Կայացաւ Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդի Կազմակերպած Ամէնամեայ Ընթրիքը. Տեսանիւթ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/01/Ֆրանսուա-Օլանդ.jpg)
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ Յունուար 28-ի երեկոյեան մասնակցած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի ամէնամեայ ընթրիքին:
Ինչպէս կը յայտնէ «Հայերն այսօր»-ը` վկայակոչելով Nouvelles d’Armռnie-ն, ընթրիքը կայացած է Փարիզի «Hօtel du Collectionneur» հիւրանոցին մէջ` Ֆրանսուա Օլանտի աջակցութեամբ: Հանդիսաւոր ընթրիքի ընթացքին քննարկուած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծիրէն ներս կայացած ձեռնարկները, ատոր ժխտման դէմ պայքարը եւ մարդու իրաւունքներուն ու անվտանգութեան վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայերու խնդիրներուն:
Ֆրանսուա Օլանտի ելոյթի տեսագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ: