ԼՕԽ-ի Նորակառոյց «Ալեքսան Եւ Արաքսի Գլպաշեան» Կազդուրման Կայանի Հանդիսաւոր Բացում
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբին յուլիս 7-ին Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի նորակառոյց «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի բացման հանդիսութիւնը:
Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, գիւղի հոգեւոր հայրերը, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետները, Գլպաշեան ընտանիքի անդամները, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամները, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հիւրեր:
Բացման խօսքը արտասանեց ընկերային յանձնախումբի ատենապետ Մարօ Թազեան, որ յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց Գլպաշեան ընտանիքին, որուն ազնիւ բարերարութեան շնորհիւ կարելի եղաւ «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի կառուցման իրականացումը: Ան ըսաւ. «Դիւրին չեղաւ այս կեդրոնը կեանքի կոչելը, բարերար ընտանիքին եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբի ընկերուհիներուն յարատեւ աշխատանքին շնորհիւ նախաձեռնութիւն մը կը դառնայ իրագործելի, եւ մենք այսօր կ՛ապրինք հոգեկան ցնծութեան եւ պարծանքի պահեր»:
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի պատմականը ներկայացուց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մարալ Յովհաննէսեան` անդրադառնալով առանց խտրութեան ազգին բոլոր զաւակներուն նկատմամբ միութեան տարած աշխատանքներուն եւ ծառայութիւններուն: Ան կատարեց նաեւ ԼՕԽ-ի կազդուրման կայանի նախաձեռնութեան պատմականը` ընդգծելով անոր նպատակը, որուն միջոցով փոքրիկները ոչ միայն կը կազդուրուին, այլ նաեւ ԼՕԽ-ի հայապահպան նպատակին շնորհիւ անոնք տուն կը վերադառնան դաստիարակիչ եւ կենցաղավարական գիտելիքներու կողքին ազգային եւ մշակութային ժառանգութեամբ հարստացած:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով Մարօ Չոլաքեան բարձրօրէն գնահատեց եւ գոհունակութեամբ ողջունեց Այնճար հայաւանին մէջ, ԼՕԽ-ի սեփական հողաշերտին վրայ բարձրացած, լիբանանահայ փոքրիկներու համար կազդուրման կայանի կառուցման ծրագիրի իրականացումը, որ կարելի եղաւ Գլպաշեան ընտանիքի բարերարութեան շնորհիւ:
Ան շարունակեց ըսելով, որ այս կայանը պիտի ըլլայ ոչ միայն նոր սերունդի ֆիզիքական բարելաւման ազդակ, այլ նաեւ հայեցի դաստիարակութեան եւ հայ մշակոյթին ծանօթանալու կեդրոն մը:
Յակոբ Գլպաշեան բարերար ընտանիքին անունով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք աջակցեցան այս ծրագիրին յաջողութեան եւ իրագործման: Ան ըսաւ, որ այս կեդրոնի կառուցումը եղած է իրենց երկար տարիներու փափաքը` ի յիշատակ իրենց ծնողներուն:
Ան շարունակեց ըսելով, որ իրենց փափաքն է ստեղծել կեդրոն մը, ուր հաւաքուին սփիւռքի փոքրիկներն ու երիտասարդները եւ վերանորոգեն իրենց ազգային արժէքներն ու սկզբունքները:
Այնուհետեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան իր պատգամին մէջ նկատել տուաւ, որ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը հիմնուեցաւ, երբ հայ ժողովուրդը կ՛ապրէր ճգնաժամային պահեր, ան հոգաց, կը շարունակէ հոգալ եւ օգնութեան ձեռք երկարել հոն, ուր ժողովուրդի զաւակները կարիք ունին օգնութեան: Ան նաեւ ընդգծեց, որ ԼՕԽ-ի կազդուրման կայանը հաստատութիւն մըն է, որ կը հոգայ գաղութի փոքրերուն հայաշնորհ աճումը եւ դաստիարակութիւնը` դարձնելով զանոնք մեր ազգին առողջ տառերը: Ան յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց Գլպաշեան ընտանիքի անդամներուն, որոնք յարգեցին իրենց խոստումը` փոխանցելով մեզի այս կեդրոնը, իբրեւ յարգանք մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Սրբազան հայրը իր խօսքը աւարտեց գնահատելով Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն եւ քաղաքապետութիւնը, որոնք դժուար եւ ուրախ օրերուն կ՛ընդունին եւ կը հիւրասիրեն բոլոր հայորդիները` հոգալով անոնց պէտքերը:
Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը աւարտեցաւ հոգեւոր պետերու աղօթքով եւ օրհնութեամբ:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
«Ազդակ»