի, մեր մօտ, Ամերիկա, արդեօք հայ երիտասարդութեան քանի՞ տոկոսը թատրոն կը յաճախէ, այն ալ հայկական թատրոն: Ինչ ունի՞նք: Հազիւ տարին միայն քանի մը անգամ առիթ կը ստեղծուի: Իսկ հոս, ահաւասիկ մեր ազատ-անկախ Հայաստանը, երիտասարդներով, թատրոնով, մշակոյթով, պատմութեամբ, ժառանգութեամբ, մեզի կը սպասէ, եզրակացուցի ես ինծի… եւ…

Ինչո՞ւ Չերթանք Մեր Երկիր…
Ներկայացումը կը կոչուէր «44 Աստիճանի Վրայ»: Քանի մը վայրկեանէն, կլանուած էինք արդէն: Հասկցանք, որ հերոս զոյգը Ամերիկայէն փոխադրուած է հայրենիք: Ամուսինը կը զբաղի մեղուաբուծութեամբ եւ սիրահարուած է իր մեղուներուն: Իսկ կինը շատ կը սիրէ ամուսնոյն, սակայն ընտանիքին կարօտէն կը տառապի: Պատկերները սկսան թաւալելու զգացական մեծ վերիվայրումներով, մարդկային սիրոյ, հայրենիքի սիրոյ, ապրելու ու գոյատեւելու պայքարի տառապանքներով: Օրերը սկսան անցնելու եւ գիւղի բնակիչները մէկիկ-մէկիկ սկսան լքելու գիւղը եւ արտագաղթելու: Դերասաններուն յուզիչ, սրտառուչ, հրահրող խօսքերն ու միտքերը գրաւած էին հանդիսատեսին, բոլորիս: Չորս կողմս կային արցունքոտ աչքեր, մտահոգ դէմքեր, բարկացած նայուածքներ, յուսահատ անձեր… Գիւղի վերջին գիւղացին ալ յանձնեց իր տան բանալին այս զոյգին, որ կը յամառէր մնալ իր հողին վրայ… Վերջաւորութեան, ամուսինը որ յարատեւ որոնումի մէջ էր, վերջապէս գտաւ իր փնտռած աստղը 44 աստիճանի վրայ, որ կարելի էր տեսնել միայն հայրենիքէն: Հետեւաբար արհամարհեց բոլոր խոչընդոտները եւ վճռակամօրէն նայեցաւ իր ապագային, հաստատուն կանգնած իր հողին վրայ…
Բուռն ծափահարութիւն մը պայթեցաւ սրահին մէջ: Բոլորը, բոլորը կ՛ուզէին, որ այդպէս ըլլար աւարտը: «Ո՛»չ, բոլորը, մեծ ու փոքր եւ յատկապէս երիտասարդները, հայաստանաբնակ թէ սփիւռքահայ, բոլորը «Ո՛»չ կ՛ուզէին ըսել պարտուողականութեան, հակառակ որ միեւնոյն ժամանակ կը զգային գացողներուն հոգերը… Բայց ուրախ էին, որ այդպէս վերջացաւ: Ոտքի կանգնած անդադար կը ծափահարէինք, գնահատելով իրենց յաջող եւ հարազատ խաղարկութիւնը եւ կարծես շնորհակալութիւն յայտնելով, որ մեզի տուին յոյս եւ պայքարելու վճռակամութիւն:

Ինչո՞ւ մենք ալ չերթանք մեր երկիր…

Հանդիսատեսները ելան դուրս, իսկ մենք ուրիշներու հետ սպասեցինք ու անձամբ շնորհաւորեցինք Համազգայինի դերասանները, որոնց հետ ընկերացանք ու մնացինք ընկերներ: Դուրսը ժողովուրդը տակաւին կը քալէր. յաճելի եռուզեռ մը կար… Հայրենիքը կը շնչէր… Ֆորումի երիտասարդները տակաւին ներկայացման ազդեցութեան տակ, տաք խօսակցութիւններ կ՛ունենային հայութեան մահ ու կենաց խնդիրներու մասին… ո՞րն էր լուծումը…

Այսօր, ութ տարի անց, նոյնն է հարցը, եթէ ոչ աւելի վատ: Այդ օրերուն կը յուսայինք, նոյնիսկ կը հաւատայինք, որ այս թատերգութիւնը քանի մը տարիէն ժամանակավրէպ պիտի ըլլայ, բայց, աւա՜ղ, ընդհակառակը: Անարդար հարուստները եւ իշխանաւորները շատացած, իբրեւ արդիւնք խեղճ ու աղքատ ժողովուրդ շատացած, իսկ արտագա՞ղթը, արտագաղթը՝ անհամեմատ բազմապատկուած: Հակառակ որ լաւ բաներու ալ ականատես կ՛ըլլանք, ինչպէս օրինակ՝ աւելի մաքուր ու նոր ճամբաներ, աւելի ծաղկաւոր պարտէզներ, քանի մը արդիական ու յաջող կրթական, գիտական կամ արուեստի կեդրոններ, քիչ մը աւելի ահազանգող ու պահանջատէր երիտասարդներ, բայց… դեռ շա՜տ հեռու ենք կայացած երկիր համարուելէն, ժողովուրդին իսկական տիրութիւն ընելէն: Ամէն մարզի մէջ կարիքը կայ օգնութեան, նոր աւիւնի, արդարամիտ գործելակերպի աւանդութեան: Լուծո՞ւմ կը փնտռենք: Շա՜տ պարզ է… ընել այն, զոր շատոնց խոստացած էինք մեր երկրին համար, երբ տակաւին միայն երազ էր: Իսկ հիմա, որ իրականութիւն է, ժամանակն է այդ խոստումը յարգելու… Պարզապէս պէտք է ընել կարգ մը զոհողութիւններ եւ անցնիլ որոշ անհանգստութեանց ընդմէջէն երկիր փոխադրուելու համար, կամ առնուազն յաճախակի այցելութիւններով՝ շատ մօտէն առնչուելու Հայաստանի եւ իր ժողովուրդի կեանքին հետ: Այսպէս, մե՜ծ, մե՜ծ թիւերով երթալ Հայաստան եւ մաս կազմել անոր կեանքին, միասին սնանիլ, միասին շնչել, միասին ապրիլ, պայքարիլ, տառապիլ… կերտել, շտկել, կառուցել, դաստիարակել, մաքրել, զարդարել, արդիականացնել, զարգացնել… իսկապէ՛ս մերը ընել մեր հայրենիքը, իւրացնել զայն… «44 Աստիճանի Վրայ» թատերգութեան Մգրոյի եւ Սիրանոյշի նման… ա՛յս է լուծումը:

Հոկտեմբերին այս թատերախաղը մաս պիտի կազմէ Համազգայինի կազմակերպած թատերական փառատօնին Լոս Անճելըսի մէջ: Հայաստանէն կը ժամանեն Համազգայինի թատրոնի դերասանները: Թատրոն, որուն հիմնադիրն ու գեղարուեստական ղեկավարն էր տակաւին նոր մեզմէ առյաւէտ բաժնուած Սօս Սարգսեանը, որ ջատագովն էր արդարին, լաւագոյնին, հայրենասիրութեան: Երթանք ու տեսնենք, կրկի՛ն տեսնենք: Լանք ու ընդվզինք: Բարկանանք ու տառապինք: Յուսանք ու վճռենք…
Պէ՛տք է երթանք մեր երկիր:

http://asbarez.com

1003asdijan-300x200 1003setasimonian-300x225

Scroll Up