Քալիֆորնիոյ Նահանգային Ծերակոյտը Վաւերացուց Ցեղասպանութեան Դասաւանդման Բանաձեւը
րեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը Երեքշաբթի, Օգոստոս 26ի երեկոյեան, միաձայնութեամբ (36-0) վաւերացուցած է Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդման առնչուող «AB 1915» բանաձեւը։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան դրուատեց Ծերակոյտին որոշումը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով յատկապէս ծերակուտականներ Քեւըն Տէ Լէոնի ու Մարք Ուիլընտի, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամներ Ատրին Նազարեանի եւ Խաչօ Աշաճեանի։
Յայտնենք, թէ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանը եւս միաձայնութեամբ (77-0) վաւերացուցած էր երեսփոխան Ատրին Նազարեանի եւ Խաչօ Աշաճեանի համահեղինակած բանաձեւը, որ կը պահանջէ Հայկական Ցեղասպանութեան դասանիւթը ներառել պետական վարժարաններու 7-12 դասարաններու ընկերային գիտութեանց նիւթի դասաւանդութեանց մէջ, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ընէ Քալիֆորնիոյ կրթական նախարարութեան, որ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին հրատարակութիւններ կատարէ եւ դասաւանդման յատուկ նիւթեր պատրաստէ:
Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի Կրթական հարցերու յանձնախումբը Յունիս 18ին վաւերացուց բանաձեւը, որ նաեւ կը քաջալերէ կրթական մարզի պատասխանատուները՝ մարդկային իրաւանց վերաբերող նիւթեր դասաւանդելու ընթացքին ներառելու բանաւոր պատմութիւններ՝ Ողջակիզումէն, Հայկական Ցեղասպանութենէն, ինչպէս նաեւ Քամպոտիոյ, Տարֆուրի եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւններէն վերապրողներու յուշերէն:
Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիրը իրենց դպրոցական կրթական ծրագիրներուն մէջ ներառած են Ամերիկայի 11 նահանգներ՝ Քալիֆորնիա, Ճորճիա, Իլինոյ, Քենսըս, Մեսեչուսեց, Մինիսոթա, Նիւ Ճըրզի, Նիւ Եորք, Օհայօ, Ռոտ Այլընտ եւ Վըրճինիա: