Արամ Աթէշեան կը մեկնի Անթիլիաս` մասնակցելու միւռոնօրհնէքին

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան շաբթուան վերջը կ’այցելէ Անթիլիաս` մասնակցելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայոց Արամ Ա կաթողիկոսի նախագահութեամբ կատարուելիք միւռոնօրհնէքի արարողութեան:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին կը տեղեկացնէ Սթամպուլի հայկական «Ժամանակ» պարբերականը: Հայկական պարբերականի ենթադրութիւններով` Արամ Աթէշեանի ուղեւորութիւնը հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ այն տեսանկիւնէն, որ Անթիլիասի եւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի միջեւ այս շրջանին կան որոշակի չբարձրաձայնուած տարաձայնութիւններ:
«Թէպէտ երկու կողմն ալ պաշտօնական մակարդակի վրայ չեն ցանկար բարձրաձայնել ատոնց մասին, սակայն յայտնի է, որ Սիսի կաթողիկոսարանը յետ վերադարձնելու Արամ Առաջինի քայլը Պոլսոյ Աթոռի կողմէ վերապահօրէն ընդունուած է: Պոլսոյ պատրիարքարանի անհանգստութիւնը մասնաւորապէս կապուած է այն հանգամանքին հետ, որ դատական հայց ներկայացնելէ առաջ Անթիլիասը բացարձակ կապ չէ պահպանած իր հետ: Նման իրավիճակի մէջ Արամ Առաջինի եւ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի տեսակցութիւնը կրնայ առիթ դառնալ տուեալ խնդիրի արծարծման համար»,- կը գրէ «Ժամանակը»: