«Էմ. Թի. Վի.»-ն` Արցախի Հանրապետութեան Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/05/tv-1_50416-300x225.jpg)
Այս օրերուն, նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական-տեղեկատու գրասենեակին, «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Թահքիք» յայտագիրի պատրաստութեան խումբը` գլխաւորութեամբ բեմադրիչ եւ հաղորդավար Քլոտ Ապի Նատեր-Հընտիի, կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն: Խումբին մաս կը կազմեն` Քլոտ Սֆէյր, Սինթիա Շիտիաք, Անթոնի Մըրշաք, ինչպէս նաեւ տեղեկատու գրասենեակին կողմէ խումբին կ՛ընկերանայ «Ազդակ»-ի լիբանանեան լուրերու բաժինի խմբագիր Արշօ Պալեան:
Արցախի Հանրապետութեան 25-ամեակին առիթով` «Էմ. Թի. Վի.»-ի խումբը, իր մէկ շաբթուան կեցութեան ընթացքին կը պատրաստէ փաստագրական յատուկ ժապաւէն մը, որ ի մօտոյ պիտի հեռարձակուի «Էմ. Թի. Վի.»-ի «Թահքիք» յայտագիրէն: Յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը փոխանցուին յառաջիկային:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: