Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի Ամավերջի Հանդէսը

Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ 9 Յունիս, 2013ին, կէսօրէն ետք ժամը 1-ին, եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, ներկայութեամբ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի, հոգաբարձական կազմին, պատուոյ հիւրերու եւ ծնողներու։

Հանդէսի բացման խօսքը կատարեց դպրոցի տեսուչ Ռաֆֆի Թորոսեան. «Ահա տարի մը եւս բոլորեցինք միասին՝ հովիւ, հոգաբարձութիւն, ուսուցչակազմ, աշակերտ եւ ծնողք, ձեռք-ձեռքի, սիրտ-սիրտի, համագործակցութեամբ եւ ներդաշնակ համերաշխութեամբ օրհնուած։ Արդէն 2012-2013 տարեշրջանն ալ կ՛անցնի պատմութեան էջերը՝ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի 31 տարիներու ոսկի մանեակին վրայ օղակ մը եւս աւելցնելով։ Նուիրական այս գործը սահման չի ճանչնար, սիրելիներ, այսօր մարդկութիւնը ընդհանրապէս հեռացած է Աստուծմէ. Ամերիկայի, մեր հայրենիքի եւ ամբողջ աշխարհին մէջ զԱստուած հանած ենք մեր դպրոցներէն, մեր ընտանիքներէն եւ մեր կեանքէն, դուրս եւ կը վազենք դրամի, հաճոյքի եւ փառքի ետեւէն, մէկ խօսքով՝ մոռցած ենք յաւիտենական ճշմարիտ Աստուածը եւ յարած անցողակի ու խափուսիկ այս աշխարհին, եւ տակաւին կ՛ուզենք, որ Աստուած օրհնէ մեր կեանքը, մեր ընտանիքները եւ մեր ապագան։ Սիրելինե՛ր, ահաւասիկ հոս է կարեւորութիւնը հայ եկեղեցւոյ, Կիրակնօրեայ դպրոցին եւ հոգեւոր դաստիարակութեան։ Վահան Թէքէեան կ՛ըսէ. «Եկեղեցին հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս»։ Մեր հոգին, զոր Աստուած ստեղծեց Իր պատկերով, ետ պիտի դառնայ Աստուծոյ։ Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ կենաց հացը. ան, որ ինծի կու գայ, երբե՛ք պիտի չանօթենայ եւ այն, որ ինծի կը հաւատայ, պիտի չծարաւի»։ Այս հաւատքով մնանք մինչեւ վերջ»:

Տեսուչը շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան, որոնք սատար կը հանդիսանան այս նուիրական գործին։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչուհիներուն, որոնք անխոնջ եւ մեծ զոհողութեամբ կ՛աշխատին, ինչպէս նաեւ ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահած են Կիրակնօրեայ դպրոցին։

Տեսուչը իր խօսքի աւարտին բեմ հրաւիրեց օրուան հանդիսավարը՝ Կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչուհիներէն Ճենա Ղազարեանը։ Ան իր սրտի խօսքը փոխանցեց բոլոր ներկաներուն՝ ըսելով, որ Աստուածաշունչին մէջ գրուած է, թէ Յիսուս միշտ կ՛աղօթէր առտու-իրիկուն, բոլորիս համար, եւ կ՛ուզէ, որ մենք չհեռանանք այս սուրբ գործէն եւ հետեւինք Իր քայլերուն։

Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նախակրթարանի եւ երէց կարգի աշակերտները՝ արտասանելով 67-րդ Սաղմոսը, առաջնորդութեամբ Լուսինէ եւ Անի Մարապեաններու։ Անոնք երգեցին երկու շարականներ՝ «Մարմին Տէրունական»ը եւ «Քրիստոս ի մէջ»ը, առաջնորդութեամբ Մարի Խաչերեանի, նաեւ երգեցին «Ձայնդ վերցուր» երգը՝ առաջնորդութեամբ Կարօ Պէքէրեանի։ Իսկ ընդհանուր աշակերտութիւնը երգեց «Մեր Հայրենիք»ը եւ «Մեսրոպ Մաշտոցի ԱԲԳ»ը։ Քրիստինէ Խոսրովեան կարդաց Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքին ու գործունէութեան մասին, առաջնորդութեամբ Աւօ Գապակչուզեանի։

Մանկապարտէզի աշակերտները երգեցին «Սիրականիս» եւ «Սքանչելի է անոր անունը», արտասանեցին «Հաւատով Խոստովանիմ»ը, «Մայրենի տօնն է» եւ «Մօր ձեռքերը»՝ առաջնորդութեամբ Հայկան Մկրչեանի եւ Մարգրիտ Շամլեանի։

Հայկական պարը առաջնորդեց տհոլի վրայ փոքրիկն Գէորգ Մկրչեանը, որ նուագեց եւ պարեց։ Երան Մկրչեանը մեծ աշխատանք տարած էր աշակերտներուն ներկայացուցած գեղարուեստական բաժինին մէջ։ Ապա մայրերու նուիրուած «Մայրիկիս» բանաստեղծութիւնը արտասանեց Քրիստինէ Խոսվորեանը։
Աւարտին, տեսուչը բեմ հրաւիրեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանը, որպէսզի իր խօսքն ու հայրական օրհնութիւնը փոխանցէ ներկաներուն։ Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ. «Այսօր Կիրակնօրեայ դպրոցի ամավերջի հանդէսին առիթով կը շնորհաւորեմ տեսուչ Ռաֆֆի Թորոսեանը եւ ուսուցչակազմը, նաեւ կը գնահատեմ իրենց անձնազոհ ծառայութիւնը եւ անխոնջ աշխատանքը։ Հայկական առածը կ՛ըսէ՝ ծուռ նստինք, շիտակ խօսինք: Այս պարագային՝ շիտակ նստինք եւ շիտակ խօսինք. հիմա բոլորդ ալ ներկայ էք, տեսաք եւ լսեցիք արտասանուած սաղմոսները, երգուած շարականները, երգերը, արտասանութիւնները, պարը, զորս մեզի հրամցուցին չորս տարեկանէն մինչեւ բարձրագոյնի աշակերտները։  Փառք քեզի, Աստուա՛ծ, ահաւասիկ Կիրակնօրեան այս մանուկներուն կը սորվեցնէ Աստուծոյ ճամբան եւ հնազանդութիւնը. ասիկա ո՛չ մէկը կրնայ տալ՝ ո՛չ ես, ո՛չ հոգաբարձութիւնը։ Ես համոզուած եմ, որ վաղը այս պզտիկները պիտի մեծնան եւ Ս. Հոգիի առաջնորդութեամբ իրենք պիտի շարունակեն Կիրակնօրեայ դպրոցը։ Աստուած օրհնէ ձեզ բոլո՛րդ: Իմ եւ հոգաբարձութեան անունով կը շնորհաւորեմ տեսուչն ու ուսուցչակազմը, աշակերտները եւ ծնողները, որ միշտ վառ պահէք հայ ազգը եւ հայ մշակոյթը»։

Ապա տեսուչը բեմ հրաւիրեց Ֆիմի Կաճեանը, իբրեւ երէց մայր Կիրակնօրեայ դպրոցէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ Հայկան Մկրչեանը, եւ անոնց տրուեցան ծաղկեփունջ ու հոգեւոր հովիւին կողմէ յուշանուէրներ՝ իրենց տարիներու ծառայութեան, զոհողութեան եւ համբերութեան համար։
Կիրակնօրեան իր դռները պիտի բանայ Սեպտեմբեր 15, 2013ին։

asbarez.com

0703stgarabed1-300x200 0703stgarabed2-300x200 0703stgarabed3-300x248 0703stgarabed4-300x200

Scroll Up