Ռապըրթ Մեհրապեան Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Մէջ Գործող Ընկերութեանց Ամենաբարձր Վարձատրութիւնը Ստացող Տնօրէններէն Է

 Լոս Անճելըսի, Կլենտէյլի, Պըրպենքի, Սանթա Քլարայի, Քոնեհօ հովիտի, Սիմի հովիտի, Սան Ֆերնանտոյի, Քալապասասի, Ակուրա Հիլզի եւ Էնկըլոփ հովիտի գործարարական լուրերուն նուիրուած «Սան Ֆերնանտօ Վելի Պիզնըս Ճուրնըլ»ի Յուլիս 8-21 թիւին մէջ լոյս տեսած է շրջանին մէջ գործող ընկերութեանց ամենաբարձր վարձատրութիւնը ստացող տնօրէններու ցանկը:

25 հոգինոց ցանկը կը գլխաւորէ «Ուոլթ Տիզնի» ընկերութեան տնօրէն Ռապըրթ Այկըր (տարեկան 74.2 միլիոն տոլար), իսկ ցանկին վրայ 15րդ դիրքը կը գրաւէ «Թելտայն Թեքնոլոճիզ» ընկերութեան տնօրէն Ռապըրթ Մեհրապեանը:

Ըստ «Ուիքիփիտիա»ի՝ Ռապըրթ Մեհրապեան ծնած է 1941ին, Թեհրան, ու 17 տարեկանէն Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է: Ան դոկտորական ուսումը ամբողջացուցած է Մեսեչուսեցի ճարտարագիտական հիմնարկին մէջ (MIT) ու 1990-1997 տարիներուն եղած է Փիցպըրկի «Քարնըկի Մելըն» համալսարանի տնօրէնը: Նախապէս ան դասաւանդած է զանազան համալսարաններու մէջ ու ներկայիս նաեւ Mellon Financial Corporation-ի ու PPG Industries-ի վարիչն է:

asbarez.com

Scroll Up